Պանք Օթոման․ 130-ամեայ պատգամ մը՝ յանդգնութենէն դէպի ազգային յիշողութիւն

ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ

1890-ական թուականները հայ ժողովուրդին համար եղան ծանրագոյն փորձութիւններու շրջան մը։ Համիտեան ջարդերը, անապահովութիւնը եւ միջազգային խոստումներու դրժումը խոր հիասթափութիւն ստեղծած էին։ Այս պայմաններուն մէջ ծնաւ այն համոզումը, թէ միայն դիմումները եւ դիւանագիտական բողոքները այլեւս բաւարար չէին՝ միջազգային ուշադրութիւնը Հայկական հարցին վրայ պահելու համար։

Պանք Օթոմանի ընտրութիւնը պատահական չէր։ Դրամատունը Օսմանեան կայսրութեան ֆինանսական կեանքի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկն էր եւ սերտ կապեր ունէր եւրոպական դրամագլուխի հետ։ Հետեւաբար, անոր վրայ կատարուած գործողութիւնը ունէր նաեւ խոր քաղաքական նշանակութիւն. նպատակն էր ստիպել Եւրոպայի կառավարութիւնները եւ միջազգային մամուլը կրկին անդրադառնալու Հայկական հարցին։ Այսպէս, Դրամատունը դարձաւ քաղաքական բեմ մը, որմէ հայ յեղափոխականները փորձեցին իրենց ձայնը հասցնել աշխարհին։

Եւ այդպէս, գրաւուեցաւ Պանք Օթոմանը, 14 Օգոստոս 1896-ին:

Այս թուականը եւ գործողութիւնը ժամանակի հոլովոյթին հետ չմաշեցան։

Պանք Օթոմանի գրաւումը դուրս եկաւ զուտ պատմական յիշողութեան դաշտէն եւ դարձաւ ազգային յիշողութեան մաս մը՝ գաղափարական խորհրդանիշ մը հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան, քաղաքական պահանջատիրութեան եւ ազգային արժանապատուութեան։

Գործողութիւնը միայն յանդուգն քայլ մը չէր։ Անիկա քաղաքական պատգամ մըն էր՝ ուղղուած Օսմանեան իշխանութիւններուն եւ Եւրոպայի մեծ պետութիւններուն։ Պատգամ մը, որ կը յայտնէր, թէ հայ ժողովուրդը այլեւս պատրաստ չէր լուռ կերպով ընդունելու Արեւմտահայաստանի մէջ շարունակուող բռնութիւնները եւ անտեսուած մնալու միջազգային քաղաքականութեան մէջ։

Պանք Օթոմանի նշանակութիւնը կը գտնուի յաջորդ սերունդներուն փոխանցուած պատգամին մէջ։ Անիկա կը վկայէ, որ հայկական պահանջները այլեւս չէին կրնար մնալ միայն դիւանագիտական յուշագիրներու եւ չիրականացուած խոստումներու մակարդակին վրայ եւ որ ալ սպասելը հնարաւոր չէր: Անհրաժեշտ էր քայլ մը, որ պիտի ստեղծէր միջազգային արձագանգ եւ պիտի ստիպէր մեծ տէրութիւնները վերադառնալ իրենց իսկ յանձնառութիւններուն։ Եւ այդ քայլը կը պահանջէր գիտակցութիւն, կազմակերպուածութիւն, պատասխանատուութիւն եւ քաղաքական հեռատեսութիւն։

Գործողութիւնը նպատակ չունէր ռազմական յաղթանակ արձանագրելու կամ իշխանութիւն գրաւելու։ Անիկա նախ եւ առաջ կոչ մըն էր՝ ուղղուած միջազգային խիղճին բայց որ դարձաւ նաեւ գաղափարական դպրոց, որ իր մէջ կը մարմնաւորէր քանի մը հիմնական արժէք։

Առաջինը՝ անձնազոհութիւն։ Գործողութեան մասնակիցները պատրաստ եղան իրենց անձնական կեանքը ստորադասելու ազգային նպատակին։

Երկրորդը՝ կազմակերպուածութիւն։ Պանք Օթոմանը ցոյց տուաւ, որ ազգային պայքարը կը պահանջէ ոչ միայն կամք, այլ նաեւ ծրագրուած եւ նպատակային աշխատանք։

Երրորդը՝ ազգային պատասխանատուութիւն։ Անիկա արտայայտեց այն համոզումը, որ ժողովուրդներու իրաւունքները պաշտպանելու համար անհրաժեշտ է անձնական զոհողութիւն եւ յանձնառութիւն։

Եւ չորրորդը՝ քաղաքական հեռատեսութիւն։ Գործողութեան հիմնական ժառանգութիւնը ոչ թէ զէնքն էր, այլ այն մտածողութիւնը, որ ազգային պայքարը պէտք է ունենայ յստակ նպատակ, միջազգային ընկալում եւ ռազմավարական հաշուարկ։

Պատմութիւնը արժէք ունի միայն այն ժամանակ, երբ անիկա կը դառնայ ներկայ սերունդներուն ուղեցոյց։ Հետեւաբար, Պանք Օթոմանին անդրադառնալ չի նշանակեր անցեալի փառաբանութիւն։ Անիկա յիշեցում է, որ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կը պահանջէ տեսլական, կազմակերպուած աշխատանք եւ հետեւողական նուիրում։

Իր ժամանակէն անդին անցաւ «Պանք Օթոման» գործողութիւնը։

Գործողութիւն մը՝ որ դարձաւ գաղափար, իսկ գաղափարը՝ ժառանգութիւն։