Շուշիի «Արամ Մանուկեան» ճամբարը այս տարի կը բոլորէ իր 15-ամեակը

Այս տարի Շուշիի «Արամ Մանուկեան» ամառնային մանկապատանեկան ճամբարը կը բոլորէ իր 15-ամեակը: 15 տարիէ ի վեր ամէն ամառ, գանատաբնակ Այտա եւ Հայդուկ Շամլեաններու յղացմամբ, ծրագրումով, պատրաստութեամբ, կազմակերպութեամբ, կիրառումով եւ իրենց զաւակներուն՝ Տեսիլին եւ Պատրոյգին օժանդակութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ երեխաներու «Արամ Մանուկեան Ճամբար»ը:

Մասնակցութիւնը լիովին անվճար է: Առաքելութեան կը զօրակցին նշեալ ընտանիքին կարգ մը ազգականներն ու մտերիմ ընկերները: Ճամբարին կը մասնակցին 6-11 տարեկան երեխաներ, եւ տեղի կ’ունենայ «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Շուշիի կեդրոնին մէջ: Նշենք, որ ոչ մէկ երեխայ կը մերժուի, որքան ալ մեծ ըլլայ արձանագրուող երեխաներուն թիւը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.