Պաքու կը սպառնայ ձերբակալել տալ Արցախ այցելած կիպրացի քաղաքական գործիչ Թէոխարուսը

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դիմած են Կիպրոսի կառավարութեան ձերբակալելու եւ արտայանձնելու կիպրացի քաղաքական գործիչ, Կիպրոսի «Ալիլլենկիի» կուսակցութեան նախագահ եւ Հայ Դատի բարեկամ տոքթ. Էլէնի Թէոխարուսին։

2015-ին, նոյն անհիմն սադրանքով, Պաքուն դիմած էր Interpol-ին, ձերբակալելու եւ Պաքուի արտայանձնելու տոքթ. Էլէնի Թէոխարուսը, այն ամբաստանութեամբ, որ ան, անօրինական միջոցներով այցելած է Արցախ։ Այսօր, նոյն մեղադրանքը, նոր ամբաստանագիրով մը յանձնուած է Կիպրոսի ոստիկանութեան։

Հաղորդագրութիւնը մէջ կ՚ըսուի. «Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը, կը դատապարտէ Պաքուի սպառնալիքները, իր զօրակցութիւնը յայտնելով Տոկթ. Էլէնի Թէոխարուսին, որու անխոնջ աշխատանքը, մեծապէս նպաստած է Հայ ժողովուրդի դատին։ Տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս բազմաթիւ անգամներ այցելած է Արցախ ու իր արտակարգ ու անգնահատելի օժանդակութիւնը բերած Արցախի դատին։ Տոքթ. Թէոխարուս, Ստեփանակերտի պատուոյ քաղաքացի է։ Ան, կը վայելէ համայն հայութեան հիացումն ու յարգանքը»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.