Ոստիկանութիւնը Բերման Կ՛ենթարկէ Իշխանութեան Դէմ Բողոքող Կիները
1354
0
7 ապրիլին, «Վետօ» հասարակական–քաղաքական շարժման նախաձեռնութեամբ, Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով եւ ի բողոք Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած յանձնուողական քաղաքականութեան, կիներու քայլերթ տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակէն դէպի կառավարութեան շէնք: Մասնակից կիները կառավարութեան շէնքին մօտ վէճի բռնուեցան ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններուն հետ: Բողոքի շարժում կատարող կիներէն ոմանք բերման ենթարկուեցան ոստիկանութեան բաժին:
Աւելի ուշ բոլոր կիները ազատ արձակուեցան:
Բողոքի շարժումին եւ ոստիկանութեան բիրտ վարուելակերպին ընկերային ցանցերու վրայ արձագանգեց հայաստանեան հասարակութիւնը: