Նաղաշ անսամպլի համերգը Մոնթրէալի մէջ ձօնուած՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի 40-ամեակին

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը կազմակերպած էր Նաղաշ Անսամպլի ելոյթը՝ այս անգամ Մոնթրէալի Salle Pierre-Peladeau-ի սրահին մէջ, ուր երկրորդ անգամ ըլլալով հրամցուեցաւ միջնադարեան տաղերգու, եպիսկոպոս եւ Տիգրանակերտի Հոգեւոր Առաջնորդ, Մկրտիչ Նաղաշի տաղերը, երաժշտական յօրինումով արուեստագէտ՝ Ճան Հոտեանի։

Ճան Հոտեան ճանչցուած երաժիշտ ու երգահան է եւ իր յօրինած երգերն ու երաժշտութիւնը հարստացուցած են տարբեր միջազգային ֆիլմեր։ 2014-էն ի վեր, Նաղաշ Անսամպլը ելոյթներ ունեցած է եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Պէլճիքայի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ եւ այլ երկիրներ։

Այս առիթով, մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեցնք Տիար Մանուկ Չուխաճեանին եւ «Չուխաճեան Ընտանեկան Հիմնդրամ»-ին, զոյգ ձեռնարկներու նախագահութեան համար եւ $25,000-ի ազնիւ նուիրատուութեան, որ պիտի սատարէ Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն։

Նշենք, որ զոյգ ձեռնարկները ձօնուած էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին։

40 տարիներու ծառայական վաստակով ու հոգեւոր կեանքի յանձնառութեամբ, Սրբազան Հայրը միշտ ճաճանչող պահեց քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան ռահացոյց լոյսը:

Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի առաքելութեան քառասնամեայ ճանապարհը լի է ազգին անսակարկ նուիրումով, ամբողջական ծառայութեամբ, եկեղեցանուէր ու հայրենանուէր գործունէութեամբ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Comments are closed.