Պոլսոյ Հայկական Վարժարաններու Ապագան

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Պոլսահայ մամուլի տուեալներէն կը տեղեկանանք, թէ պոլսահայ համայնքի հայկական վարժարաններու 2023-2024 կրթական տարեշրջանի ընդհանուր աշակերտներուն թիւը կը հասնի շուրջ 2850ի, իսկ 2022-2023 տարեշրջանին՝ շուրջ 2900ի։ Այդ թիւը 2021-202 տարեշրջանին 2964 էր, 2015-2016 տարեշրջանին՝ 2991, իսկ 2016-2017 տարեշրջանին 2887:

Ներկայիս Պոլսոյ մէջ կը գործեն 17 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ 5 ը «լիսէ»ներ (երկրորդական վարժարաններ) են:

Գաղտնիք մը չէ, որ պոլսահայ համայնքի հայկական վարժարանները ամէն ուսումնական տարեշրջանը իրենց դռները կը բանան նիւթական մեծ բացերով ու մեծ դժուարութիւններով եւ զոհողութիւններով, ի գին կանգուն մնալու:

Պոլսոյ հայ համայնքէն շատ մը ծնողքներ կը նախընտրեն իրենց զաւակները օտար վարժարաններ ղրկել, պատճառաբանելով, թէ հայկական վարժարաններու ուսումի մակարդակը ետ կը մնայ օտար վարժարաններու ուսումի մակարդակէն: Շատեր կ՛արհամարհեն հայ դպրոցը, կը գերադասեն օտար վարժարանը որուն ուսումի լեզուն ալ օտար է։ Այս եւ առաւել այլ պատճառներով եւս, գաղտնիք մը չէ, որ պոլսահայ համայնքի հայկական վարժարաններու աշակերտներու թիւը տարի առ տարի զգալի կերպով կը նուազի:

Հոս պէտք է շեշտենք, որ պոլսահայ համայնքի հայկական վարժարաններէն շրջանաւարտներն ալ յաջող արդիւնքներու կը հասնին համալսարաններու մտից քննութիւններուն, կ՛ընդունին կարեւոր բարձրագոյն ուսումի ճիւղերէ ներս, ուրեմն այս ցոյց կու տայ, թէ հայ վարժարանները ետ չեն մնար օտար վարժարաններու ուսումէն եւ անոնց հետ մրցունակ են:

Այն հայ ծնողքները, որոնք կը նախընտրեն իրենց զաւակները օտար վարժարան ղրկել, անոնց համար հայեցի մթնոլորտը ու դաստիարակութիւնը, տոհմիկ կրթութիւնը, ինքնութեան պահպանումը երկրորդական կը մնան։ Նման ընտանիքներու նորահաս սերունդը ժամանակի հոլովոյթի մէջ նախ կը հեռանայ, ապա կը փրթի իր արմատներէն:

Եթէ կ՛ուզենք , հայ վարժարաններու դռները բաց պահել, պէտք է անոնց տէր կանգնիլ ու դժուարութիւններուն մեղմացման օգնական ըլլալ:

Ցաւօք սիրտի, պոլսահայ կրթական կեանքին մէջ իրականութիւն մըն է որ, հայ դպրոցի աշակերտներուն թիւին նուազումին կողքին, օր է օր կը նուազի նաեւ հայ դպրոցին առաքելութեան մասին գիտակցութիւն ունեցող ծնողքներուն, հայ դպրոցին իմաստին տեղեակ ուսուցիչներուն, վարիչներուն ու թաղականներուն թիւը:

Տարիներէ ի վեր կ՛առաջարկուին պոլսահայ համայնքի վարժարաններու ներկայ ու ապագայի վերաբերեալ հարցերու լուծումի համար զանազան միտքեր ու առաջարկներ։ Եթէ չեմ սխալիր, տարիներ առաջ առաջարկուած էր հայկական վարժարաններէն մէկը արհեստի դպրոցի վերածել, սակայն առաջարկը չիրականացաւ։ Միւս կողմէ, տարիներէ ի վեր համայնքը չէ կրցած մասնագէտ ուսուցիչներ, մանաւանդ հայերէնի ուսուցիչներ պատրաստելու հարցը լուծել։

Պոլսոյ հայ համայնքի հայկական վարժարաններու խնդիրը իր ամբողջութեան մէջ ուսումնասիրելու, լայնածաւալ քննարկելով լուծումներ արծարծելու համար, ըստ իս , մասնագէտ կրթական մշակներէ կազմուած կրթական խորհուրդի մարմինի մը ստեղծումը անհրաժեշտութիւն մըն է։

Պատիւ այն ծնողքներուն, որոնք մեկնելով մեր ազգային ինքնութեան պահպանման նկատմամբ բծախնդրութենէն, մեծ զոհողութիւններով իրենց զաւակները կ՛առաջնորդեն հայկական վարժարաններ:

Հայ դպրոցի բոլոր աշակերտներուն կը մաղթեմ սորվելու ու սերտելու պայծառ միտք ու ուշադրութիւն, իսկ ուսուցիչներուն ու վարիչներուն ալ՝ ազգային կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան հայրենասէր սրբազան գործի յաջողութիւն եւ առողջ կեանք։

Comments are closed.