Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ռուբէն Վարդանեանի Դէմ Շինծու Մեղադրանքներով Դատավարութեան Նիստը

6 Փետրուարին, Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ ընթացաւ բռնագրաւուած Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու մեղադրանքներով դատավարութեան հերթական նիստը:  Դատավարութիւնը կը կատարուի Պաքուի զինուորական դատարանի դատաւոր Զէյնալ Աղաեւի նախագահութեամբ:

Վարդանեանի դէմ շինծու գործը կը քննուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ գործէն անջատ:

Վարդանեանի պաշտպանը նախապէս միջնորդած էր անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժած էր այդ միջնորդութիւնը:

Ատրպէյճան Վարդանեանը կը մեղադրէ «խոշտանգումներու», «շահադիտական գործունէութեան», «պատերազմի օրէնքներու խախտման», «ահաբեկչութեան», «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման» եւ Ատրպէյճանի Քրէական օրէնսգիրքի այլ յօդուածներով:

Յիշեցնենք, որ շինծու դատավարութեան գործընթացը մեկնարկած էր 17 Յունուարին:

Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիները Պաքուի դատարանին կողմէ կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» մէջ:

Ատրպէյճանցի դատաւորին դիմաց կը կանգնին 15 հայեր` Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, պաշտպանութեան բանակի զինուած ուժերու նախկին ընդհանուր պետ Դաւիթ Մանուկեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, քաղաքացիներ` Վասիլի Բեգլարեան, Էրիկ Ղազարեան, Դաւիթ Ալավերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Լեւոն Բալայեան, Մադաթ Բաբայեան, Գարիկ Մարտիրոսեան եւ Մելիքսէթ Փաշայեան։