Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Ժան Շարէի հանդիպումը Հայ Դատի յանձնախումբին հետ

Սեպտեմբերին կայանալիք Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսացկութեան ղեկավարի ընտրութեան ծիրէն ներս, ղեկավարի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը առաջադրած Քեպէգ նահանգի նախկին վարչապետ Ժան Շարէ Մոնթրէալի մէջ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Քեպէգի ազգային փոքրամասնութիւններու պատուիրակութեանց հետ, որոնց շարքին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համա-ատենապետ Հրակ Տարագճեան եւ յանձնախումբի անդամ Վարանդ Եափուճեան։ Ժան Շարէի հետ առանձին հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ներկայացուց գանատահայ համայնքին վերաբերող տարբեր խնդիրներ եւ քաղաքական ոլորտէն ներս գանատահայութիւնը շահագրգռող առաջնահերթութիւններ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.