Յարգանքի տուրք Հայրենիքի անկախութեան համար կեանք նուիրաբերած զինուորականներուն

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան , վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամնե, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ուղեկցութեամբ այսօր այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Անոնք ծաղիկներ դրին 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներու, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ` զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.