Նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 27ին հիւրընկալեց ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ. այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութիւնը:
Հանդիպման հիւրերուն խնդրանքով անդրադարձ կատարուած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ յառաջիկային մեր երկրին մէջ կայանալիք հայաստանեան «Մտքերու վեհաժողովին» (Summit of Minds), որ պիտի համախմբէ աշխարհի յայտնի վերլուծական կեդրոններու, նախկին ու ներկայ պետական եւ քաղաքական գործիչներու, բարձր գիտարուեստի ոլորտի աշխարհահռչակ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ողջունած է նման հեղինակաւոր միջոցառում Հայաստանի մէջ կայանալու նախաձեռնութիւնը: Նախագահ Սարգսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է վեհաժողովի աշխատանքներուն եւ կազմակերպիչներուն հետ համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:
Ան նաեւ անդրադարձած է նախագահական միւս նախաձեռնութիւններուն, որոնք կոչուած են նպաստելու մասնաւորապէս բարձր գիտարուեստի, գիտութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ աշխարհի առաջատար ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան հաստատման:
Զրուցակիցները խօսած են նաեւ համահայկական օրակարգի տարբեր խնդիրներու մասին: Նշուած է, որ բոլոր քայլերը պէտք է ուղղուած ըլլան ուժեղ, զարգացած, պաշտպանուած եւ օրէնքներով առաջնորդուող երկիր կառուցելուն: Այդ միջոցին կարեւոր նկատուած է խոր յարգանքը պետական հաստատութիւններուն հանդէպ:
Նշելով որ երկրին մէջ տակաւին բազմաթիւ խնդիրներ եւ ընելիքներ կան՝ հանդիպման մասնակիցները ընդգծած են տարբեր ոլորտներու մէջ փոփոխութիւններու եւ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը: Միաժամանակ, համակարծիք եղած են, որ անոնք պէտք է իրականացուին հանդուրժողականութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ:
Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնած են համագործակցելու համահայկական տարբեր ծրագիրներու շուրջ: