«Չորրորդ Հանրապետութիւն»՝ Փաշինեանի կառավարութիւնը անորոշ տեսլականը կը ներկայացնէ իբրեւ պետականութեան նոր փուլ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին յայտարարեց, որ 2026-2031 թուականներու կառավարութեան ծրագրով Հայաստանը կը թեւակոխէ իր պատմութեան այն փուլը, զոր իշխանութիւնը կը բնորոշէ իբրեւ «Չորրորդ Հանրապետութիւն»։
Ծրագրի նախաբանին մէջ կը նշուի, որ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութիւնը ստացած է ժողովուրդի հաւանութիւնը եւ պիտի հանդիսանայ կառավարութեան յառաջիկայ հնգամեայ քաղաքականութեան հիմքը։ Իշխանութիւնը այս գաղափարախօսութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ իբրեւ խաղաղութեան հաստատման եւ ամրապնդման գլխաւոր հենք։
Կառավարութեան ծրագրով նախատեսուած ուղենիշներուն շարքին են տարեկան միջինը 6 առ հարիւր տնտեսական աճը, 125 հազար նոր աշխատատեղերու ստեղծումը, հայկական արտադրանքի արտածման առնուազն կրկնապատկումը, արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական արտադրութեան 50 առ հարիւր աճը, աղքատութեան նուազեցումը հինգ տոկոսային կէտով եւ պետական ու համայնքային հիմնական ծառայութիւններու թուայնացումը։
Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ 300 դպրոցներու, 30 քոլէճներու, 100 մանկապարտէզներու եւ այլ կրթական ու մարզական կառոյցներու կառուցում կամ հիմնանորոգում, 2500 քիլոմեթր ճանապարհներու եւ 40 կամուրջներու կառուցում կամ նորոգում, ինչպէս նաեւ ջրամբարներու, ոռոգման համակարգերու եւ ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու ընդլայնում։
Արհեստագիտական ոլորտին մէջ կառավարութիւնը կը նախատեսէ զարգացնել արհեստական բանականութեան հաշուարկային կարողականութիւնները՝ նպատակադրելով առնուազն 100 հազար GPU-ի համարժէք կարողութիւն, ինչպէս նաեւ ձեռք բերել եւ շահագործել Երկրի դիտարկման երկու եւ հեռահաղորդակցական մէկ արբանեակ։
Արտաքին քաղաքականութեան բաժինով կառավարութիւնը կը յայտարարէ «հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման» քաղաքականութեան շարունակութիւնը՝ առանձնայատուկ շեշտ դնելով տարածաշրջանային յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։
Ադրբեջանի հետ կառավարութիւնը կը նախատեսէ շարունակել խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման եւ վաւերացման, սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացները, ինչպէս նաեւ խթանել երկկողմ առեւտուրն ու քաղաքացիական հասարակութիւններու շփումները։ Թուրքիոյ հետ առաջնահերթութիւն կը նկատուին դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, սահմանի բացումը եւ առնուազն երկու արդիական անցակէտերու գործարկումը։
Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ Իրանի եւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացում, Եւրոպական Միութեան հետ համարկման ընթացքի շարունակութիւն եւ մուտքի արտօնագրերու ազատականացում, Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացում եւ TRIPP նախագիծի իրագործում։ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ շարք մը այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու վերափոխումը եւս ընդգրկուած են արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մէջ։
Միաժամանակ, կառավարութեան ծրագիրը կը ներառէ մեծաթիւ չափազանց յաւակնոտ թուային եւ ենթակառուցուածքային թիրախներ, մինչ փաստաթուղթին ներկայացուած ընդհանուր ուղղութիւնները դեռ ամբողջական պատկեր չեն տար անոնց ֆինանսաւորման, իրագործման գործիքակազմին եւ սահմանուած ժամկէտներուն հասնելու իրատեսականութեան մասին։
«Չորրորդ Հանրապետութեան» գաղափարը եւս կառավարութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ պետականութեան նոր փուլի մեկնարկ, սակայն այս ձեւակերպումին քաղաքական եւ սահմանադրական բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ նախորդ հանրապետութիւններուն նկատմամբ նախատեսուող իրական փոփոխութիւնները, ծրագրին մէջ յստակ կերպով չեն սահմանուիր։