Շուշիի «Արամ Մանուկեան Ճամբար» 2018

Տասնըչորս (14) յաջորդական տարիներէ ի վեր, ամէն ամառ, գանատաբնակ Այտա եւ Հայդուկ Շամլեաններու յղացմամբ, ծրագրումով, պատրաստութեամբ, կազմակերպութեամբ եւ կիրառումով, եւ իրենց զաւակներու Տեսիլի եւ Պատրոյգի օժանդակութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ, տեղի կ’ունենայ երեխաներու «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը:

Մասնակցութիւնը լիովին անվճար է: Առաքելութեան կը զօրակցին նշեալ ընտանիքի կարգ մը ազգականներն ու մտերիմ ընկերները: Մասնակից երեխաներու եւ պատանիներու թիւը հասած է 480-ի: 6-էն 11 տարեկան ոչ մէկ երեխայ չի մերժուիր, երբեք, ուր որ ալ հասնի արձանագրուողներու թիւը:

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք Շուշի քաղաքի եւ շրջակայքի համայն բնակչութեանը թէ վերոյիշեալ ընտանիքը, մօտ օրէն, Գանատայէն անգամ մը եւս պիտի հասնի Արցախ, ու դարձեալ պիտի կազմակերպէ, բանայ ու վարէ «Արամ Մանուկեան » ամառնային Ճամբարը, Նարեկացի Արուեստի Միութեան Շուշիի Կեդրոնին մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելեցէք ՝

www.shoushisummercamp.org

www.facebook.com/AramManoukianJampar/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.