Սաղաթէլեան. «Փելոսիի Հետ Խօսեցանք Ազրպէյճանին Օգնութիւնը Դադրեցնելու Անհրաժեշտութեան Մասին»

Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսին երէկ` կիրակի, 18 սեպտեմբերին  հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն հետ:

Հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանե

ան, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վահէ Յակոբեան, Աննա Գրիգորեան, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան, պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեան:

«Նենսի Փելոսիի հետ խօսեցանք Ազրպէյճանի նախայարձակումին մասին», հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Շատ յստակ փոխանցեցինք մեր դիրքորոշումը, որ Ազրպէյճանը, որ կը շարունակէ պատերազմը, մեզի համար անընդունելի է ամերիկեան պետութեան աջակցութիւնը Ազրպէյճանին: Խօսքը ռազմաքաղաքական աջակցութեան մասին է: Այդ պատճառով Ազրպէյճանը կը դառնայ աւելի սանձարձակ ու լկտի, կը շարունակէ նախայարձակումը Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ: Խօսեցանք 907 բանաձեւին եւ յաջորդ տարի օգնութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան մասին», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ քննարկուած է նաեւ հայ ռազմագերիներու մասին հարցը. «Խօսեցանք Հայաստանի ներքին ժողովրդավարութեան, Արցախի կարգավիճակին եւ բոլոր խնդիրներու մասին»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ 907 բանաձեւի մասին ի՞նչ դիրքորոշում յայտնած է Նենսի Փելոսին, Սաղաթէլեան ըսաւ. «907 բանաձեւի մասին ըսին, որ պիտի քննարկեն, միայն յայտարարութիւններով պիտի չբաւարարուին: Վերադարձէն ետք Քոնկրեսին մէջ պիտի քննարկուին եւ բարձրաձայնուին այս խնդիրները»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.