Չմարող անցեալը․ Ի գործ՝ զինուած արդարութեան ամբողջ զօրութեամբ 

Այս օրերուն հայ ժողովուրդի ազգային ողբերգութեան 105-ամեակի առիթով համայն հայութիւնը հայրենիքի ու ամբողջ աշխարհի մէջ կ’իրականացնէ ոգեկոչման արարողութիւններ ու միջոցառումներ, գլուխ կը խոնարհէ 1,5 միլիոն նահատակներու սուրբ յիշատակի առջեւ, կը հաւաստէ ապրելու իր անկոտրում կամքը՝ երբեք չփակելով իր պահանջատիրութեան պատմական էջերը։

Նոյնն է եղած ամեն տարի և արդէն 105 տարի։

Կը կարդանք ՀՅԴ Գանատայի արխիւները, եւ ահա 23 նոյեմբեր 1975 թուական, Հայոց Ցեղասպանութեան վաթսունամեակի ոգեկոչման առթիւ շրջաբերական թիւ 11՝ յղուած Հ․Յ․Դ Գանատայի Կոմիտէներուն եւ բոլոր ընկերներուն․

Ընկերներ՝

1975ը 60-ամեակն է հայասպանութեան։ Անշուշտ համայն Հայութիւնը պիտի նշէ եղեռնի տարեդարձը զանազան տարազներով։ ՀՅԴ Դաշնակցութիւնը, յենելով իր Ի Ընդհանուր ժողովի տրամադրութիւններուն վրայ, որոշած է 60-ամեակի տօնակատարութիւնը դարձնել սփիւռքահայութեան քաղաքականացման պայքարի եւ Հայ Դատի իրականացման ճակատումի մէկ նոր հանգրուանը։ Տօնակատարութիւնները ինքնին չեն ներկայացներ դատ մը կամ գաղափարաբանութիւն մը անոնք միջոց են քարոզչութեան, թէ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ անոնք լարումի  մթնոլորտ կը ստեղծեն միայն։ 1975-ի 60-ամեակի տօնակատարութիւնը պէտք է ըլլայ այն բացառիկ յայտարարը, որ երիտասարդութիւնը պիտի լծէ Հայ Դատի լուծման հետզհետէ աւելի պահանջկոտ գործին, որ մեր ցրուած գաղութները պիտի շաղկապէ իրար, ունենալով ՄԷԿ նպատակ՝ Հայ Դատի պայքար։ Ուստի, զինուած ամբողջական հայութեան գերագոյն նպատակի արդարութեան ամբողջ զօրութեամբ, անցնինք գործի։

Մեր առջեւ ունինք գործունէութեան լայն ասպարեզ եւ որպէսզի կարողանանք կարգի դնել մեր ազգային, կուսակցական, միջ-միութենական, ու ասոնցմէ շատ աւելին, գլխագիր աւելին՝ քաղաքական, յարաբերական թէ այլ տեսակ աշխատանքները, պարտաւոր ենք մէկտեղել մեր ուժերը, համադրել հաւաքական ճիգը, մէկ ուղեգծի մէջ ներդնել մեր բովանդակ կարելին, զոհաբերել քիչ մը ամէն բան ու մեր նիւթական եւ բարոյական բոլոր ուժերը, միջոցներն ու հնարաւորութիւնները ի սպաս դնել մեր քաղաքական եւ ընկերային իտէալներու իրականացման դժուար ուղիին վրայ։ Կազմակերպական, քաղաքական թէ ցուցական որևէ աշխատանք, աշխարհի այսօրուայ պայմաններուն մէջ մանաւանդ, անխուսափելիօրէն կապուած է նաև նիւթական ԿԱՐԵՒՈՐ զոհողութիւններուն հետ։ Ահա թե ինչու անխախտ հաւատք ունենալով հանդերձ, ամեն մէկ դաշնակցական ընկեր, իրերու ներկայ կացութեան մէջ՝ ամէն բանէ առաջ պատրաստ պէտք է ըլլայ կատարելու նիւթական լայն զոհողութիւններ ու այս ճամբով նաեւ եւ ի մասնաւորի գաղափարակից ու բարեկամ ամէն հայ անհատ։ Կը կրկնենք, հարկաւոր է ամէն մէկ ընկերոջ, ամէն մէկ հայու անսակարկ եւ անվերապահ մասնակցութիւնը։

Պատրաստ պէտք է ըլլանք՝ հայ ազգային իրաւունքներու հանդէպ եւ մեր գերագոյն նպատակներու իրագործման ճամբուն վրայ տքնելու անդուլ եւ անդադար։ Այս համոզումով է որ մենք լծուած ենք գործի, ու այս է որ մենք կը պահանջենք մեր Կոմիտէներէն եւ Կոմիտէութիւններէն։

ՀՅԴ Գանատայի Մեկուսի Կոմիտէ

 

Նույն արխիվի էջերու մէջ կը ծանօթանանք Հ․Յ․Դ Գանատայի Մեկուսի Կոմիտէի 27 Յուլիս 1974 թուականի տեղեկատու թիւ 2-ին, յղուած ընկերներուն յատուկ․ Տեղեկատուն կ’ընդգրկէ 1974 թուականին «Հայ Դատի» Յանձնախումբի տարած պայքարը՝ յանուն հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներու արդար հատուցման։

Ա Ֆրանսա

Մարսէյի «Հայ Դատի» Յանձնախումբը յղած է բողոքի նամակներ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուներ պրն Ֆրանսուա Միթթէրանի եւ պրն Վալերի Ժիսքար Տէսթէնի։
Պրն
Միթթէրան յայտնած է, որ պրն Փիէռ Ժիւվինյի՝ Մարտ 6-ին խօսք առնող Ֆրանսայի ներկայացուցիչը, մաս կը կազմէ նախագահական ընտրապայքարի բարեկամներու խմբակին եւ որ մեր բողոքը պիտի փոխանցէ անոր։

Ապագայ նախագահը, պրն Վալերի Ժիսքար Տէսթէն իր գրաւոր պատասխանով յայտնած է, որ իր համոզումով ֆրանսայի դերը, ՄԱԿ-էն ներս թէ այլուր, կը կայանայ պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան գործօն հետապնդման մէջ, որ հայոց պարագան օրինակ մըն է եւ պատմականօրէն հաստատ ճշմարտութեան եւ որ 1915-ի դէպքը անկասկած որ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւն մըն է։

Բ Անգլիա

Անգլիոյ «Հայ Դատի» Յանձնախումբը օգտագործած է Ապրիլ 24-ը քայլարշաւի եւ թրքական դեսպանատան առաջ ցոյցի համար։ Ան դիմած է Վարչապետարան ու յանձնած Հայ Դատը բացատրող եւ անգլիական կառավարութենէն Հայ Դատի պաշտպանութիւնը պահանջող նամակ մը ուղղուած է Վարչապետ Հարոլտ Ուիլսընին։

Մայիս 18-ին Վարչապետարանէն ստացուած է կառավարութեան տեսակէտը եւ դիրքը արտայայտող պատասխան նամակ մը։

Յանձնախումբը արդէն պատրաստ է աւելի մանրամասն հիմնաւորումներով պատասխանելու Վարչապետին եւ այդ ճամբով Վարչապետարանին։

Գ Աւստրալիա

Սիտնիի «Հայ Դատի» Յանձնախումբը կազմակերպած է խաղաղ ցոյց թրքական դեսպանատան առաջ։ Ներկայ եղած են հեռատեսիլի եւ թեթրերու ներկայացուցիչները։ Թուրք դեսպանը մերժած է ընդունիլ Յանձնախումբի Յուշագիրը յայտնելով թէ իրեն հրահանգուած է ոչ գալ ներկայացուցիչ ընդունիլու, ոչ ալ Յուշագիր։

Յանձնախումբը կազմակերպած է նաեւ տողանցք 1200 հոգիով Սիտնիի կեդրոնէն դէպի անծանօթ Զինւորին գերեզմանը։ Ան ուղարկած է նաեւ բողոքի հեռագրեր թէ իր եւ թէ անհատ հայերու անունով, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Քուրթ Վալտհայմի, Մարդկային Իրաւանց Ենթայանձնախումբի նախագահութեան եւ հետեւեալ երկիրներու Աւստրալական դեսպաններուն– Մ Նահանգներ, Ֆրանսա, Իտալիա, Հնդկաստան, Պարսկաստան, Աւստրիա, Փաքիստան։

Ստացած են պատասխաններ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններէն ինչպէս նաեւ մանրամասն նամակ մը ՄԱԿ-ի փոխ-ընդհանուր քարտուղարէն։

Դ Լիբանան

Լիբանանի «Հայ Դատի» Յանձնախումբը գործեց Զաւարեան Ուսանողական Միութեան հետ միասին շրջանի մարմնի հովանաւորութեան ներքեւ։

Զաւարեան Ուս Միութիւնը ձեռնարկեց հայ ուսանողական միութիւններու միացեալ մարմնի մը ստեղծման։ Այդ միացեալ մարմնի մաս կազմեցին բոլոր Հայ յարանուանութեանց եւ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները։ Ծրագրումի եւ գործադրութեան աշխատանքներու 90 առ հարիւր տոկոսը տարին մեր ընկերները։

Ուսանողական Միացեալ Մարմինը տուաւ մամլոյ ասուլիս մօտաւորապէս 5000 հոգիով դիմեց թրքական դեսպանատուն եւ փորձեց յանձնել Յուշագիր մը, որ մերժուեցաւ։

Միացեալ Մարմնի անունով Յուշագրեր ներկայացուեցան նաեւ Իտալիոյ, Աւստրիոյ, Փաքիստանի, Մ Նահանգներու, Հնդկաստանի, Ֆրանսայի, Ռումանիոյ, Անգլիոյ եւ Խ Միութեան դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին։

Կազմակերպուեցաւ նաեւ երիտասարդական մեծ միթինկ։ Մամուլը լայն կերպով անդրադարձաւ ցոյցին եւ Մարտ 6-ի նիստին առթիւ մեր արտայայտած ընդվզումին։

Ե Քալիֆորնիա

Ապրիլ 17-ին երիտասարդներ գրաւեցին քոնկրէսմեններ Ճորճ Տանիէլսնի եւ Չէթ Հոլիֆիլտի գրասենեակները եւ յայտնեցին, որ դուրս պիտի չելլեն մինչեւ որ քոնկրէսմենները լսեն իրենց պահանջները եւ ընթացք տան անոնց։

Քոնկրէսմենները գրաւոր խոստոմ տուին, որ մեր ներկայացուցած հարցերը, պիտի արծարծեն Մ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան ժողովին եւ որ պիտի հարցապնդեն Ամերիկեան կառավարութիւնը թրքանպաստ իր կեցուածքին գծով։

Թերթերը եւ ձայնասփիւռի կայաններ անդրադարձան գրաւման եւ կատարուած յայտարարութիւններուն։

Ընկերներ,

Ամփոփ գծերու մէջ փորձեցինք տալ աշխատանքներու ծաւալը եւ արդիւնքի պատկերը։ Տեղեակ ենք, որ աշխատանքներ կատարուած են նաեւ Հարաւային Ամերիկայի, Պարսկաստանի եւ Ֆրանսայի այլ շրջաններուն մէջ։

Սակայն առայժմ, ի վիճակի չենք ճշգրտօրէն տեղեկագրելու, քանի մենք մեր կարգին չենք ստացած անհրաժեշտ զեկույցները։ Մինչ այդ, կուզենք շեշտել, որ միայն յարատեւ եւ կազմակերպուած աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ Հայ Դատի պայքարը տանիլ իր յաջորդ հանգրուանին, ցեղասպանութեան 60-ամեակի ցուցիչ տօնակատարութեան։

Կը փակենք ընկերական ջերմ բարեւներով,

ՀՅԴ Գանատայի Մեկուսի Կոմիտէ

Համայն հայութիւնը արդեն 105 տարիներէ ի վեր կը վերահաստատէ իր պահանջատիրական ձայնը․ ան և՛Հա կը յիշէ և՛ կը պահանջէ։

ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.