«Նոյնիսկ Եթէ Վաղը Խաղաղութեան Պայմանագիր Ստորագրենք, Խաղաղութեան Չենք Հասնիր. Հայաստանի Սահմանադրութիւնը «Կը Հակասէ» Անոր. Ատրպէյճանի Դեսպան

Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմ Diplomatic Watch ամսաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նոյնիսկ եթէ վաղը խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի, «կայուն խաղաղութեան չենք հասնիր, այնքան ատեն որ Հայաստանի հիմնական օրէնքը` «Սահմանադրութիւնը, կը հակասէ անոր», հետեւաբար, Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը «անխուսափելի է»։

«Մենք աւարտած ենք Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի մշակումը: Յոյս ունինք, որ պիտի կարենանք զայն ստորագրել: Սակայն, ինչպէս միշտ կ՛ըսենք մեր հայ գործընկերներուն, կան քանի մը կարեւոր եւ բազմակողմ հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին նախքան ստորագրութիւնը Այդպիսի հարցերէն մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան այն դրոյթն է, ուր տակաւին կ՛արտացոլեն Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ», ըսաւ ան։

Իպրահիմ կրկնեց նոյն ատրպէյճանական յանկերգը, որ երկրորդ կարեւոր հարցը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի լուծարումն է:

«Անիկա գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ եւ խորհրդանշական բնոյթ ունի: Մինսքի խումբի լուծարումը ցոյց պիտի տայ, որ հակամարտութիւնը իսկապէս աւարտած է: Իրականութեան մէջ անիկա աւարտած է, եւ մենք կ՛ուղղուինք դէպի աւելի խաղաղ տարածաշրջան մը, ուր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պիտի ըլլայ ոչ միայն խաղաղութիւն, այլ նաեւ զարգացում, բարգաւաճում եւ կայունութիւն», շեշտեց Իպրահիմ։