Ռուբէն. Ֆետայական շարժման գաղափարախօսը, Հայկական Արեւելումին դրօշակիրը
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի մեր ժամանակներու պատմութեան գլխաւոր դարբիններէն կը հանդիսանայ Ռուբէն Տէր¬Մինասեան, որ 1951 թուականի Նոյեմբեր 27ի այս օրը, Փարիզի մէջ, առյաւէտ փակեց անսակարկ նուիրումի եւ անվհատ պայքարի մարտունակութեամբ մշտավառ իր աչքերը։
Յեղափոխական Հայն ու Դաշնակցական Ֆետային, ապա եւ՝ Ազգային Գաղափարախօսն ու Պետական Գործիչը, այլեւ ու մանաւանդ՝ Հայաստանի Հայացման եւ հայ քաղաքական մտքի Հայկական Արեւելումին պայծառատես դրօշակիրը միս ու ոսկոր կազմեցին Ռուբէնի անձին, գործին ու մտածողութեան մէջ։
Ազատամարտիկ յեղափոխականի մը սովորաբար տրուած կեանքի ժամանակէն երկար ապրեցաւ Ռուբէն, կռուի ճակատներուն վրայ չինկաւ, վերապրեցաւ ամէն կարգի կենաց-մահու ճակատումներէ, որպէսզի ի վիճակի ըլլայ առաջնորդելու եւ հունաւորելու իր այնքան պաշտած հայ ժողովուրդին վերապրումի երթը, հայոց նորահաս սերունդներուն Հայ Դատի մշտանորոգ պայքարը։
Արդարեւ, հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքին, հայ ազգային-ազատագրական շարժման յառաջխաղացքին եւ Հայաստանի անկախացման ու հայոց պետականութեան արմատաւորման ու հունաւորման գլխաւոր կերտիչներէն հանդիսացաւ Ռուբէն, որ արժանաւորապէս կը մարմնաւորէ թէ՛ հայ ֆետայական շարժման գաղափարախօսն ու բարոյախօսը, թէ՛ Հայաստանի հայացման ու Հայ Դատի պայքարը նպատակասլացութեամբ զինող հայկական արեւելումին դրօշակիրը։
Սեփական կեանք չունեցաւ Ռուբէն՝ այնքա՜ն շնորհալի իր անհատականութիւնը լիարժէք դրսեւորելու եւ անձնական ինքնահաստատման ասպարէզ մը նուաճելու իմաստով։ Նոյնիսկ երբ ընտանիք կազմեց, մնայուն ու սեփական երդիք չունեցաւ, այլ՝ կին ու երեխայ հետը առած, շրջեցաւ երկրէ երկիր՝ բնակութիւն հաստատելով հոն, ուր Դաշնակցական Գործը տարաւ զինք։
Երիտասարդ տարիքի իր ողջ ներուժը անմնացորդ նուիրաբերեց հայ ազգային¬ազատագրական պայքարին՝ Կարսի հնոցին եւ Վանի յեղափոխական բնօրրանին մէջ իր կազմաւորումէն մինչեւ Սասնոյ ազատամարտին ղեկավարումը, 1907էն սկսեալ, ու Տարօնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն զինուորական հրամանատարութիւնը՝ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն։
Յեղափոխական յանդուգն գործիչի, գաղափարի աննկուն մարտիկի եւ քաջարի հայդուկապետի իր մեծ կենսափորձն ու հասունութիւնը Ռուբէն ամբողջապէս եւ արժանաւորապէս նուիրագործեց՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակաշրջանին, 1917էն 1922 երկարող տարիներու ծանրակշիռ վերիվայրումներու յաղթահարումին։ Արժանաւորապէս իր տեղը նուաճեց մանաւա՛նդ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներու փաղանգին մէջ՝ մեծագոյն ներդրումներէն մէկը ունենալով հայոց նորաստեղծ պետականութեան հիմերու ամրապնդման առումով, իր անունին կապելով Հայաստանի հայացումը, հայոց բանակին հզօրացումը եւ հայրենի պետական ամրոցին մաքրագործումը ներքին ցեցերէ՝ թուրք¬թաթար թէ հայ պոլշեւիկ խռովարարներէ։
Ռուբէնի կեանքին ու մեծագործութեան դափնեպսակը լուսաւորելու եկաւ, տարագրութեան շուրջ երեսնամեայ երկարատեւ շրջանին՝ 1922էն 1951, հայ ազատագրական շարժման ազգային¬քաղաքական, յեղափոխական¬գաղափարական եւ կազմակերպական¬բարոյական աւանդներուն բաց ճակատով ու խորասոյզ հայեացքով տէր ու արթուն պահակ կանգնելու մտաւորական մեծ թռիչքը։
1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր ժողովին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընտրուած՝ Ռուբէն մինչեւ մահ շարունակեց կանգուն մնալ ու գործել այդ պատասխանատուութեան վրայ, դաշնակցական սկզբունքայնութեան, հետեւողականութեան եւ ինքնահաւատարմութեան անզուգական դրօշակիրն ու յառաջապահ Ուսուցիչը հանդիսանալով։
Վերջապէս, իր մշակած քաղաքական գրականութեամբ, Ռուբէն ուղղակի ճամբայ հարթեց եւ ազգային միասնական ռազմավարութեան ուղին հունաւորեց՝ Հայաստանի խորհրդայնացման հետեւած հայ քաղաքական մտքի խոր պառակտման դաժան ժամանակաշրջանին։
Ռուբէն առաջնորդեց Հայկական Արեւելումի ռազմավարութիւնը այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ ազգային ու ապազգային, ժողովրդավարական եւ ամբողջատիրական, յեղափոխական ու քաղքենիական հոսանքներու եւ արեւելումներու միջեւ՝ ներազգային սուր պայքարները ահաւոր զառիթափի մը մատնած էին հայաշխարհը։ Այդ բոլոր երերումներն ու տատանումները բարդուած էին Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայութեան աշխարհասփիւռ բեկորներու հաւաքման, հայապահպանման, ինքնակազմակերպման ու վերականգնման ինքնին դժուարին պայքարին վրայ՝ ներքին ջլատման ահաւոր սպառնալիքին տակ դնելով վերապրած հայութիւնը։ Ահա՛ պատմական այդ չարիքին դէմ Ռուբէն պարզեց աջին թէ ձախին, հիւսիսին թէ արեւմուտքին անձնատուր դառնալու փորձութեանց յաղթահարման՝ Հայկական Արեւելումի որդեգրման փրկարար ուղին։
Տարագիր իր գործունէութեան երեք տասնամեակներուն, Ռուբէն անխոնջ ստեղծագործեց եւ հայոց սերունդներուն կտակեց «Յեղափոխականի մը յիշատակները» եօթհատորեակը, «Հայաստան՝ միջ¬ցամաքային ուղիներու վրայ» գիտաշխատութիւնը, «Հայ¬թրքական կնճիռը», «Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը» եւ միւս անկորնչելի գործերը, որոնք բառին բուն իմաստով այբբենարան դարձան ամբողջ սերունդներու համար եւ կը շարունակեն, իբրեւ այդպիսին, ուղի լուսաւորել նաեւ մեր օրերուն։
Ահա՛ կարճ հատուած մը Ռուբէնի «Յուշեր»էն, որ նուիրուած է ֆետայիներու կենսակերպին եւ խօսուն վկայութիւնն է հայ յեղափոխական շարժման աւանդներուն տէր կանգնելու եւ, անոնց միջոցաւ, հայոց գալիք սերունդներու ուղին հունաւորելու Ռուբէնի նախանձախնդրութեան.
«Տարօն աշխարհին մէջ ֆետայիները շարունակական շարժման մէջ են եղած սկիզբէն մինչև օսմանեան սահմանադրութիւն։ Անոնք իրաւունք չունին մէկ վայրի մէջ եօթը օրէն աւելի մնալու, նայած տեղին պայմաններուն։
«Ասոր պատճառները երկուք էին։
«Առաջին, որ կառավարութիւնը միշտ շփոթի մէջ մնա եւ չկարողանայ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել մէկ վայրի վրայ։ Այսպիսով, ֆետայիները ամէնուրեք լինելով, հնարաւորութիւն չէին տար կառավարութեան թակարդի մէջ ձգելու զիրենք, ինչպէս նաեւ յաճախակի պատահած մատնութիւնները, դիտաւորեալ թէ անմեղ, ապարդիւն կþանցնէին։
«Երկրորդ պատճառը տնտեսական էր։ Քանի որ ֆետայիները պաշար չէին պտտցներ իրենց հետ, ուստի պիտի բաւականանային մէկ գիւղէն մէկ փոր հաց ուտելով։ Ասկէ աւելի ծանրանալը թէ՛ անիրաւութիւն էր եւ թէ՛ գիւղին ուժերէն վեր։ Ասոր համար ալ ֆետային ստիպուած է անվերջ ճանապարհ կտրել մէկ գիւղէն միւսը, մէկ լեռնէն միւս լեռը, մէկ դաշտէն միւս դաշտը եւ այսպէս շարունակ։
«Երբ արեւը մարը մտնէ, ֆետայիները ոտքի կþելլեն, ըլլայ պարզ գիշեր, թէ բուք բորան, անձրեւ կամ ձիւն ու ցուրտ եղանակ։ Ան պիտի շարժուի եւ իր տեղը փոխէ եւ գայլի նման կը գերադասէ մութ գիշերը։ Այդ ժամանակ ան աւելի յանդուգն է եւ աւելի վտանգաւոր թշնամիին համար։ Ֆետայիները կը սիրեն ձիւնոտ ու անձրեւոտ գիշերները ճամբայ կտրել։
«Երբ ֆետային ոտքի կը կանգնի ճամբայ իյնալու, կը համբուրուի մնացեալ ֆետայիներու հետ. ամէն մէկը կը կատակէ իր բարեկամին հետ, եւ բոլորն ալ, կին ու երեխայ միասին, արտասուալից աչքերով ճամբայ կը դնեն զայն «ուղուր» ըսելով։ Ֆետայիները կը պատասխանեն «շէն մնաք» եւ կը մեկնին։ Ընդհանրապէս թոյլ չեն տար, որ գիւղացիները ուղեկցեն իրենց։ Յաճախ գիւղի խումբէն մէկ քանին պահապան կը կանգնեցնեն, որ ոչ ոք չհամարձակի տանեն դուրս գալ եւ տեսնել, թէ ֆետային ի՛նչ ուղղութեամբ կը կորսուի մութին մէջ»։
Ջաւախքի զաւակ էր կարնեցիի իր արմատներուն ամրօրէն կառչած այս Մեծ Հայը։ Ծնած էր 1882 թուականին Ախալքալաք: Իր նախնական ուսումը ան ստացաւ ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ՝ մեկնեցաւ Ս. Էջմիածին եւ ուսումը շարունակեց «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ:
Պատանի տարիքէն Ռուբէնի երազն էր «Հայաստան» երթալ: Ան համոզուած էր, թէ «բուն Հայաստան»ը ռուսական տիրապետութեան սահմանէն անդին՝ մի՛ւս կողմն էր, որ պատմական ստիպողութեանց եւ պարագաներու բերմամբ Արեւմտահայաստան կոչուած էր:
Քսան տարեկանին Ռուբէն մտաւ ռուսական բանակ` պահեստի սպայի աստիճանով: Ապա՝ անցաւ Մոսկուա, իբրեւ «Լազարեան» ճեմարանի բարձրագոյն դասընթացքի ուսանող: Մոսկուա եղած ժամանակ մասնակցեցաւ յեղափոխական հայ ուսանողներու խմբական գործունէութեան, ապա՝ անդամագրուեցաւ նորաստեղծ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
1903ին Մոսկուայէն անցաւ Թիֆլիս` Երկիր մուտք գործելու որոշումով, ինչը իրականացաւ նոյն տարին իսկ։ Ռուբէնի դաշնակցական գործունէութեան առաջին դաշտը եղաւ Կարսը` Արամի շունչին տակ, որ այդ օրերուն Կարսի կեդրոնական դէմքն էր:
1905ին, արդէն փորձուած ու Կարսի յեղափոխութեան հնոցին մէջ դարբնուած` Ռուբէն անցաւ Վան, ուր Իշխանի հետ լծուեցաւ Լեռնապարի շրջանի կազմակերպումին: Իսկ երբ Արամ անցաւ Վան, Ռուբէն գնաց Վարդան Շահպազի մօտ` լեռները, ֆետայական կեանքի իր մկրտութիւնը ստանալու համար:
Այնուհետեւ, Ռուբէն ուղարկուեցաւ Սասուն՝ Տարօնի շրջանին մէջ իր ղեկավար մասնակցութիւնը բերելու իր հարազատ ժողովուրդի ծաւալած ազատագրական պայքարի կազմակերպման գործին: Գէորգ Չաւուշի հետ անցնելով շրջանի մարտական ուժերուն գլուխը` Ռուբէն վերակազմեց ֆետայական շարժումը, մասնակցեցաւ բազմաթիւ հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորներէն է Մայիս 1907ի Սուլուխի կռիւը, որու ընթացքին նահատակուեցաւ Սասնոյ լեռներու առիւծը՝ Գէորգ Չաւուշ:
1908ին, երբ հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Ռուբէն դէմ կեցաւ յեղափոխական գործը դադրեցնելու ընդհանուր հոսանքին։ Պնդեց, որ իթթիհատական կառավարութեան պէտք չէ վստահիլ, այլ պէտք է շարունակել հայ ժողովուրդը զինելու եւ ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու կուսակցական-կազմակերպական գործունէութիւնը:
1909ին Ռուբէն անցաւ Վառնա (Պուլկարիա), իբրեւ Տարօնի շրջանը ներկայացնող պատգամաւոր մասնակցելու համար Հ.Յ.Դաշնակցութեան 7րդ Ընդհանուր Ժողովին: Ժողովի աւարտին, իր ուսումը շարունակելու համար, ան մեկնեցաւ Ժընեւ` քիմիաբանութիւն ուսանելու համար եւ հոն մնաց մինչեւ 1913: Նոյն թուականին կուսակցութեան հրահանգով՝ անաւարտ ձգելով ուսումը` Ռուսէն վերադարձաւ Տարօն եւ լծուեցաւ կազմակերպական աշխատանքի, իբրեւ ընդհանուր պատասխանատուն Դուրան-Բարձրաւանդակի եւ Տարօն Աշխարհի Հ Յ Դ. կազմակերպութեան:
1914ին, երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը եւ թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրումին, Տարօնի հայութիւնը Ռուբէնի գլխաւորութեամբ դիմեց ինքնապաշտպանութեան: Հերոսամարտը տեւեց եօթը ամիս, որմէ ետք Ռուբէն որոշեց գաղթական ամբողջ ժողովուրդով անցնիլ Արեւելեան Հայաստան:
1917ին, երբ տեղի ունեցաւ Ռուսական Մեծ Յեղափոխութիւնը եւ կազմուեցաւ Անդրկովկասի կառավարութիւնը՝ Սէյմը, Ռուբէն իր կարգին մասնակցեցաւ անոր աշխատանքներուն՝ անդամակցելով Հայոց Ազգային Խորհուրդին:
Իսկ 1918ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէն ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Նշանակուեցաւ նաեւ Հայաստանի զինուորական նախարար զօր. Արարատեանի օգնական։ Իսկ 1920ի Մայիսին` Բիւրօ-կառավարութեան մէջ, ստանձնեց զինուորական նախարարի պաշտօնը:Իբրեւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց եւ, ապա, զինուորական նախարար՝ Ռուբէն ոչ միայն հիմը դրաւ հայկական պետական բանակին ու կազմակերպեց զայն, այլեւ՝ անփոխարինելիօրէն մեծ ու բախտորոշ եղաւ անոր դերը թէ՛ Հայաստանի ներքին կայունացումին եւ թէ՛ մեր հայրենիքի հայացման դժուար գործին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, Ռուբէն անցաւ Իրան, ապա` Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս:
Վտարանդի կեանք վարելով սփիւռքահայ տարբեր գաղութներու մէջ` Ռուբէն միշտ հաւատարիմ մնաց Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման ու Դաշնակցութեան քաղաքական առաջադրանքներու եւ գաղափարական արժէքներու կենսագործումին։
1948ին Ռուբէն վերադարձաւ Ֆրանսա, ուր եւ վախճանեցաւ 1951ի Նոյեմբեր 27ին:
Այսօրինակ անձնազոհութեան ուղի եւ գաղափարապաշտ գործ իր անունին կապեց Ռուբէն Տէր¬Մինասեան՝ հայոց պատմութեան մեծ ուղեւորը, որ ամբողջ կէս դար նոյնացաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ՝ միս ու ոսկորով իւրովի մարմնաւորելով հայոց ազգային¬ազատագրական պայքարին յանդուգն յառաջապահի ու ղեկավար կամքի դաշնակցական աւանդները։