Սահմանամերձ Բերքաբեր Գիւղը Ոռոգման եւ Խմելու Ջուր Պիտի Ունենայ
- (0)

Սահմանամերձ Բերքաբերը շուտով խմելու եւ ոռոգման ջուր կ՛ունենայ։ Կ՛ընթանան կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող 46 միլիոն դրամ արժողութեամբ Աճարկուտ-Բերքաբեր 6,2 քմ․ երկարութեամբ, 110մմ տրամագծով ջրատարի կառուցման աշխատանքները, Ինչպէս նաեւ զտման կայանի եւ նոր ջրահաւաք կայանի կառուցումը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Տաւուշի մարզպետարանը իր ֆէյսպուքեան էջի միջոցով:
Բերքաբեր համայնքը շուտով պիտի ունենայ նաեւ երկվայրկեանը 6 լիթր ջուր, որ պիտի բաշխուի այգիներու ռոգման եւ կենցաղային նպատակներով:
Իջեւանի տարածաշրջանի սահմանամերձ Բերքաբեր գիւղը ոռոգման ջուր չունէր: Ապրելով 45 միլիոն խորանարդ մեթր տարողութեամբ Ջողազի ջրամբարի աջ ափին` գիւղի բնակիչները չէին օգտուեր այդ ջրամբարէն: Բերքաբերի մէջ նաեւ խմելու ջուրի հարց կայ: Գիւղացիք խմելու ջուր կը ստանան գիւղին կեդրոնը գտնուոց աղբիւրէն։ Բերքաբեր գիւղի բնակիչներուն խմելու ջուր կը տրուի երկու օրը մէկ, 2 ժամով: