Պէյրութի մէջ սկսաւ գործել Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը

 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի տնօրինութեամբ, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հաստատուեցաւ Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը` նպատակ ունենալով յաւելեալ զարկ տալ Հայ դատի ծանօթացման ու հետապնդման աշխատանքներուն Լիբանանի մէջ:

 

Հայ դատի Պէյրութի գրասենեակը կու գայ աւելնալու Հայ դատի աշխատանքին նուիրուած աշխարհատարած ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու շղթային:

Գրասենեակի տնօրէնութիւնը ստանձնած է Սօսի Սարգիսեան, DEA վկայեալ լիբանանեան համալսարանէն, ընկերաբանութիւն-տնտեսագիտութիւն եւ քաղաքական գիտութեանց մարզերուն մէջ: Ան մագիստրոսի վկայականին արժանացած է «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանէն` ընկերաբանութեան ճիւղին մէջ:

Սօսի Սարգիսեան երկար տարիներ եղած է Հայ դատի եւ քարոզչական յանձնախումբերու անդամ, յօդուածներով եւ հարցազրոյցներով հանդէս եկած է Հայ դատի ծանօթացման աշխատանքներուն: Հրատարակած է «Եւ կեանքը կը շարունակուի» խորագիրով ֆրանսատառ հատոր մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.