Յարգանքի տուրք Արթուր Մկրտչեանի յիշատակին

30 տարի առաջ, ապրիլի 14-ին ընդհատուեցաւ Արցախի պետական գործիչ, ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, ազգագրագէտ Արթուր Մկրտչեանի կեանքը:

1988-ի Փետրուար 12-ին Հադրութի հանրահաւաքով սկիզբ առաւ ղարաբաղեան ազգային ազատագրական շարժումը: Հանրահաւաքի մասնակիցները պահանջէին Հայաստանի հետ Արցախի վերամիաւորումը: Հանրահաւաքի կազմակերպիչը Հադրութի երկրագիտական թանգարանի տնօրէն Արթուր Մկրտչեանն ու «Կռունկ» կոմիտէի իր գործակիցներն էին:

Արթուր Մկրտչեանը 1991 թուականի Դեկտեմբերին ընտրուեցաւ Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, իսկ 1992-ի Յունուարին՝ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ։ Ան դարձաւ Արցախեան շարժման առաջամարտիկներէն եւ Հադրութի ինքնապաշտպանութեան հրամանատարներէն մէկը։

Այսօր, 30 տարի անց, երբ վտանգուած է Արթուր Մկրտչեանի սկսած գործը, բազմաթիւ մարդիկ հաւաքուած էին Արթուրի գերեզման-յուշաքարի մօտ: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի, Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամները, ՀՕՄ-ի, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները, Արթուր Մկրտչեանի հարազատները և Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւորները եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Ա. Մկրտչեանի շիրիմին և վերահաստատելու իրենց հաւատարմութիւնը՝ անաւարտ մնացած առաքելութեան:

Արցախի անկախ հանրապետութեան խորհրդարանի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանը պաշտօնավարեց ընդամէնը 97 օր… այսօր ան դարձած է Արցախի պետականութեան խորհրդանիշը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.