Որեւէ Հայկական Կողմ Չի Կրնար Ենթադրել, Որ Հնարաւոր Է Վերանայիլ Տարածքները՝ Վտանգի Տակ Դնելով Արցախի Բնակչութիւնը. Մնացականեանը՝ Լաւրովին

2014-ին առաջարկուած տարբերակը այսօր բանակցային սեղանի փաստաթուղթ չէ։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, այսօրուան մամուլի ասուլիսին ընթացքին՝ մեկնաբանելով ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը, որ այժմ աշխոյժ կերպով կը քննարկուի ղարաբաղեան հարցի փուլային կարգաւորման տարբերակը։

«Այո՛, այդ մեկնաբանութեան մէջ եղած են յղումներ բազմաթիւ փաստաթուղթերու՝ սկսեաք Քի Ուեսթէն մինչեւ վերջերս, խօսք եղած է նաեւ, թէ ինչ փաստաթուղթի մասին է խօսքը․ նման մօտեցումներ ի յայտ եկած են 2014, 2016 թուականներուն եւ ընդունելի չեն եղած հայկական կողմերուն համար։ 2014-ին առաջարկուած տարբերակը այսօր բանակցային սեղանի փաստաթուղթ չէ»,- ըսած է Զոհրապ Մնացականեան։

Ան վստահեցուցած է, որ հայկական կողմերուն համար ընդգծուած առաջնահերթութիւն է անվտանգութեան բաղադրիչը․ «Այն, ինչ կը վերաբերի տարածքներուն, ամէնէն բացի՝ ատիկա անվտանգութեան գօտի է եւ պաշտպանական գիծեր, որեւէ հայկական կողմ չի կրնար ենթադրել, որ հնարաւոր է վերանայիլ զայն՝ վտանգի տակ դնելով Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը, որեւէ կերպ կարելի չէ ենթադրել, որ հայկական կողմերը կ՝երթան զիջումներու, որոնք վտանգի տակ կրնան դնել Արցախի ժողովուրդը»։

Զոհրապ Մնացականեան ընգծած է, որ հիմնական սկզբունքներուն մէջ գոյութիւն ունի ինքնորոշման սկզբունքը, որ գերակայ տարր է հայկական կողմերուն համար։

«Ինքնորոշման իրաւունքի արտայայտումը կը նշանակէ իրավիճակի յստակեցում, ազատ կամարտայայտութեան իրաւունք առանց սահմանակումներու։ Խաղաղ կարգաւորումը հնարաւոր է փոխզիջումներու միջոցով․ զիջումներ չեն եղած եւ չեն ըլլար։ Հայկական կողմերը պիտի չենթադրեն որեւէ մօտեցում, որ ենթադրէ ԼՂ բնակչութեան սպառնալիք ստեղծելուն, առաւել եւս այն պայմաններուն մէջ, երբ այդ սպառնալիքը իրական է եւ գոյութենական։ Հայկական կողմին համար առաւել քան առաջնային է ինքնորոշման սկզբունքի արտայայտումը այս բանակցային գործընթացին մէջ»,- ըսած է Զոհրապ Մնացականեան։

Ան նշած է, որ փոխզիջումները պէտք է ըլլան համաչափ, որուն մէջ հայկական կողմերը կը տեսնեն լիարժէք արտայայտութիւն անվտանգութեան եւ իրավիճակի տարրի․ «Ասիկա եղած է եւ մնացած է հայկական կողմերուն մօտեցումը այս 2 տարուան ընթացքին։ Ասոր մասին մենք կը խօսինք բանակցութիւններու ժամանակ»։

Խնդրի յաջորդ կողմը, ըստ Մնացականեանի այն է, որ հայաստանեան կողմը մշտապէս նշած է, որ իր պատասխանատւութիւնը կը կրէ եւ ամբողջովին ներգրաւուած է բանակցային գործընթացին մէջ իր մասով, միեւնոյն ժամանակ՝ ՀՀ իշխանութիւնները չունին իրաւագիր Արցախի ժողովուրդէն ստացած։

«Արցախի մէջ վերջերս աւարտեցան ընտրութիւնները, Արցախի իշխանութիւնները ստացան համապատասխան իրաւագիրը ընտրութիւններու միջոցով եւ այս 2 տարիներուն հայաստանեան կողմը սերտօրէն աշխատած է արցախեան կողմին հետ»,- ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը։

Ան վստահեցուցած է, որ Արցախի ժողովուրդին վերաբերող որեւէ որոշում չի կրնար ընդունուիլ առանց Արցախի ժողովուրդին։

«Իմ գործընկերը ներկայացուցած է ի՛ր մօտեցումը, ես ներկայացուցի մե՛ր մօտոցումը։ Այս գործընթացը չունի այլընտրանք, քան խաղաղ կարգաւորումը, որովհետեւ հայկական կողմերը վճռականօրէն պիտի պաշտպանեն իրենց անվտանգութիւնը»,- ըսած է ան։

Զոհրապ Մնացականեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ համանախագահներուն հետ երեկուան տեսաժողովէն ետք, այսօր բոլոր կողմերուն ներգարվմամբ պիտի իրականանայ տեսաժողով․ «Այսօրուան մեր գերակայ խնդիրը կը վերաբերի մէկ բանի՝ երբ աշխարհը կեդրոնացած է «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին վրայ, զինադադարի պահպանումը առաւել քան գերակայ խնդիր է եւ մենք աշխատած ենք եւ պիտի աշխատինք այս ուղղութեամբ, մնացեալ հարցերը յետոյ»։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթի մէջ․

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.