Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն քաղաքի պատուիրակութիւնն ու քաղաքապետը
1754
0
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը հոկտեմբերի 20-ին ընդունեց Ֆրանսայի Սենթ Էթիէն քաղաքի պատուիրակութիւնը՝ քաղաքապետ Կաէլ Պերդրիոյի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց Սենթ Էթիէնի եւ Շուշիի համագործակցութիւնը, նշելով, որ մեծ ակնկալիքներ ունի այդ համագործակցութենէն եւ իրականացուելիք ծրագիրերներէն:
Հանդիպման մասնակից էր նաեւ Արցախի արտգործ նախարար Մասիս Մայիլեանը: