Շաբթուան ամփոփումը (16 յուլիս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ

– Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի եւ Հարաւարեւմտեան Օնթարիոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, Յուլիս 8-ին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան Գանատայի արդիւնաբերութեան նախարար Մելանի Ժոլիի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին գանատահայ համայնքին վերաբերող հարցեր, Արցախի բռնի տեղահանուած հայութեան իրաւունքները, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Գանատայի շարունակական ներգրաւուածութիւնը այս խնդիրներուն մէջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Գանատա–Հայաստան յարաբերութիւններուն, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման եւ երկկողմ կապերու հետագայ զարգացման կարելիութիւններուն։

– Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ նախատեսուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին քուէարկութիւնը անորոշ ժամանակով յետաձգուեցաւ՝ կասկածի տակ դնելով կառավարութեան կողմէ նախապէս հաստատուած որոշումին վերջնական վաւերացումը։ Յետաձգումը կը կատարուի Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերադասաւորման փորձերու եւ Քնեսեթի ամառնային արձակուրդին ընդառաջ, մինչ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը բացայայտօրէն ընդդիմացած էին ճանաչման որոշումին։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ գործնական քայլ չձեռնարկեցին խորհրդարանական ճանաչումը խթանելու ուղղութեամբ, իսկ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Երեւանը անհրաժեշտ չի նկատեր արձագանգել Իսրայէլի որոշումին՝ պնդելով, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ քաղաքականացուի։

– 2025-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկին կողմէ ստեղծուած «Diasporan Perspectives» հետազօտական կեդրոնը յայտարարած է 21-րդ դարու Հայկական Սփիւռքին նուիրուած ուսումնասիրութիւններու առաջարկներու ընդունման մասին։ Նախաձեռնութեան նպատակն է պատրաստել գիտական խմբագրուած հատոր կամ բազմահատոր հրատարակութիւն՝ անդրադառնալով սփիւռքեան համայնքներու, հաստատութիւններու, լեզուի, կրթութեան, երիտասարդութեան, քաղաքական ներգրաւուածութեան, մշակութային կեանքի եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու արդի խնդիրներուն։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարելի է այցելել diasporanperspectives.org կայքէջը։

– Գանատան եւ Թուրքիան պաշտօնապէս սկսած են համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի բանակցութիւնները՝ յուլիս 7-ին Անգարայի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, վարչապետ Մարք Քարնիի եւ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումէն ետք։ Կողմերը յայտարարած են, որ համաձայնագիրը կրնայ խթանել տնտեսական աճը, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, ամրապնդել մատակարարման միջոցները եւ ընդլայնել երկու շուկաներուն միջեւ առեւտրական կարելիութիւնները, մինչ մասնագիտական խումբերը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի մշակեն բանակցութիւններու գործընթացն ու հիմնական ուղղութիւնները։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ

– Յուլիս 9-ին հրապարակած յայտարարութեամբ ՀՅԴ Բիւրոն յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները բնորոշեց իբրեւ աննախընթաց պետական ճնշումներու, վարչական լծակներու չարաշահման եւ արտաքին միջամտութիւններու պայմաններուն մէջ կազմակերպուած գործընթաց՝ նշելով, որ ձեւաւորուած խորհրդարանական մեծամասնութիւնը չունի ժողովրդավարական օրինականութիւն։ Բիւրոն ընդգծեց, որ հակառակ սահմանափակումներուն՝ ընդդիմութիւնը ստացած է հանրային զգալի աջակցութիւն, մինչ իշխանութեան յետընտրական քայլերը աւելի խորացուցած են քաղաքական ճգնաժամը։ Յայտարարութիւնը կոչ ուղղեց ազգային եւ առողջ ուժերու համախմբման՝ կանխելու Հայաստանի պետականութեան, Հայ Եկեղեցւոյ, Արցախի հարցին եւ հայկական ինքնութեան հիմքերուն դէմ ուղղուած քաղաքականութիւնը՝ շեշտելով, որ հետեւողական եւ համակարգուած պայքարը կը մնայ երկրի արժանապատիւ ապագան վերականգնելու միակ ուղին։

– Եւրոպական Միութեան խորհուրդը որոշեց Հայաստանի մէջ քաղաքացիական խորհրդատուական նոր առաքելութիւն մը տեղակայել՝ նպատակ ունենալով թափ տալ երկրի կարողութիւնները համացանցային յարձակումներու, ապատեղեկատուութեան, արտաքին միջամտութեան եւ ապօրինի դրամական հոսքերու դէմ պայքարին։ Երկու տարուան լիազօրութիւն ունեցող ԵՄ Գործընկերութեան առաքելութիւնը պիտի գործէ ոչ-գործադիր կարգավիճակով եւ անջատ պիտի ըլլայ սահմանային դիտորդական առաքելութենէն։ Թէեւ նախաձեռնութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ դիմակայունութեան ամրապնդման քայլ, ան նաեւ հարցեր կը յառաջացնէ երկրի անվտանգութեան ոլորտին մէջ արտաքին դերակատարներու աճող ազդեցութեան եւ Երեւանի ռազմավարական ինքնուրոյնութեան պահպանման շուրջ։

– Ռուբէն Վարդանեանի դատական գործով դիմում պիտի ներկայացուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ Պաքուի մէջ անոր դէմ կայացուած քաղաքական դատավճիռը վիճարկելու նպատակով։ Հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սիրանոյշ Սահակեան յայտնած է, որ Վարդանեանի դատավճիռը վերջապէս ստացուած է, եւ դիմումը պիտի ներկայացուի յառաջիկայ շաբաթներուն՝ փաստելով մեղադրանքներուն քաղաքական բնոյթը։ Միաժամանակ, Պաքու տակաւին չէ տրամադրած միւս 15 հայ գերիներուն դատավճիռները, մինչ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը պահանջած է զանոնք ներկայացնել մինչեւ 31 օգոստոս։

– ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան Պաքուի բանտէն յղած ուղերձով, վերաքննիչ դատավարութիւնը բնորոշած է իբրեւ ձեւական եւ քաղաքական պատուէրով կազմակերպուած գործընթաց՝ ընդգծելով, որ բողոքարկման հիմնական նպատակը միջազգային դատարաններ դիմելու համար ներպետական իրաւական միջոցները սպառելն է։ Ան նշած է, որ մեղադրանքները լի են հակասութիւններով եւ չապացուցուած պնդումներով, իսկ գործը ուղղուած է ոչ միայն Արցախի ղեկավարութեան, այլ հայ ժողովուրդին ու հայոց պետականութեան դէմ։ Իշխանեան նաեւ յայտնած է, որ պաշտպանական կողմը տակաւին ամբողջութեամբ չէ ստացած դատական թղթածրարներն ու դատավճիռը՝ կոչ ուղղելով համբերատար եւ ամուր մնալու։