Պիտի գայ պահը վերականգնելու Արցախի իրաւունքներն ու ամբողջական սահմանները. Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

«Դրօշակ»ի hարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ

Ընկեր Յակոբ, այս հարցազրոյցով պիտի ուզէինք կատարել անցնող տարուայ ընդհանուր ամփոփումը, սակայն մեր երկրին ու ժողովրդին պատուհասած ողբերգութիւնը, ցաւոք, թելադրում է կենտրոնանալու որոշակի իրադարձութիւնների վրայ։ 2020 թուական մուտք գործեցինք, երբ Միջին Արեւելեան մեր համայնքները կ’անցնէին բազում ցնցումներից եւ հայութեան կողմից շարունակւում էր այդ բեռը ինչ որ չափով թեթեւացնելու ջանքը: Աւելի մեծ հոգսեր ու անելիքներ պարտադրեց թագավարակը։ Իսկ արդէն աշնանը գլխներիս պայթեց թուրք-ադրբեջանական տանդէմի հրահրած պատերազմը։ Բնականաբար լարուած ճիգ ու ջանքի տարի եղաւ կուսակցութեան համար։ Անշուշտ ողջ արուածը ներկայացնելու համար ասելիքը շատ ծաւալուն կարող է ստացուել, այնուամենայնիւ, եթէ հնարաւոր է ընդհանուր գծերով ներկայացրէք ՀՅԴ նախաձեռնած եւ իրականացրած աշխատանքները։

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Այո, 2020ը եղաւ պատուհասներու տարի: Այս տարին մուտք գործեցինք լիբանանեան տնտեսական զարգացող տագնապին եւ Սուրիոյ մէջ յամեցող պատերազմի հետեւանքներու առթած վնասը դիմակայելու եւ այդ երկու երկիրներու մեր կարեւոր համայնքներու բեռը թեթեւցնելու վճռակամութեամբ: Վրայ հասաւ թագաժահրի համաճարակը, որ ցնցեց միջազգային տնտեսութիւնը եւ մեծապէս խանգարեց մարդկութեան առօրեան: Օգոստոսին պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որ կրկին ցնցեց լիբանանահայութիւնը: Եւ տարին փակեցինք մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն պարտութեամբ, երբ կորսնցուցինք Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասը եւ համայն հայութիւնը մատնուեցաւ սուգի, յուսահատութեան եւ զայրոյթի: Հողային մեծագոյն կորուստներու կողքին մեր սրտերուն վրայ կը ճնշէր նաեւ հազարաւոր թանկագին նահատակներու եւ վիրաւորներու պարագան, որ ոչ պակաս չափով ողբերգութիւն էր մեր ժողովուրդին համար:

Մեր ազգային կեանքն ու առօրեան պատուհասած այս անակնկալ պատերազմէն անդին, 2020 թուականը մեզի եւ մեր հաւաքական կեանքի համար խիտ ծրագրումներու եւ լարուած աշխատանքի տարի էր: Տեղի ունեցած իրադարձություններէն մի քանին յիշելով՝
2020ի գարնան տեղի ունեցան Արցախի խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրությունները եւ հայոց երկրորդ հանրապետութեան մեջ ձեւաւորուեցաւ նոր իշխանութիւն. ՀՅԴն ունեցաւ ԱԺի մէջ պատգամաւորական նոր խումբ եւ հակառակ յաղթող կողմի գործադրած խախտումներուն եւ պետական միջոցներու շահագործման բազմաթիւ պարագաներուն, որոշեցինք ընդունիլ արդիւնքը Արցախի կայունութեան եւ անվտանգութեան հրամայականները նկատի առնելով,

– որպէս երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը յատկանշուեցաւ ԱՄՆ Քոնկրէսի 2 պալատներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Նոյնպիսի ջանքերու շնորհիւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանը,
– անընդհատ թափով շարունակուեցան աշխատանքները Արցախի անկախութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Արցախին յատկացուող օգնութիւններու մեծացման ուղղութեամբ. աննախընթաց յաջողութիւն էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի Արցախի անկախութեան ճանաչումի անհրաժեշտութեան մասին ընդունած բանաձեւերը,
– բազմաբնոյթ աշխատանքներու ծիրէն ներս, զգալի տեղ յատկացուեցաւ համավարակի յարուցած ընկերային-տնտեսական վատթար իրավիճակը մեղմելուն ուղղուած քայլերուն: Ծաւալուն այդ աշխատանքներուն մէջ կը տեղաւորուէր Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներուն բաշխուող ոժանդակութեան «Օգնիր հայրենակցիդ» ծրագիրը: Այս ծրագիրը գործադրուեցաւ ՀՅԴ համաշխարհային երիտասարդական կառոյցներու ջանքերով, եւ Հայաստանի ՀՅԴ ՆԱՈՒՄի եւ ՀԵՄի անմիջական գործադրութեամբ,
– Նոյն համավարակի, տնտեսական տագնապներու եւ Պէյրութի պայթումի աղէտին ենթարկուած Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւնն ալ հանդիսացաւ մեր ուշադրութեան կիզակէտը: Սուրիոյ պարագային անհրաժեշտ էր նաեւ շարունակել աշխատանքները պատերազմի պատճառած վնասները յաղթահարելու նպատակով: Կուսակցութեան կողքին, մեր երիտասարդական եւ ուղեկից միութիւնները, նամանաւանդ ՀՕՄը, անցան ժրաջան աշխատանքի՝ հասնելու տարաբնոյթ ցնցումներէ տուժած լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան անմիջական կարիքներուն. խիստ գնահատելի էր նաեւ այն համահայկական զօրաշարժը, որ տեղի ունեցաւ հայրենի պետութեանց, հայ եկեղեցւոյ ու յարանուանութեանց եւ սփիւռքակեդրոն բոլոր համահայկական կառոյցներու կողմէ, որ կարողացան միլիոնաւոր տոլարներու օժանդակութիւն հասցնել լիբանանահայութեան,
– մշակուեցաւ յատուկ ծրագիր հայկական բանակին օժանդակելու վերաբերեալ եւ ի գործ դրուեցաւ յուլիսեան պատերազմէն ետք։ Այդ ծրագիրը ընդարձակուեցաւ աշնան, Արցախեան պատերազմի ընթացքին,
– աշխատանքային ծրագիր ալ կազմուած էր Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու 100րդ տարելիցին ընդառաջ. աշխատանք մը, որ կը շարունակուի այսօր եւս,
– Արցախի հարցի հետապնդման գծով նախատեսուած Հայ Դատի առցանց խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 2020ի Դեկտեմբերին, քննարկելու համար պատերազմէն ետք Արցախի հարցի քաղաքական աշխատանքներու նոր ծիրը,

Միաժամանակ նշենք, որ նախատեսուած տարաբնոյթ աշխատանքներու մէկ բաժինը հնարաւոր չեղաւ իրականացնել թագաժահրի առթած սահմանափակումներու պատճառով, կամ ալ իրագործուեցաւ այլ ձեւաչափով: Անոնցնէ գլխաւորներուն առանձին կ’անդրադառնանք:

ԴՐՕՇԱԿ.- Սոյն թուականի սեպտեմբերի 27-ին Արցախի դէմ լայնամասշտապ յարձակումից ժամեր անց ՀՅԴ-ն յայտարարեց, որ կոչ է անում մէկ կողմ դնել ներքաղաքական տարակարծութիւնները եւ համազգային միասնութեամբ լծուել հայրենիքի պաշտպանութեան գործին։ Հէնց ժամեր անց էլ Դաշնակցութեան առաջին վաշտը ճանապարհուեց մարտադաշտ, իսկ որոշ ժամանակ անց վերջինիս միանալու էին կուսակցութեան միւս վաշտերը։ ՀՅԴ-ի ներգրաւուածութիւնը չսահմանափակուեց այս, առանց այն էլ ծանրակշիռ դերակատարութեամբ։ Ակտիւ աշխատանքներ են ձեռնարկուել զանազան բնոյթի օժանդակութիւնների կազմակերպման ու դրանց խրախուսման, զանգուածային միջոցառումների կազմակերպման, քաղաքական-դիւանագիտական եւ այլ ուղղութիւններով։ Մի փոքր ներկայացրէք նաեւ այս աշխատանքը։

ՅՏԽ.- Պատերազմի բռնկումէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴն, իր ուղեկից միութիւններnվ ու համակիրներով, ծաւալեց հայրենիքի օժանդակութեան լայն տարողութեամբ աշխատանք հետեւեալ չորս ուղղութիւններով՝

ա.- Մարդուժի տրամադրում. 2016ի ընդհարումներուն արդէն յայտնի էր դարձած կամաւորական ջոկատներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը. ուստի, մենք նախաձեռնեցինք պահեստազօր ստեղծելու գործին, որպէսզի մարզուած մարդուժ տրամադրենք հայոց բանակին երբ վտանգուին Հայաստանի ու Արցախի սահմանները։ Այդ նախաձեռնութիւնը ապա ստացաւ «Կամաւորական Շարժում» հասարակական կազմակերպութեան հանգամանք եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան գործակցութեամբ թափ առաւ աշխատանքը:

Սեպտեմբերի 27ին, թուրք-ազրպէյճան-վարձկաններ հրոսախումբի յարձակումէն անմիջապէս ետք, մեր վաշտերու պատրաստուած տղաքը՝ տարբեր խումբերով, մեկնեցան Արցախի ռազմաճակատ եւ բոլորին վկայութեամբ՝այդ կամաւորները ունեցան պատուաբեր եւ խիստ կարեւոր ներդրում Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան մէջ: Տուինք բազմաթիւ զոհեր, որոնց յիշատակին առջեւ ակնածանքով կը խոնարհինք, եւ ունեցանք բազմաթիւ վիրաւորներ, որոնց բժշկական եւ ընկերատնտեսական կարիքները պարտինք կարգաւորել համակուսակցական ճիգով։ Հրադադարէն ետքն ալ մեր տղաքը լծուեցան Սիւնիքի պաշտպանութեան գործին:

Պահեստազօրի աշխատանքը կը շարունակուի այսօր ալ, որպէսզի միշտ ունենանք պատրաստ մարդուժ ի հարկին աջակցելու համար Հայոց բանակին, մանաւանդ այս վերակազմաւորման շրջանին ընթացքին:

բ.- Քաղաքական աշխատանք. Մեծ թափ առին մեր մարմիններու, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ճամբով տարուող քաղաքական շփումները եւ իրազեկման արշաւը: Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի, անկախութեան ճանաչման արշաւը արձանագրեց լուրջ յառաջխաղացք մանաւանդ Եւրոպայի մէջ. աշխարհով մէկ բարձրացաւ բողոք՝ թուրք-ատրպէյճան-վարձկաններ հրոսախումբի պատերազմական ոճիրներուն, ցեղապաշտական հայատեաց դրսեւորումներուն, փան-թրքական եւ նոր-Օսմանեան նկրտումներուն եւ միջազգային օրէնքներու ոտնահարումներուն դէմ. շարք մը երկիրներու մէջ նախաձեռնեցինք օրէնքներու կամ կառավարական որոշումներու նախագծեր կասեցնելու համար զինամթերքի հոսքը դէպի Ատրպէյճան. յատուկ յարաբերութիւններ մշակեցինք Մինսկի համանախագահող երկիրներու, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Եւրոպական միութեան՝ օրէնսդիր օղակի, գործադիր իշխանութեան եւ դեսպանութիւններու հետ. դատապարտեցինք Ատրպէյճանի եւ յատկապէս Թուրքիոյ դերը հայութեան դէմ սանձազերծուած հայատեաց ցեղապաշտական արշաւին եւ նոր-Օսմանեան ծրագիրներ առաջ քաշելնուն մէջ. եւ վերջապէս՝ միջազգային քաղաքական շրջանակներուն բացատրեցինք Թուրքիոյ հարաւային Կովկասէն ներս թափանցելու ճիգերը եւ Արցախեան բանակցութիւնները կասեցնելու կործանարար դերը:

գ.- Քարոզչական եւ ցուցական գործունէութիւն. Ատրպէյճան եւ Թուրքիա աշխարհով մէկ կազմակերպեցին քարոզչական ապատեղեկատուական գրոհ, արդարացնելու համար իրենց յարձակողապաշտ միտումները. պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, եւ մինչեւ այսօր, կազմակերպուած սուտերով ողողեցին եւ կ’ողողեն միջազգային մամուլը, հեռատեսիլը, ձայնասփիւռի ալիքները, կայքէջները եւ ընկերային ցանցերը ծաւալելով արհեստավարժ, համադրուած եւ մեծածախս քարոզչութիւն: Այդ գրոհին հակադարձելու եւ հայկական տեսակէտները ներկայացնելու համար, մեր բոլոր հնարաւորութիւններով կազմակերպեցինք բազմաշերտ արշաւ: Առաւել՝ շղթայազերծեցինք ցուցական արարքներ համաշխարհային մայրաքաղաքներու մէջ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դիմաց: Անհրաժեշտ էր մեր թշնամիներուն ցոյց տալ, թէ միակամ է աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ հաստատակամ՝ իր հայրենիքի պաշտպանութեան մտադրութեան մէջ բոլոր ճակատներու վրայ: Եւ հայութիւնը կարողացաւ իսկապէս բռնցքուիլ՝ մէկդի դնելով բոլոր ներքին տարակարծութիւնները որպէսզի նպաստէ պատերազմին յաջող ելքին:

դ.- Հանգանակութիւններ. Համահայկական հանգանակութիւնները մեծ յաջողութեամբ ընթացան ու աւելի փոքր տարողութեամբ դրամահաւաքներ այսօր ալ կը շարունակուին: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը անմիջապէս արձագանգեց նիւթական ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի կոչին եւ տրամադրեց աւելի քան 170 միլիոն ԱՄՆ տոլարի գումար Հայաստան համահայկական հիմնադրամին:

Հանգանակութեան նպատակը հասնիլն էր Արցախեան պատերազմի հետեւանքով խնդիրներ դիմագրաւած զինւորականներու եւ կամաւոր ազատամարտիկներու բժշկական-ընկերային-տնտեսական-բնակարանային, ինչպէս նաեւ՝ անապաստան եւ անօթեւան ընտանիքներու ապրուստի էական կարիքներուն։ Անթոյլատրելի է անշուշտ, որ այդ գումարները յատկացուին այլ նպատակներու, պարզապէս ֆինանսաւորելու համար պետութիւնը: ՀՅԴն ժողովուրդին կոչ ուղղեց անվերապահ մասնակցելու այդ հանգանակութեան։ Ուրախութեամբ նկատեցինք, որ աշխարհասփիւռ մեր մարմինները, միաւորները, ուղեկից միութիւնները (մանաւանդ ՀՕՄը), հաստատութիւններն ու համակիրները անվերապահօրէն կատարեցին իրենց «պարտք»ը եւ լայն բացին իրենց քսակները:
Այս բոլորը կատարուեցաւ հակառակ այն իրողութեան, որ Սեպտեմբերեան պատերազմին նախորդող մէկ տարուան ընթացքին այլ հանգանակային նպատակներու համար շարունակաբար դիմած էինք մեր ժողովուրդին՝ հասնելու համար Միջին Արեւելքի, եւ մասնաւորաբար Լիբանանի ու Սուրիոյ տագնապահար հայութեան բազմաթիւ կարիքներուն:

Ինչպէս արդէն անդրադարձայ, այսօր ալ կը շարունակուին հանգանակութեամբ գումարներ ապահովելու աշխատանքները։ Բնականաբար հիմա պիտի կեդրոնանանք Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրներուն եւ Հայաստանի մէջ ապաստանած, թէ Արցախ վերադարձած անօթեւան ժողովուրդին ընկերատնտեսական կարիքներուն վրայ։

ԴՐՕՇԱԿ.- Յայտնի է, որ պատերազմական օրերին, գործակցութեան նպատակով, շփումներ են եղել նաեւ Հայաստանի վարչապետի հետ։ Միւս կողմից այսօր Դաշնակցութիւնը պահանջում է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Եթէ կարելի է անդրադարձէք եւ այս հարցերին։

ՅՏԽ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միշտ ձգտած է կապ պահել երկրի բարձրագոյն ղեկավարին հետ, որպէսզի կարծիքներու ուղղակի փոխանակում ունենայ, կարողանայ առաջին աղբիւրէն տեղեկութիւններ ստանալ եւ միաժամանակ փոխանցել իր տեսակէտներն ու կեցուածքները։ Վարչապետի հետ երկար ժամանակէ ի վեր այդ հաղորդակցական կապը չկար, բայց պատերազմական օրերուն եւ անոր ճիշդ նախորդող շրջանին, մենք ունեցանք մի քանի հանդիպումներ, հիմնականին մէջ փոխանցելու համար մեր մտահոգութիւնները եւ լսելու պատերազմական զարգացումներու պաշտօնական վերլուծումը։ Պատերազմի ընթացքին փոխանցած էինք նաեւ, որ հակառակ մեր ունեցած հիմնական տարակարծութիւններուն, մենք պատրաստ ենք այլ հարցերը մէկ կողմ դնել եւ կեդրոնանալ հայ պետականութեան եւ բանակի օժանդակութեան խնդրին վրայ, Արցախի պատերազմին ապահովելու համար հայութեան յաղթանակը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեր առաջին համդիպումներուն փոխանցած էր իր գնահատանքը, որ Դաշնակցութիւնը առաջին օրէն մարդուժով մասնակցած էր պատերազմին եւ նաեւ համահայկական-համաշխարհային առումով քաղաքական, քարոզչական եւ հանգանակային աշխատանք կը տանէր, որպէսզի հայանպաստ ելք ունենայ պատերազմը։ Դժբախտաբար սակայն, այդ հանդիպումներու ընթացքին եւ անկէ դուրս՝ անկեղծ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններու փոխանցում չեղաւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, նոյնիսկ երբ այդ ներկայացուցիչները կ’ընդունէին, թէ իրավիճակը շատ աւելի վատ էր քան հրապարակային պաշտօնական տուեալները:

Մենք ալ, անդրադառնալով հանդերձ որ պաշտօնական տեղեկութիւնները չէին համապատասխաներ իրական կացութեան, ընդունելով նաեւ որ պատերազմական իրավիճակ էր եւ ռազմական դրութիւն գոյութիւն ունէր եւ պարտաւոր էինք չհակասելու պետական-պաշտօնական տեղեկատուութեանց, մնացինք զուսպ. անշուշտ շատ ծանր կը կշռէր մեր խղճին վրայ այն հանգամանքը, որ հայկական կողմը ունէր բազմաթիւ զոհեր, մեծ թիւով վիրաւորներ եւ պատերազմի հայանպաստ ելք չէր ուրուագծուեր։ Բան մը, որ կը ժխտուէր իշխանութեան կողմէ եւ կ՛ըսուէր, որ մենք այլընտրանք չունինք՝ բացի պայքարելէ մինչեւ վերջ։

Պատերազմի ընթացքին ի յայտ եկան մեծ դժուարութիւններ՝ անկազմակերպ վիճակ, զօրակոչի անկանոն յայտարարութիւններ, քաղաքական անտեղի միջամտութիւններ եւ ռազմաճակատի վրայ լուրջ ձախողութիւններ։ Մեզի համար անընդունելի էր այն իրողութիւնը, որ ունէինք բարձրաստիճան փորձառու սպաներ, որոնք որքան ալ տարակարծիք ըլլային այս իշխանութեան կեցուածքներուն նկատմամբ, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած էին օժանդակելու պատերազմի գործողութիւններուն եւ իրենց ունեցած հեղինակութիւնն ու կարողութիւնը տրամադրելու հայ բանակին։ Պատասխանը միշտ եղած էր նոյնը՝ կտրուկ մերժում։ Ամենայնդէպս, արդիւնքը արդէն յստակ է, տակաւին պատերազմի ընթացքի մասին շատ մութ կէտեր կան, որոնց ակնարկած էր նոյնիսկ ԱՀ նախագահը իր ուղերձին մէջ եւ որոնք վստահաբար պիտի բացայայտուին։

Այս բոլորը ստեղծեց ներազգային շատ վատ մթնոլորտ։ Պատերազմի աւարտէն ետք, երբ յստակացաւ ազգային աղէտին տարողութիւնը, մեզի համար բացայայտ դարձաւ, որ որեւէ ելք չկայ այս կացութենէն՝ բացի հող յանձնած եւ ծանր պարտութեան առաջնորդած Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն եւ այս իշխանութեան հեռացումէն: Պարզ է, որ պարտուած ու պարպուած վարչապետը, ամէն ինչ յանձնելու տրամադրութեան մէջ գտնուող անձը, ազգը սուտերով ապաղկոմնորոշած ղեկավարը չի կրնար որեւէ հայանպաստ կեցուածք ապահովել միջազգային ուժերէն, կամ իսկապէս դիմադրել մեր թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի բոլոր նկրտումներուն. էական է վայրկեան առաջ փոխարինել զինք, որպէսզի ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերով ամուր վարչապետ մը՝ շրջապատուած փորձառու եւ կարող ուժերով, ստեղծէ ատակ, ազգանուէր դէմքերով կառավարութիւն, ստանձնէ սանձը այս երկրին, կարողանայ յոյսը վերադարձնել մեր ժողովուրդին եւ ձեռք բերէ հայանպաստ արդիւնքներ չարաբաստիկ Յայտարարութեան անորոշ կէտերուն վերաբերեալ եւ ապագայ բանակցութիւններու ընթացքին:

ԴՐՕՇԱԿ.- Ստեղծուած ծանր կացութեան մէջ ի՞նչ առաջնահերթ անելիքներ եք տեսնում Հայաստանի իշխանութիւնների, քաղաքական ուժերի եւ ընդհանրապէս մեր ժողովրդի համար։

ՅՏԽ.- Անմիջականօրէն՝ Հայաստանի քաղաքական որեւէ իշխանութեան հիմնական անելիքը ստորագրուած Յայտարարութեան անորոշ բաժիններու առաւելագոյն հայանպաստ լուծումներ ապահովելու խնդիրն է. բան մը, որ դժբախտաբար կարելի չէ իրագործել այս իշխանութեան օրոք։ Քաղաքական ուժերը եւ մտաւորականութիւնը, որոնք համախմբուած են ՀՅԴի շուրջ, արդէն իսկ բացայայտած են իրենց կեցուածքը՝ ստեղծել Հայրենիքի փրկութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն, որպէսզի ժողովուրդին մօտ վերազարթնի յոյսը, վերադառնայ ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ պարտուողական, ընկճուած հոգեբանութենէն դուրս գայ ամբողջ ժողովուրդը։ Ապա՝ որոշ կայունութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուելէ ետք, դիմուի ժողովուրդին, որպէսզի իր կամքը արտայայտէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու միջոցաւ:

Մինչեւ այդ ընտրութիւնները, անհրաժեշտ է որ Հայրենիքի փրկութեան կառավարութիւնը աշխատի Հայաստանի տնտեսական անկումի կասեցման ուղղութեամբ, բնականոն պայմաններ ստեղծէ որպէսզի հնարաւորինս կասեցնէ հաւանական արտագաղթի հոսքը եւ իր կարեւոր նպաստը բերէ Արցախի վերականգնումին։ Իսկ այս նպատակներն անիրագործելի կը մնան, եթէ ներկայ իշխանութիւնը, իր վարչապետով, չհեռանայ իշխանութենէն:

ԴՐՕՇԱԿ.- 
Յայտնի փորձութիւնների, մասնաւորապէս համավարակի առիթով ձեռնարկուած սահմանափակումների պատճառով, ՀՅԴ Բիւրոն ստիպուած եղաւ հրաժարուել նախապէս ծրագրուած մի շարք միջոցառումներից կամ՝ փոփոխութիւններ մտցրեց դրանց իրականացման ժամկէտների ու ձեւի մէջ։ Կարելի՞ է ասել որ անգա՛մ այս պայմաններում հնարաւոր եղաւ ծրագրուած շատ բաներ իրականացնել եւ կուսակցական աշխատանքները պահել իրենց հագեցած օրակարգի մէջ։

ՅՏԽ.- 2020 տարին սկսանք լաւատեսութեամբ, որովհետեւ մեծ ամեակներու տարի էր եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն կազմակերպած էր նախաձեռնութիւններ հայրենիքին մէջ եւ սփիւռքի տարածքին։ 2020թ. Փետրուարի 24 -28-ին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը իրագործուեցաւ առանց խանգարումի, բայց մարտ ամիսէն սկսեալ մեր բոլոր միջոցառումները կա’մ յետաձգուեցան, կա’մ ալ վերածուեցան առցանց ձեռնարկներու:

Այս տարուան ընթացքին ունէինք հետեւեալ գլխաւոր ձեռնարկները՝

– ՀՅԴ, ուղեկից միութիւններու՝ Համազգային Մշակութային Միութեան, ՀՄԸՄի եւ ՀՕՄի ինչպէս նաեւ Հայ Դատի կառոյցներու միացեալ խորհրդաժողովը, որ ծրագրած էինք Ապրիլին իրականացնելու Հայաստանի մէջ՝ յետաձգուեցաւ 2021ին:
– ՀՅԴ հիմնադիրներէն՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 115 ամեակին առիթով Պուլկարիոյ մէջ կազմակերպուելիք ուխտագնացութիւնը, շիրիմին այցելութիւնն ու նոր կիսանդրիի զետեղումը եւ խորհրդաժողովը յետաձգուեցան 2021ին, սակայն նախատեսուած հրատարակութիւնները լոյս տեսան։
– Սփիւռքի հարցերու 2020ի խորհրդաժողովը, որ կը ծրագրուէր իրականացնել Լիբանանի մէջ ամրան ընթացքին, յետաձգուեցաւ եւ կը միտինք զայն կազմակերպել 2021ին։ Մեր փափաքն էր, որ այս խորհրդաժողովը կայանայ մեր կաթողիկոսներու եւ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու հովանաւորութեամբ, համահայկական կառոյց ունեցող հայ կազմակերպութիւններու գործակցութեամբ եւ ՀՀ ու ԱՀ պետական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
– Այս տարուան ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու համահայկական ամառնային բանակումներն ալ յետաձգուեցան 2021ին:
– Սեւրի 100ամեակի, ինչպէս նաեւ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճռի նշումը մեծ շուքով պիտի տօնակատարուէին մեր նախաձեռնութեամբ Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆի մէջ: Հանրային միջոցառումները փոխարինուեցան առցանց յիշատակումներով. պատրաստուեցաւ վաւերագրական ֆիլմ մը, որ համաշխարհային սփռում ունեցաւ. հրատարակուեցաւ ՀՅԴ «Վէմ»ի մատենաշարի Սեւրի 100ամեակին նուիրուած հատորը:- Թէ՛ համաճարակին, թէ՛ ալ Արցախեան պատերազմին պատճառաւ չեղեալ համարուեցան կամ նուազագոյն տարողութեամբ տեղի ունեցան ՀՅԴ 130 ամեակի նշումները:
Բնականաբար այս նախաձեռնութիւններու ճակատագրին վրայ ազդեց նաեւ Արցախեան պատերազմը, որ կլանեց աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան ուշադրութիւնն ու ուժերը 27 սեպտեմբերէն սկսեալ: Հրադադարէն ետք էական դարձան Հայաստանին եւ Արցախին բազմաշերտ օժանդակութիւններ տրամադրելու հարցը եւ ժողովուրդին մէջ յոյսը վերականգնելու աշխատանքները, որոնք երկրորդ պլան մղեցին այլ նախաձեռնութիւնները:

ԴՐՕՇԱԿ.- Նոր տարին դիմաւորեցինք տագնապալի սպասումներով եւ անորոշութիւններով։ Անհոգ օրեր չեն սպասւում մեզ։ Առաջին հերթին յիշենք արցախցիների առջեւ ծառացած հոգսերի ու մարտահրաւէրների մասին։ Այնուամենայնիւ ամեն նոր տարուա հետ միշտ կապւում են լաւատեսական յոյսեր ու ակնկալիքներ։ Ի՞նչ կը մաղթէիք մեր հայրենիքին, մեր ժողովրդին եւ մեր ընկերներին։

ՅՏԽ.- 2020ը աղէտալի տարի էր. շարունակական հարուածներու եւ տագնապներու տարի: Կրկին յիշենք Լիբանանի մէջ հոկտեմբեր 2019էն սկսած անկումը, Սուրիոյ մէջ պատերազմական, տնտեսական եւ առողջապահական տագնապը, համաճարակի համաշխարհային աղէտը, Լիբանանի մէջ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթիւնը եւ վերջ ի վերջոյ վերանկախացեալ մեր հայրենիքի նոր պատմութեան Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութեան մեծագոյն աղէտը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ալ, շատերու նման, ստիպուեցաւ վերանայիլ իր ծրագիրները, վերարժեւորել անոնցմէ մէկ քանիին առաջնահերթութիւնները եւ կեդրոնանալ այդ այլազան տագնապներու եւ աղէտներու բերումով հայ ժողովուրդին կրած վնասներուն եւ հայրենիքին ու հայութեան տրամադրելի օժանդակութեանց վրայ։ Միաժամանակ անշուշտ, չենք մոռնար այս յուսահատական մթնոլորտէն մեր ժողովուրդը դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոր վերադառնայ իր առասպելական արիութեան ոգին։

Ուրեմն մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին կը մաղթենք վճռակամութիւն՝ վանելու համար համատարած ընկճուածութիւնն ու պարտուողական հոգեբանութիւնը. իսկ մեր ընկերներէն կ’ակնկալենք, որ մնան պինդ՝ վերանորոգ կորովով եւ անսակարկ նուիրումով կեդրոնանալու 2021ի հետեւեալ առաջնահերթութիւններուն վրան.

1.Հայաստանի եւ Արցախի մէջ քաղաքական բեկումնային փոփոխութիւն.

Փաշինեանի եւ իր վարչախումբի հեռացումը առաջին էական քայլն է։ Ազգային փրկութեան կառավարութեան հաստատումէն ետք պարտինք համախմբել հայրենի ու համահայկական ուժերը, միասնաբար դիմագրաւելու հայրենի մարտահրաւէրները՝ հաստատելու համերաշխութիւն եւ քաղաքական բնականոն գործընթացներ, վերադարձնելու ազգային գաղափարախօսութիւնը որպէս հիմնարար սկզբունք, ամրապնդելու ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը, կասեցնելու տնտեսական գահավիժումը, ապահովելու բոլոր հայ գերիներու վերադարձը, յաւերժացնելու Արցախի պատերազմի նահատակներուն յիշատակը եւ հասնելու անոնց ու վիրաւոր զինուորներու եւ կամաւոր ազատամարտիկներու ընտանիքներու կարիքներուն, հզօրացնելու հայոց բանակը, վերահաստատելու Արցախի կարգավիճակի շուրջ բանակցութիւնները, բարելաւելու Հայաստան-Ռուսիա եւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները եւ վերադարձնելու բանականութիւնը քաղաքական փոխյարաբերութեանց մէջ:

2. Արցախի վերականգնում.

Դաշնակցութեան համար Արցախի նորօրեայ կորուստները մնայուն չեն. հրադադար հաստատուած է, բայց պատերազմը չէ աւարտած. պիտի գայ պահը վերականգնելու Արցախի իրաւունքներն ու ամբողջական սահմանները: Մինչ այդ՝ անհրաժեշտ է հրադադարի պայմանները բարելաւել, վերակառուցել քաղաքներն ու գիւղերը, Արցախահայութեան համար ապահովել ԱՀ վերադարձի բարենպաստ պայմաններ, հասնիլ անօթեւան ընտանիքներու կարիքներուն, զարգացնել տնտեսութիւնը, իսկ համաշխարհային մակարդակի վրայ շեշտել Արցախի բացարձակ ինքնորոշման իրաւունքը եւ աշխատիլ վերականգնելու Մինսկի խումբի համանախագահութեան ներքոյ բանակցային գործընթացը:

3. Սփիւռքի վերաշխուժացում.

Սփիւռքն ալ պարտինք դուրս բերել Արցախեան կորուստի յարուցած ահաւոր ցնցումէն: Եւ անոր վերադարձնել հաւատը հայրենիքի եւ հայութեան պայծառ ապագային նկատմամբ: Կը յուսամ որ կը կարողանանք 2021ին իրականացնել նաեւ Սփիւռքի հարցերու խորհրդաժողովը՝ արտերկրի հայութեան նոր աւիշ հայթայթելու եւ համահայկական առաջնահերթութիւնները ճշդելու համար:

Մենք բոլորս, որպէս մէկ ու ամբողջական հայութիւն, պէտք է սթափօրէն գնահատենք, թէ կը գտնուինք միանգամայն նոր կացութեան առաջ։ Այդ կը պահանջէ նոր ծրագրումներ եւ, ի հարկէ, բազմապատկուած ջանքեր՝ տասնամեակներու փոթորկալի ճամբայ կտրած, սակայն մեծ ալեկոծութեան պատճառաւ ետ շպրտուած մեր ազգային նաւուն ընթացքը կրկին ուղղորդելու համար դէպի ազգային մեծ նպատակներու հասցնող հանգրուաններ: Արդ՝ բոլորս պարտինք աշխատիլ վերահաստատելու հայութեան միասնականութիւնը, վերականգնելու այն հաւատն ու ոգին, որոնք երկար դարերու եւ փորձութիւններու ընդմէջէն ապահոված են ազգային մեր դժուար երթը: Մենք պարտաւոր ենք կատարելու հետեւութիւններ մեր ոչ հեռաւոր անցեալի սխալներէն ու բացթողումներէն եւ մեջքերնիս շտկած, միտքերնիս պարզած առաջ շարժելու, կողմնորոշուելով միայն մեր ազգային գերագոյն շահերով ու ազգային իդէալներով:

«Դրօշակ», թիվ 1 (1647), հունվար, 2021 թ. 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.