Նորագիրներ Համալրեցին ՀՅԴ Արցախի Շարքերը

28 մայիսին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման խորհրդանշական օրը կազմակերպուեցաւ երդման եւ խոստման արարողութիւն, որ կայացաւ սրբավայր դարձած` դաշնակցական Արտակ Իշխանեանի եւ անոր ընկերներուն նահատակութեան վայրին մէջ:

Արարողութեան ընթացքին 7 նորագիրներ համալրեցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, իսկ 5-ը` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան շարքերը:

Նշենք, որ երդման եւ խոստման արարողութեան կնքահայրն էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահվերդեանը:

Արցախի ներկայիս յետպատերազմեան դժուարին իրավիճակին մէջ ՀՅԴ շարքերուն համալրումը վկայութիւն է առ այն, որ վերստին կ՛ամրանայ հաւատքը ՀՅԴ-ի հանդէպ` իբրեւ երկրի ազգապահպան, միասնական Հայաստանի գաղափարով առաջնորդուող եւ ժողովուրդի ճակատագրով մտահոգ միակ քաղաքական ուժը:

Միասնական եւ կարող ուժերով կը շարունակուի պայքարը յանուն Հայաստանի եւ Արցախի յարատեւութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.