Ոչ Մէկ Արձագանգ Պետական Մարմիններէն. Պատերազմի Օրերուն Յունաստանէն Եկած 5 Թոն Օգնութիւնը Դեռ Մաքսատան Մէջ է

Մէկ շաբաթ է, որ ՀՅԴ Յունաստանի կառոյցը հրապարակած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) բողոք նամակը ուղղուած Հայաստանի ԱԳՆ-ին եւ ԱԻՆ-ին՝ կապուած այն բանի հետ, որ պատերազմէն անմիջապէս ետք Հայաստան ուղարկուած 5 թոն օգնութիւնը դեռ «Զուարթնոց»-ի մաքսատան մէջ է, եւ դեռ որեւէ տեղեկութիւն չունինք այդ օգնութեան ճակատագրէն: Այս մասին, ըստ News.am-ի, իրենց հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հայ օգնութեան միութեան Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լիզա Աւագեանը:

Ան նկարագրած է, թէ ինչպէս տեղի ունեցած է ամէն բան՝ նշելով. «Պատերազմէն անմիջապէս ետք, ինչպէս Սփիւռքի բոլոր համայնքները, մենք եւս անմիջապէս մեր ջանքերը ներդրինք, որ օգնութիւն ուղարկենք Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ մեր զինուորներուն, բանակին:

2021-ի Յունուարին Յունաստանի պետութեան կողմէ մեզի տրամադրուած երկու օդանաւերով 40 թոն ապրանք էր: Անոր 35 թոնը մարդասիրական օգնութեան հասցէատէրը Հայաստանի Հայ օգնութեան խաչն էր, որ մէկ ամիս ետք միայն կրցաւ դուրս բերել ապրանքները մաքսատունէն, որովհետեւ բաւական մեծ գումար պէտք եղաւ վճարելու, թէեւ ատիկա մարդասիրական օգնութիւն էր:

Իսկ ահա մօտաւորապէս 5 թոն ապրանքը, որ նախատեսուած էր զինուորներու եւ բանակի համար՝ հենակներ, դեղորայք, սայլակներ, այրուածքի դեղեր, որոնք շատ թանկարժէք ապրանքներ էին, մինչ օրս մնացած են «Զուարթնոց» օդակայանի մաքսատան պահեստին մէջ»:

Լիզա Աւագեանի խօսքով, իրենք մինչեւ վերջերս վստահ եղած են, որ ապրանքները հասած են բանակին, քանի որ գրաւոր իրենց տեղեկացուցած էին այդ մասին:

«Յանկարծ 2022 Յունուար 27-ին, «Զուարթնոց»-ի մաքսատունէն գրաւոր տեղեկացանք, որ այդ ապրանքները, որ հասցէագրուած էին ԱԻՆ-ին, դեռ պահեստի մէջ են, տեղ չեն հասած: Մենք շատ նեղուեցանք, որովհետեւ անոնք շատ թանկարժէք եւ այդ ժամանակ շատ կարեւոր ապրանքներ էին, որոնք մենք դժուարութեամբ կրցած էինք ուղարկել:

Մենք տեղեակ պահեցինք Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը իրավիճակին մասին, Փետրուար 6-ին հանդիպեցանք անոր, յանձնեցինք մեր բողոքի նամակը: Մենք կը պահանջէինք, որ այդքան ուշացումով ապրանքները հասնին բանակին: Դեսպանը ինքն ալ շատ զարմացաեւ եւ վատ զգաց այս կացութեան համար: Դեսպանը խոստացաւ յաջորդ օրն իսկ զբաղիլ այդ հարցով: Մօտաւորապէս մէկ շաբաթ սպասեցինք, դեսպանը մեզի հեռախօսով յայտնեց, որ ինքն ալ դեռ լուր չունի նախարարութենէն:

Մենք նաեւ դեսպանին ըսած էինք, որ եթէ պատասխան չունենանք, մենք մեզի իրաւունք կը վերապահենք հրապարակայնացնելու այս ամէնը: Երբ տեսանք, որ անելանելի իրավիճակի մէջ ենք, ապրանքներն ալ կը շարունակեն մնալ մաքսատան պահեստին մէջ, հրապարակեցինք մեր բողոքի նամակը»,- ըսած է ան։

Լիզա Աւագեանը համոզուած է, որ ԱԻՆ-ի մէջ շատ լաւ տեղեակ են այս պատմութեան մասին, քանի որ ստորագրած էր, որ պիտի ստանաայ այդ ապրանքները. «Մենք մաքսատունէն իմացանք, որ երեք անգամ պաշտօնեաներ գացած են՝ քննելու այդ ապրանքները, սակայն որեւէ քայլ չեն ըրած այդ ապրանքները մաքսատունէն դուրս բերելու եւ զինուորներուն հասցնելու համար»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.