Պէտք է ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսի հետ

«Հորիզոն».- Նոյեմբեր 4-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հեռակապով հարցազրոյց ունեցաւ Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսի հետ։

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 27-ին, Գանատայի Ծերակոյտի հերթական նիստին, Ծերակոյտի անդամ եւ Գանատայի Վերին Պալատի նախկին խօսնակ Լէօ Հուսաքոս յայտարարութեամբ ելոյթ ունեցած էր, յայտնելով, որ Ծերակոյտի սեղանին պիտի ներկայացնէ բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Գանատայի կառավարութենէն Արցախի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումը դատապարտել եւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։

Հարցազրոյցի ընթացքին, Ծերակուտական Հուսաքոս խոր մտահոգութիւն յայտնեց երեք յաջորդական հրադադարներու խախտման գծով։ Ան շեշտեց նաեւ, որ եթէ միջազգային ընտանիքը իսկապէս հետաքրքրուած է խաղաղ բնակչութեան կեանքը փրկելու առաջադրանքով, պէտք է դիմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու քայլին։

Գանատացի քաղաքական պաշտօնատարը նաեւ անընդունելի նկատեց այն իրողութիւնը,որ Արեւմուտքը Էրտողանի նման բռնակալի մը Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու սանձարարձակութիւնները թոյլատրած է, կայսրութիւն մը՝ ամբողջովին կառուցուած ու գոյատեւած ցեղասպանութիւններու եւ բռնագրաւումներու միջոցով, իսկ այժմ, նոյն այդ Արեւմուտքը իր աշխարհաքաղաքական դաշինքներէն ու շահերէն դրդուած, կը թոյլատրէ հաւանական նոր ցեղասպանութիւն մը՝ այս անգամ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ։

Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ ծերակուտականը նաեւ շեշտեց, որ Գանատայի կառավարութեիւնը մշտականօրէն պէտք է կասեցնէ գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Անգարայի։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.