Սուրիոյ Համա շրջանին մէջ սպաննուած է Ճորճ Սարգիսեան

Շաբաթ, 23 Փետրուար 2019-ին Սուրիոյ Համա նահանգի Սքէլպիէ շրջանին ծայրամասին սպաննուած է հայազգի Ճորճ Սարգիսեան:

«Մահարտէ Ալ-Ան» դիմատետրի հարթակը կը նշէ, թէ կողոպուտի նպատակով յարձակումի ենթարկուած միջոցին սպաննուած է ան, որ շրջանին մէջ ծանօթ է իր բարի վարքով, ազնուութեամբ եւ համեստ վարմունքով:

Ճորճ Սարգիսեանի թաղման կարգը տեղի ունեցած է Կիրակի, 24 Փետրուարին, կէսօրուան ժամը մէկին, Յոյն Ուղղափառ Սրբոց Պօղոս եւ Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ:

Աղբիւրը նաեւ խստօրէն կը դատապարտէ արարքը եւ կոչ կ՚ուղղէ Սուրիոյ իշխանութեան, որ շուտով սկիզբ առնեն հարցաքննութիւններ այս ուղղութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.