Ուաշինկթընի դեսպանատան խորհրդանիշը ահաւասիկ կը մարմնաւորուի Արմէն Գարոյի արձանով

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՀ դեսպանատան մէջ կայացած Արմէն Գարոյի կեսանդրիի բացման արարողութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքի հայերէն հատուածը։

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ինծի համար կրկնակի ուրախութիւն է, որ այսօր՝ մեր հարիւրամեակի տօնակատարութեան կ’ընկերակցի Արմէն Գարոյի (1872 – 1923) կիսանդրիի բացումը: ՀՅԴ կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պրն. դեսպանին որ այս ծրագրի առաջարկը որդեգրելով առիթը ընձեռնեց, որ միասնաբար աշխատինք մնայուն խորհրդանիշ մը կանգնեցնելու ՀՀ դեսպանատան առջեւ հայկական հողի վրայ: Եւ որքան յատկանշական է, որ Ուաշինկթընի դեսպանատան խորհրդանիշը ահաւասիկ կը մարմնաւորուի Արմէն Գարոյի արձանովը, որ ՀՀ առաջին դեսպանն էր ԱՄՆի մէջ: Արմէն Գարոն ժամանակի նուիրեալ ղեկավարութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն էր՝ ազգային հերոս, ազգային ազատագրական շարժումի ղեկավար եւ դիւանագէտ:

Գիտական միտք – որովհետեւ մասնագիտութեանբ քիմիագիտութեան դոկտոր էր ան – որ իր կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի ծառայութեան գործին: Զէյթունի ապստամբութենէն՝ Պանք Օթթոմանի գրաւում՝ ֆրանսա եւ Թուրքիա գործուղում՝ Հայ-Թաթարական կռիւներու մասնակցութիւն, Թիֆլիսի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպում՝ 1908-ի Սահմանադրութենէն ետք չորս տարի Օսմանեան Խորհրդարանի պատգամաւոր՝ հայկական բարենորոգումներու ծրագրի առաջնորդ, կամաւորական միաւորներու կազմակերպիչ, Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներութեան անդամ, Նեմեսիսի կազմակերպիչ եւ անշուշտ՝ ՀՀ դեսպան: 51 կարճ բայց իմաստալից տարիներու վրայ տարածուող կեանք մը, որ Ցեղասպանութենէն վշտահար՝ սրտի տագնապի հետեւանքով շիջեցաւ կանուխ Զուիցերիոյ մէջ:

Եւ ահա քիչ ետք պիտի յաւերժացնենք Արմէն Գարոյի յիշատակը Ուաշինկթընի մէջ եւս:

Յատուկ շնորհակալութիւններ նաեւ քանդակագործ դոկտոր Մկրտիչ Տարագճեանին ու ճարտարապետ Արամ Ալաջաջեանին, որոնք սիրայօժար կերպով ստանձնեցին կիսանդրիին ու պատուանդանին կառուցումը. շնորհակալութիւն նաեւ ընկեր Զոհրապ Թազեանին որ այս նախաձեռնութեան գլխաւոր կնքահայրերէն է եւ որ այսօր ներկայացուած է հոս իր թոռնուհի՝ Ատրիէնով եւ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք հեռուէն ու մօտէն սատարեցին այս ծրագրի յաջողութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.