Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամներուն Հետ
1998
0
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 26 յունուարին հանդիպում ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամներուն հետ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթած անոր։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները նախագահին խօսած են նախորդ օրերուն Արցախի մէջ եզրափակուած Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին, կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրներուն եւ տանելիք աշխատանքներուն մասին: