Սերժ Սարգսեան. «Նոր Սահմանադրութեան սկիզբը՝ Ալիեւի ոճով, շարունակութիւնը՝ Փաշինեանի»
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան ուրբաթ, 27 նոյեմբերին, քննադատեց Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը՝ համակարծիք գտնուելով սահմանադրագէտ Վարդան Պօղոսեանի այն գնահատականին, որ նախագիծին առաջին բաժինը կ՚արտացոլացնէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջները, իսկ շարունակութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական նպատակադրումները։
Դատական նիստէ մը առաջ լրագրողներու հետ զրուցելով՝ Սարգսեան յայտնեց, որ Պօղոսեան շատ դիպուկ բնորոշած է նախագիծը՝ անոր սկիզբը նկատելով Ալիեւի, իսկ շարունակութիւնը՝ Փաշինեանի ոճով շարադրուած։ Երրորդ նախագահը աւելցուց, որ այս գնահատականին վրայ աւելցնելիք չունի։
Նոյեմբեր 23-ին հրապարակուած Սահմանադրութեան նախագիծին ամենէն վիճայարոյց դրոյթներէն մէկը Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին յղումին ամբողջական վերացումն է։ Հռչակագիրը կը բովանդակէ արցախեան հիմնահարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առնչուող հիմնադրոյթներ, որոնք տարիներէ ի վեր Հայաստանի պետական մտածողութեան առանցքային բաղադրիչներէն եղած են։
Նախագիծը նաեւ կը նախատեսէ դատական համակարգին, քաղաքացիութեան, տեղեկատուութեան մատչելիութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ հետ պետութեան յարաբերութիւններուն առնչուող փոփոխութիւններ։
Փաշինեան նոր Սահմանադրութեան ընդունումը կը ներկայացնէ իբրեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման նախադրեալ։ Ընդդիմադիր ուժերը, սակայն, վճռականօրէն կը մերժեն այս հիմնաւորումը՝ մատնանշելով, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջը նախ եւ առաջ առաջադրուած է Պաքուի կողմէ։
Նոյեմբեր 25-ին ընդդիմադիր ուժերը համատեղ յայտարարութեամբ վերահաստատեցին իշխանութիւններուն նախաձեռնած սահմանադրական գործընթացին իրենց ընդդիմութիւնը։