Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւ ընդունեց

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց 20-րդ դարու ամենասոսկալի իրադարձութիւններէն մէկուն՝ ողջ մարդկութեան դէմ իրականցուած յանցագործութեան իրենց հայրենիքի մէջ 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծի հեղինակն է «Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողով»-ը, որ կը նախագահէ դոկտ. Նորա Արիսեանը:
20 յունուար 2020-ին, վերոնշեալ Յանձնաժողովը, գումարեց իր արտահերթ նիստը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լայն քննարկման առարկայ դարձաւ: Այնուհետեւ, նիստի տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ Խորհրդարանի նախագահութեան, որպէսզի Խորհրդարանական ժողովի օրակարգի կէտ դառնայ: Արդարեւ, 13 փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանի նիստին օրակարգի վրայ տեղ գտաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը, որմէ ետք, աւելի քան մէկ ժամ տեւած ելոյթներուն մէջ սուրիացի երեսփոխանները արտայայտեցին իրենց թեզերը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին բանաձեւին:

դոկտ. Նորա Արիսեան այս մասին անդրադառնալով ֆէյսպուքի վրայ հետեւեալ գրառումը կատարած է.

«Նշեմ, որ բանաձեւին մէջ յստակօրէն կ’օգտագործուի «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառեզրը եւ զայն դատապարտելու ու ճանչնալու հանգամանքը: Բանաձեւի մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.

«Հիմնուելով պատմական իրականութեան վրայ, որ կը հաստատէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի վրայ 1915-1923-ի միջեւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը,
«Նկատի առնելով, որ ըստ սուրիական աղբիւրներուն՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ու ջարդերու մեծ մասը տեղի ունեցաւ սուրիական հողատարածքին վրայ: Արդ, սուրիացի ժողովուրդը դարձաւ ականատեսը այս ոճիրին, ուր 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին թուրք-օսմանցիներու հրամանով տեղի ունեցաւ 1.5 միլիոն հայերու կանխամտածուած ցեղասպանութիւնը,
«Սուրիոյ խորհրդարանը կը դատապարտէ եւ կը ճանչնայ հայերու ցեղասպանութեան ոճիրը, եւ իր խոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ եղբայրական հայ ժողովուրդին, ան նաեւ կը դատապարտէ պատմական իրողութիւնը ժխտող եւ խեղաթիւրող, որեւէ փորձ, զայն համարելով մարդկութեան դէմ ամենածանր ոճիրներէն մէկը:

«Խորհրդարանը կը հաստատէ, որ հայերը, ասորիները, եւ սուրիացի ժողովուրդի այլ մասնիկները զոհ դարձան այդ ժամանակաշրջանին թուրք-օսմանցիներու ձեռքով իրականացուած ջարդերու եւ ցեղային զտումին, եւ կոչ կ’ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան զայն ճանչնալու եւ դատապարտելու»:

Դոկտ. Արիսեան կ՚աւելցնէ, թէ Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւորները բուռն ու յոտնկայս ծափողջիւններով ողջունեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ան կը յայտնէ նաեւ, որ Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս, 2016-էն ի վեր քանի մը անգամ տարբեր առիթներով հնչած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ, ինչպէս՝ Նիտալ Հըմետիի, Սամիր Հաժժարի, Ալան Պաքըրի, դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ Օմար Աարուպի կողմէ: Գրառումի վերջաւորութեան դոկտ. Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Խորհրդարանի գործընկերներուն, որոնք չորս տարուան Խորհրդարանական նստաշրջանի ընթացքին զօրակցութիւն ու աջակցութիւն ցուցաբերեցին Հայ դատին ու յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին քուէարկուած բանաձեւին համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.