Սերունդներ և Էլիբեկեաններ

Թէև առիթը մասնակի է, սակայն նախ պիտի անդրադառնանք արուեստի մէջ գերդաստաններու բերած նպաստին և ապա էլիբեկեաններուն, որոնց երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ Արեգի հերթական մէկ անհատական ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, նոյեմբեր 16-ի երեկոյան ժամը 8-ին,«Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Մոնթրէալի Համազգային Հայ Կրթկան և Մշակութային Միութեան:

Հին մշակոյթներու մէջ պատահականութեան արդիւնք չէր կրնար ըլլալ, ստեղծագործելու գրեթէ նոյն սկզբունքներու երկարամեայ պահպանումն ու գոյատեւումը: Երաշխաւորուած աւանդական թապուներով: Անոնց խոհրդանշաններն ու արտայայտչաձևերը դարերու ընթացքին գրեթէ անփոփոխ մնացին յաճախ: Ինչպէս՝ փարաւոնական մշակոյթը, որու պարագային ստեղծագործական արհեստագիտութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուէր խիստ գաղտնի պայմաններու տակ, մենաշնորեալ   գերդաստաններու միջոցով, որոնք յաճախ առանձին թաղամասերու մէջ կ’ապրէին: Արուեստագէտներն ու անոնց ենթակայ արհեստաւորները, կը ղեկավարուէին վարպետաց-վարպետներով, որոնցմէ մէկը՝ Սենէթճէմը յատուկ կը յիշատակուի իբրև մեծ հեղինակութիւն, որ առանձնակի յարգանք ու ակնածանք կը վայելէր իշխանութեան և քրմական դասի մօտ: Դարերու ընթացքին նման աւանդական սկզբունքներով շարունակուած բազմաթիւ օրինակներ կան կերպարուեստի պատութեան մէջ: Ինչպէս. հելլենական «Թանակրա»յի քանդակները կամ հնդկական «Աճանտա»ի քարայր-տաճարներու որմնանկարները: Մեր պարագային եւս քիչ չեն օրինակները, սկսեալ Վանի Հին Հայկական Թագաւորութեան մշակոյթէն մինչև խաչքարային արուեստն ու գորգարուեստը: Ի դէպ այս երևոյթը աւելի բնորոշ է կիրառական արուեստներուն, ուր տեղանուններու շարքին յաճախ կը յիշատակուին նաև տոհմանուններ ինչպէս. Ֆրանսական «Կոպելէնները» և կամ ռուսական «Ֆապերժէներ»ն են: Մենք Հայերս չէինք կրնար բացառութիւն կազմել: Օրինակի համար Պոլսոյ մէջ նշանաւոր էին գորգագործ Շիրինեանները, իսկ Ախալցխայի մէջ՝ արծաթագործ Կոջոյեաները, որոնցմէ սերած է յայտնի գեղանկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը:

Արուեստի պատմութեան մէջ բազում տոհմերու կը հանդիպինք, որոնք տուած են քանի մը (երբեմն տասնեակէ մը աւելի) արուեստագէտներ:  Ինչպէս. Իտալական Անթոնելլօ և Պէրնինի, գերմանական Հոֆ և Հոլպէյն, ֆրանսական Պէրնէ և Պուտին, ինչպէս նաև ճափոնական Հոգոշօ և կամ  Թանաքա ընտանիքները:

Մեր առումով ամենանշանաւոր գերդաստանները Պոլսոյ Մանասէներն ու յատկապէս Թիֆլիսի Յովնաթանեաններն են: Այս վեջինները տուած են շուրջ տասնեակ մը պատկերահաններ, որոնց արտայայտչաձևերն ու երփնագրելու սկզբունքները շատ քիչ ենթարկուած են եղափոխութեան: Սակայն Խունունցներու, Բաժբէուք Մելիքեաններու և կամ Կիրակոսեաններու  պարագային այդպէս չէ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր առանձին ոճը ունի: Իսկ էլիբէկեանները, որոնք կը ներկայացնեն երեք սերունդ, իրենց արտայայտչաձևերով բոլորովին կը զանազանուին իրարմէ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական ստեղծագործական աշխարհը ունի անկախ միւսներէն: Եթէ անպայման ինչ որ ընդհանրութիւն պիտի ուզենք որոնել անոնց մէջ, ապա այդ մէկը սէրն ու ակնածանքն է հանդեպ ոգեղէն արժէքներու ու անոնց որոնման ու դրսեւորման ձգտումը:  Այնպէս որ հարկաւոր է ներկայացնել զիրենք առանձին-առանձին:

Վաղարշակ Էլիբեկեան

Գեղանկարչական «Նախնական» (primitive) արուեստի մէջ իր ուրոյն պատուանդանը հաստատած այս անձնաւորութեան, քանի մը անգամ հանդիպելու պատեհութիւնը ունեցած եմ եօթանասունական թուականներուն, իր երկրորդ ուստրին, իմ լաւ ընկերոջ՝ Ռոբերտի տունը կամ արուեստանոցը: Վրաս ձգած է ծանրախոհ մարդու,  բազմակողմանիօրէն զարգացած մտաւորականի եւ ինքնավստահ արուեստագէտի տպաւորութիւն: Ան ծնած է Թիֆլիս 1910-ին: Մասնագիտութեամբ Թատերական գործիչ (երկար տարիներ վարած է Թիֆլիսի Հայկական Թատրոնի տնօրէնի պաշտօնը) ըլլալը զինք չէ խանգարած որպէսզի զուգահեռաբար զբաղուի նաև գեղանկարչութեամբ իբրև երկրորդ մասնագիտութիւն: Ան գեղեցկօրէն պատկերած է Թիֆլիսի (ի մասնաւորի Հավլաբարի հայկական թաղամասի) մօտիկ անցեալի առօրեան, միջավայրը, կենցաղն ու սովորութիւնները ազգագրագէտի մը բծախնրութեամբ ու մանրամասնութեամբ: Ոճը ինքնատիպ է ու հաղորդական, համադրումները՝ ներդաշնակ են ու գեղեցիկ իսկ արտայայտչականութիւնը՝ անմիջական ու գրաւիչ: Անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած ու գնահատուած են Գանատայէն, ԱՄՆ-էն ու Ֆրանսայէն մինչև Պէյրութ, Հնդկաստան ու Ճափոն ու հանգրուանած՝ շարք մը թանգարաններէ ներս, ինչպէս՝ Մոսկուայի Արևելեան Արուեստներու Թանգարանը, Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահը, Երևանի Ժամանակից Արուեստի Թանգարանը, Վրաստանի Ազգային Պատկերասրահը, Լիթվանիոյ Ազգային Պատկերասրահը, ևայլն:

Հենրիկ Էլիբեկեան

Օժտուած արտակեդրոն խառնուածքով և իր խառնուածքին համապատասխան խայտաբղէտ ոճերով արտայայտուող այս կերպարուէստագէտը ծնած է 1936-ին, Թիֆլիս: 1967-ին աւարտելէ ետք Երևանի Գեղարուեստաթատերական Բարձրագոյն Հիմնարկը կը նուիրուի ստեղծագործական կեանքի, որու ընթացքին կը շարունակէ մնալ բեղմնաւոր որոնումներու մէջ: Իսկ հասնելու համար առաւելագոյն արդիւնքներու, ան կ’իրագործէ նաև յանդուգն ու նոյնիսկ առտարոց «զետեղումներ» (Installation) ու «կատարումներ» (Happening): Ահաւասիկ թէ ինչու’ ան խտրութիւն չի դներ արուեստի ուղղութիւներու միջև սկսեալ վերացականութենէն մինչև գերիրապաշտութիւնն ու մտայղացքայինը (conceptuel): Անոր գործերէն շատեր ներառնուած են կարեւոր հաւաքածոներու մէջ, ինչպէս՝ Վրաստանի Ազգային Պատկերասրահը, Մոսկուայի Արևելեան Արուեստներու Թանգարանը, Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահը, Երևանի Ժամանակից Արուեստի Թանգարանը, ևայլն:

Ռոբերտ Էլիբեկեան

????????????????????????????????????

Եթէ քանի մը բառով պիտի ուզենք բնորոշել այս իւրայատուկ երփնագրողի ստեծագործական աւանդը ապա լաւ կ’ըլլայ որ դիմենք Մինաս Աւետիսեանին: Ան կ’ըսէ. «Ռոբերտ Էլիբեկեանը մեր նկարչութեանը տուեց ազնուականութեան փայլ» ու կ’աւելցնէ «Ան արքայական ճաշակ ունի» Այո’ Ռոբերտը հայ միջնադարեան մանրանկարչութենէն առհաւականօրէն ժառանգած վսեմ գունազգացողութիւնը պարուրեց լուսերանգներու ազնուականութեամբ ու գեղարուեստականօրէն կամրջեց հայրենի գեղանկաչութեան անցեալը ներկայի հետ: Մարտիրոս Սարեան, Մինաս Աւետիսեան և Ռոպերտ Էլիբեկեան. երրեակ տարբեր անհատականութեան տէր արուեստագէտներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստեղծեց երփներանգ ու ինքնատիպ աշխարհ մը: Եակուլով, Ալ. Բաժբէուք Մելիքեան և Ռոպերտ Էլիբեկեան ուրիշ երրեակ մը, որոնցմէ իրաքանչիւրը ուրոյն ձևով ընկալեց թատերայինը կեանքի մէջ ու դրսևորեց զայն իբրև գեղանկարչական յղացք: Սակայն այս պարագային թատերային  հասկացողութիւնը չշփոթէք Mannerism-ի հետ, որովհետև «մանիէրիզմը» կեանքը կը թատերականացնէր իսկ յիշեալ երրեակը թատերայինը կը վերակենդանացնեն գեղագիտական ոլորտներու մէջ ու ապա միայն կը վերադարձնեն կեանքին: Այս առումով Ռոպերտ թէև ունեցաւ իր նախորդները, սակայն ինք տարբերուեցաւ անոնցմէ մասնաւորաբար իր «արքայական ճաշակով»: Անընդհատ բիւրեղացման հետամուտ այս արուետագէտը իր ստեղծագործական ողջ գործընթացի ընթացքին ոչ միայն պահեց գեղագիտական ազնուականութիւնն ու աքայական ճաշակը. այլ նաև փոխանցեց զանոնք հետագայ սերունդներուն: Ահաւասիկ թէ ինչո’ւ քսանէ աւելի թատրոնի, Օփերայի, և կամ թատերապարի ներկայացումներու բեմական ձևաւորումները վստահուած են իրեն: Ինչպէս՝ «Թրավյաթա», «Տոն Քիշոտ», «Գայեանէ», «Պայացներ», «Անտունի», «Լոյսի Սինֆոնիա», ևայլն:

Անոր ստեղծագործութիւնները մնայուն ցուցադրութեան արժանացած են շարք մը հեղինակաւոր պատկերսրահներու ու թանգարաններու մէջ: Ինչպէս՝ Մոսկուայի «Թրեդիակով»ի անուան պատկերասրահը,», Ուաշինկթընի «Սպիտակ Տան Հաւաքածոն», «Փարիզի Էլիզէի Պալատը», Վրաստանի «Ժամանակակից Արուեստներու Թանգարանը», Երևանի «Փարաջանովի Անուան Թանգարանը», Փեթերսպուրկի «Ազգային Պատկերասրահը», Հայաստանի «Ազգային Պատկերասրահը», Մոսկուայի «Արևելեան Արուեստներու Պատկերարահը», ևայլն:

Արեգ Էլիբեկեան     

Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը Երևանի մէջ անցընելէ և հոն մասնագիտական կրթութիւն ստանալէ ետք, Արեգ քսաներկու տարեկանին կը տեղափոխուի Մոնթրէալ, ուր թէև մշտական բնակութիւն կը հաստատէ, սակայն արեան պորտալարով ամրօրէն կապուած կը մնայ ծննդավայրին հետ: Ընթացքին ան պարբերաբար կ’այցելէ նաև Փարիզ, ուր ոչ միայն կը սերտէ արուեստը (յատկապէս տպաւորապաշտ ու յետ-տպաւորապաշտ սերունդի ստեղծագործական աւանդները), այլև երբեմն երկար ժամանակով կ’ապրի և կը ստեղծագործէ հոն: Ահաւասիկ թէ ինչո’ւ անոր արուեստին հաղորդուելու և զայն լաւապէս ըմբռնելու համար հարկաւոր է վկայակոչել հայկական, ֆրանսական և գանատական մշակոյթները զուգահեռաբար: Արեգ այնքան տարուած կը թուի ըլլալ բնութեան հմայքով ու գեղեցկութեամբ, որ երբ կը պատկերէ քաղաքային տեսարաններ, անոր արհեստավարժ վրձինի հարուածներուն տակ փողոցները, սրճարանները, նաւակները,  կամուջներն ու այլ յարակից կառոյցներ իրենց ձևոյթներով ու գունաշխարհով կը մերուին առօրեայ կեանքին ու բնութեան, առանց միջամտելու միջավայրի բնականութեան: Բնութիւնը առանցքային դեր կը կատարէ Արեգի ստեղծագործական կեանքէն ներս: Ըլլայ Հայաստանի թէ Գանատայի  բնաշխարհը իրենց գունագեղութեամբ ու հրդեհուած գեղեցկութեմբ կ’առինքնեն ու կը նեշնչեն զինք յատկապէս՝ աշնան եղանակներուն: Այս առումով անոր վերջին բնանկարներու մէջ կը նչմարուի լուսերանգներու յաւելեալ կենսունսկութիւն և աշխուժութիւն:

Յայտնի արուեստագէտ է արդէն Արեգ Էլիբեկեան: Անոր գործերը ցուցադրուած են աշխարհի տարբեր ոստաններու մէջ: Ինչպէս՝ Երևան, Պէյրութ, Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Պոսթըն, Փարիզ, ՆիւԵորք, Պրուքսել, Տալլաս, Հաւանա, Ֆիլատելֆիա, ևայլն: Իսկ իր գեղանկարներէն շատեր ներառնուած են Հայաստանի, Ֆրանսայի, Գանատայի և ԱՄՆ-ի շարք մը կարևոր հաւաքածոներէ ներս:

Վաղարշակ Էլիբեկեան կրտսեր

Կրտսեր Վաղարշակը թէև էութեամբ վերացապաշտ է հօրը՝ Հենրիկի նման, սակայն իր արտայայտչաձևերով ու բովանդակութեամբ ստեղծագործական ուրիշ ճանապարհներով կ’ընթանայ: Անոր տաք ու պայծառ գունազգացողութիւնը իր ներդաշնակ խաղերով, Հայաստանի արևոտ միջավայրի ու մօտիկ անցեալի գեղանկարչական աւանդներէն կու գան ու կը տարածուին վերացարկուած  ոլորտներու վրայ: Իսկ կերպերն ու ձևոյթները կ’իջնեն մինչև պատմութեան խորքերն ու կը բխին կարծէք նախնադարեան ժայռապատկերներէն ձևազեղծուած խորհրդանշաններու նման:

Էլիբեկեաններու տաղանդաւոր գերդաստանի երրորդ սերունդի շնորհալի ներկայացուցիչներէն է նաևՎաղարշակ, որուն գործերէն շատեր ցուցադրուած են տարբեր երկիրներու արուեստի կեդրոններու մէջ ու արժանացած ջերմ ընդունելութեան ու գնահատանքներու:

Ստեղծագործական իր ուղին ճշդած այս նկարիչը, իր գեղարուեստական որոնումներու ընթացքին կը ձգտի առաւել ներդաշնակութեան ու հասունութեան:

                                                                                                Մովսէս Ծիրանի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.