ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Տասնամեակներէ ի վեր Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը քաղաքական, յարաբերական, քարոզչական, մշակութային հետեւողական աշխատանք կը ծաւալէ հանրային կարծիք ձեւաւորելով` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւը հաստատելու համար:
Այս շրջագիծէն ներս, անցնող տարիներուն արաբերէն բազմաթիւ հրատարակութիւններ լոյս տեսան` գործակցաբար Հայ Դատի բարեկամներու հետ, նոյն նպատակով յարաբերական աշխատանք ծաւալեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ Սուրիա հասած հայ ժողովուրդին օգնութեան ձեռք երկարած արաբ ցեղապետներուն հետ:
Այս աշխատանքները արդիւնաւորուեցան 13 Փետրուար 2020-ին, երբ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններու եւ սուրիահայ մտաւորականներու ջանքերով, Սուրիոյ խորհրդարանը, որ կը ներկայացնէ սուրիական ընկերութիւնը կազմող բոլոր բաղադրիչները, միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեց զայն, որպէս 20-րդ դարուն իրագործուած դաժան ոճրագործութիւն: Բանաձեւը կ՛արտացոլացնէ Սուրիոյ ժողովուրդին տարիներ առաջ ցուցաբերած մարդասիրական վսեմ վերաբերմունքը` ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիա ապաստանած հայութեան նկատմամբ:
Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային ընտանիքին որդերգելու նոյն կեցուածքը եւ դատապարտելու Թուրքիոյ կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը: Դար մը առաջ գործուած ոճիր մը, որ կը շարունակուի գործադրուիլ այսօր Սուրիոյ հողերուն վրայ, նոյն քաղաքականութեամբ, նոյն ոճով, նոյն ոտնձգութիւններով ու անօրէնութիւններով: Ի վերջոյ նոյն հեղինակն է, որ կը ստորագրէ երկու ոճրագործութիւններուն ներքեւ:
Սուրիահայութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը յայտնէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Սուրիոյ արդար պահանջներուն, անոր հողային ամբողջականութեան եւ այդ հողերուն վրայ իր գերիշխանութեան հաստատման: Մօտեցում մը, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն` սուրիական հայրենիքին նկատմամբ սուրիահայութեան դրսեւորած հայրենասիրական մօտեցումներով:
Արձանագրուած այս քայլը Հայ Դատի աշխատանքներուն շրջագիծէն ներս առնուած քայլ մըն է, որ պիտի շարունակուի մինչեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցում, մինչեւ գրաւուած հողերու ազատագրում եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ հայրենիքի կերտում:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.