Պաքու Նիւ Տելհիին Կոչ Ուղղեց՝ «Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Հարցին Նկատմամբ Ուշադիր Ըլլալու»

Պաքու կոչ ուղղեց Նիւ Տելհիին « Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հարցին նկատմամբ ուշադիր ըլլալու»: 14 Մայիսին այս յայտարարութիւն կատարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Եալչին Ռաֆիեւ` մեկնաբանելով Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ վերջերս ծագած լարուածութիւնը եւ Պաքուի անվերապահ աջակցութիւնը Իսլամապատին:

«Փաքիստան-Հնդկաստան հակամարտութեան հարցին մէջ Ատրպէյճանի տեսակէտը հիմնուած է միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ», յայտնեց Ռաֆիեւ՝ աւելցնելով. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ բոլոր պետութիւնները, որոնց կարգին Հնդկաստան, չդիմեն այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան հարուած հասցնել (Հայաստան-Ատրպէյճան) կարգաւորման գործընթացին»:

Նշենք, որ Երեւան եւ Տելհի բացայայտ կերպով կը յայտարարեն, թէ 2020ի պատերազմէն ետք պաշտպանական ոլորտին մէջ կը գործակցին: