Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան տեսակցեցաւ վիրաւոր զինծառայողներուն հետ
7356
0
Դեկտեմբեր 7-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանը այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց: Այս մասին կը գրէ Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջը. «Ռազմաբժշկական ոլորտի պատասխանատուները նախարարին զեկուցել են հոսպիտալի վերականգնողական բաժանմունքում բուժում ստացող ժամկէտային զինծառայող Դաւիթ Մելիքբեկեանի, լեյտենանտ Ռաֆայել Ազիզեանի և փոխգնդապետ Արա Մխիթարեանի առողջական վիճակի և ապաքինման ընթացքի վերաբերեալ»,–նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Այցելութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը շրջած է զինուորական հիւանդանոցի տարբեր բաժանմունքներ եւ ծանօթացած շինարարական և վերանորոգման աշխատանքներուն: