Ոգեղէն պատը. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի յիշատակին
Այս գիշեր անձրեւը սանձարձակ է։ Իր խիստ ընկերներըª որոտում, փայլատակում, փոթորիկ իրարանցում մը ստեղծածª տեսակաւոր աղմուկով լեցուցած են գիշերային խաւարը։ Փայլակները երբեմն կը դաշունահարեն մթութեան պատը եւ կը ճեղքրտեն զայն։ Դեկտեմբերի ձմռան օրեր են, §կը պատահի¦ պիտի ըսէր լուսահոգի Ղեւոնդ սրբազան։
Հակառակ ճիգերուս, յայտնի է որ այս գիշեր եւս քունը փախուստ պիտի տայ։ Ու ահա դարձեալ մտմտուքները կը խուժեն ու շղթայի մը նման իրար կը յաջորդեն։ Կէս քուն, կէս արթուն վիճակը չեմ գիտեր որքան կը տեւէ։ Եւ ահա դուրսի ոռնոցներուն մէջէն թեթեւ փայլատակումի մը պէս, հին ձայն մը կը հասնի ականջիս.
– Վարուժ, ծուռ պատը կը փլի՛-չի՛ փլիր…
Չեմ գիտեր, այս վիճակը որքան երկարեցաւ, բայց քոյրս վառարանը վառած եւ առաւօտեան սուրճը սեղանին վրայ դրած էր արդէն, երբ երեսս ցօղուեցի ու անցայ նստասենեակ, որ միեւնոյն ատեն աշխատասենեակս է։
Սուրճի գաւաթը հազիւ բարձրացուցած, քոյրս կ՚ընդմիջէ.
– Կարծեմ Սուրէն սրբազանին բան մը պատահած է։ Գիշերը դիմատետրին մէջ գրութիւն մը երեւցաւ եւ շուտով ջնջուեցաւ…
Լուրը շուտով կը տարածուի։ Սուրէն սրբազան վախճանած է…
Սուրճի գաւաթը շրթունքիս, դարձեալ կը մտնեմ մտմտուքներու աշխարհ։ Եզրակացութիւն` ուղիղ ու հաստատ պատ մը եւս, ոգեղէն ամուր պատ մը փուլ կու գայ։։ Վաղեմի, իսկական վանականի մը եւ անբասիր քահանայի մը դիմանկարը կ՚ըստուերոտի…
Մեր օրերուն վանքի սեղանապետ մը ունեցանք Գրիգոր անունով։ Բոլորին համակրելի Գօգոն։ Փոքրակազմ, նիհար, կուզը ցցուած իւրայատուկ մարդուկ մը։ Յայտնի էր որ դժուարութիւններէ անցած, տառապած ու մինակ մնացած հայորդի մըն էր։ Հակառակ այդ բոլորին սակայն, տարօրինակ կերպով լաւատես մարդ էր Գօգոն։ Ամէն առաւօտ, կէսօր թէ երեկոյ, սեղանատան մէջ, բնականաբար կը հանդիպէի իրեն եւ որպիսութիւնը կը հարցնէի։ Կը պատասխանէր.
– Ծուռ պատը կը փլի, շիտակ պատը չի փլիր…
Քմծիծաղով մը կը հակառակէի իրեն, բայց ինք հաստատ կը կրկնէր.
– Ծուռ պատը կը փլի։
Պարոն Գրիգոր ինձմէ չէր նեղուեր, մտերմացած էինք։ Առանձին կը նստէինք, կը զրուցէինք։ Կը յարգէի, մտիկ կ՚ընէի զինք եւ կը քաջալերէի։
Մեր կարճ այս խօսակցութեանª կը փլի – չի փլիր, յաճախ ներկայ կ՚ըլլային միաբանակից եղբայրներս։
Յետագային, Սուրէն սրբազան, այս խօսակցութիւնը կարգախօսի վերածած էր։ Ե՞րբ եւ ո՛ւր հանդիպէինք, Հալէպ, որ ինք կը հրաւիրէր զիս, Կիպրոս, ուր ես կը հիւրընկալէի զինք, Գանատա, ուր կը մնար վերջին տարիներուն, ողջագուրուելէ առաջ, թեւատարած եւ իրեն յատուկ խանդավառութեամբ կը բարձրաձայնէր.
– Վարո¯ւժ, ծուռ պատը կը փլի՛-չի՛ փլիր։
Հիմա, այդ ձայնը չի հնչեր ականջիս ու ա՛լ պիտի չհնչէ, բայց մեղմ ալիքի մը պէս կը թրթռայ ներաշխարհիս մէջ։
Ուղիղ ու հաստատ պատ մըն ալ փլաւ։ Բայց արդեօ՞ք փլաւ…
Զարեհ սքանչելի եւ վեհաշուք հայրապետի շունչով շաղախուած Սուրէն անուն տոկուն պատը կործանեցա՞ւ։
Մեծի տանն կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատքով թրծուած ու անոր հաւատարիմ ու ջերմ պաշտպան Սուրէն անուն կարծր պատը քայքայուեցա՞ւ։
Սրտակից միաբան, հայր, եղբայր ու մշտաժպիտ Սուրէն անուն ամրակառոյց պատը խորտակուեցա՞ւ։
Սուրէն սրբազան, որուն հետ աւելի քան յիսուն տարիներու եղբայրական մտերմութիւն մը ապրեցայ, ինծի համար սովորական եկեղեցական մը չէր, սովորական հովիւ մը չէր, սովորական առաջնորդ մը չէր, այլ աւելին, շատ աւելին էր։ Ամէն անգամ որ զինք տեսնէի, Ղեւոնդ երէցը կ՚ուրուագծուէր դիմացս։ Նո՛յն քահանան, նո՛յն հայրը, նո՛յն հայրենասէրը, նո՛յն հաւատաւորը, նոյն ներշնչեալը։ Աղօթքի, խօսքի, քարոզի կամ պատգամի ատեն, Սուրէն սրբազան բառերով չէր խօսեր։ Իր շրթունքէն սէրն էր որ կը հոսէր, անձրեւի պէս կը տեղար։ Հաւատքըª գարնան թէ աշնան ցօղի պէս իր հոգիի կծիկներէն կը քամէր ու կը թափէր, կը տարածուէր ու կը ծածկէր համախմբուած հոգիները։ Յոյսը՝ իր ջիղերէն ու մկաններէն եղեամի պէս կը ցօղուէր զինք շրջապատող հոգիներուն վրայ։ Բարութիւնը, հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը մեղրի պէս կը ծորէին իր սրտէն ու թոքերէն։ Պաշտօնական թէ մտերմիկ զրոյցներու ժամանակ իսկ կը վեհանար, կը վերանար ամբողջ սրտով, մտքով ու մարմնով։ Կը յարգէր, կը խրախուսէր, կը յուսադրէր։ Ինչպէս սիրտը բաց էր բոլորին դիմաց, իր տան դռները եւս բաց եղան բոլորին դիմաց։ Եղաւ օրինակելի հայր, եղաւ օրինակելի եղբայր բոլորինª ճշմարիտ հոգեւորականի, ճշմարիտ եկեղեցականի, ճշմարիտ քահանայի վարքով, բարքով ու ապրելակերպով։
Այս օրերուն կ՚ըսեն ու կը գրեն, որ վախճանեցաւ Սուրէն արքեպիսկոպոսը։ Վերջացաւ, մեռաւ Սուրէն սրբազանը։ Արդեօ՞ք։ Չեմ խորհիր։ Սուրէն սրբազանª ոգեղէն պատը, պարզապէս պատի վտանգաւար կողմէն անցաւ անվտանգ կողմը։ Միացաւ իր հայրերուն ու եղբայրներունª ամրապնդելու համար ազգային եւ եկեղեցական, օրերս վտանգուած պատը, որ չփլուզուի եւ պատուհաս չդառնայ իր ապրող զաւակներուն ու եղբայրներուն։
Սրբազան եղբայր, դուն տեսար ու ապրեցար քու սիրած կաթողիկոսութեան ապրած տագնապալի օրերը, դուն տեսար ու ապրեցար Լիբանանեան եւ Սուրիական հայրենիքներու տագնապները, դուն տեսար ու ապրեցար Արցախեան հայրենիքի անդառնալի կորուստը, դուն տեսար ու ապրեցար հայրենիքի շուարած ու անորոշ վիճակը, դուն տեսար ու ապրեցար Սփիւռքի հայաթափումը։ Վստահ եմ տագնապեցար, եւ տրտմաքօղ ժպիտը դէմքիդ, անձայն մեկնեցար։ Պատրանաթափ չմեկնեցար սակայն, յոյսի ջահը սրտիդ սեղմած մեկնեցար։ Եւ այդ պատկերով պիտի մնաս քեզ սիրողներու փաղանգի սրտին մէջ։ Գիտեմ, չլքեցիր մեզ, առանց սրտնեղութեան անցար պատին միւս կողմը։ Բայց հոս կսկիծը մեծ է, երբ մանաւանդ գիտենք, մեզ իրարմէ բաժնող սեւ վարագոյրի պէս պատը չենք կրնար պատռել կամ ճեղքել։ Դառն է եւ անբեկանելի այս վճիռը, որուն դիմաց լուռ կը ճենճերինք։ Եւ ճմլուած սրտով ու տրտումերես, կանգնած պատի այս կողմին վրայ, երթաս բարովի փոխարէն կը շշնջենք. բարեխօս հանդիսացիր մեզի սրբազանհայր, սրբազան եղբայր, որ հեռացնենք մեզ շրջապատած չարիքները եւ նոր վտանգներու չենթարկուինք։ Բարեխօս եղիր, որ քու սիրած ու ցիրուցանուած ժողովուրդը դառնայ մէկ ընտանիք, քու սիրած ու շուարած ժողովուրդը սթափի, վերագտնէ ինքզինք, աշխատի ու ճգնի, որ սիրած հայրենիքդ, պաշտած եկեղեցիդ եւ երազած ընտանիքդª ըլլան քու երազած հայրենիքը, քու տենջացած եկեղեցին, քու փայփայած ընտանիքը։
Այժմ, միայնակ, անսահման լռութեան մէջ թաղուած, քու թեւատարած ու խանդավառ ողջագուրումի պատկերիդ առջեւ, Ղեւոնդ Երէցի ձեռամբարձ խաչի զօրութեամբ, ճնճղկան մը վիրաւոր թեւերով կը շրջիմ հայրերուս արտաքնապէս մռայլած, բայց ներքնապէս շողարձակ շիրիմներուն վրայ, կատաղի սպասումով մըª հայրական ձեր յորդորին որոտաձայն…
Վարուժան Արք. Հերկելեան
Comments are closed.