ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջազգային Համայնքին Կոչ Կ՚ուղղէ Բոլոր Միջոցներով Միջամտելու Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու Հարցով

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց կարելի բոլոր ազդու միջոցներով միջամտելու, որպէսզի Ազրպէյճանի կողմէ փակուած Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապը երաշխաւորող Լաչինի միջանցքը վերաբացուի։ Իր կոչին մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադառնալով Արցախի մէջ ապրող հազարաւոր հայերու՝ ընդգծեց, որ անոնք շուտով ենթակայ կրնան ըլլալ հիւանդութեան ու սովի համաճարակի։ Փաստօրէն, Ազրպէյճանի կողմէ նման քայլ մը ցեղասպանութիւն է. հետեւաբար, միջազգային համայնքը իրաւունք չունի անտարբեր եւ լուռ մնալու՝ մարդասիրական ու մարդկային հիմնական օրէնքներու եւ սկզբունքներու խախտումին ու անտեսումին նկատմամբ, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

Յայտնենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին յիշեալ կոչը փոխանցուեցաւ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ու մամուլին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.