Սահակ Արք. Մաշալեան Խստօրէն Դատապարտեց Պոլուի Թուրք Քաղաքապետին՝ Հայութեան Դէմ Արտայայտութիւնները

Պոլսոյ Սահակ Մաշալեան պատրիարքը խստօրէն դատապարտ Պոլուի քաղաքապետ, Ժողովրդավարական հանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ) անդամ Թանճու Օզճանի հակահայ արտայայտութիւնները, կը տեղեկացնէ «Ակօս» թերթը:

«5 Ապրիլին, Օզճան, դիմելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ապտալլա Օճալանին՝ «Էքս»ի էջին վրայ գրած էր հետեւեալը. «Կ՛ուզէի, որ հայու ծնունդ հայրդ («հայ» բառը օգտագործած է իբրեւ նուաստացնող հանգամանք – Խմբ.) քեզ չ՛արտօներ ծնիլ, Օճալա՛ն: Տայ Աստուած, որ ասիկա քու վերջին տարեդարձդ ըլլայ, դաւաճան…»։ Աւելի ուշ այդ հրապարակումը ջնջուած էր:

«Հայ համայնքը, որ դարերով ապրած է այդ տարածքներուն մէջ, այս երկրի բնիկ եւ անբաժանելի մասն է: Հինաւուրց ժողովուրդը, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային կարեւոր ներդրում ունեցած է այս երկրի զարգացման մէջ, այսօր եւս կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ», յայտարարեց Սահակ պատրիարքը՝ նշելով, որ ատելութեան խօսքի օրինականացումը եւ խտրական արտայայտութիւններու անտեսումը անթոյլատրելի են:

«Պատրիարքը իշխանութիւններուն եւ հանրութեան կոչ ուղղեց՝ աւելի պատասխանատու արտայայտութիւններ օգտագործելու», գրած է «Ակօս»ը: