Յաջորդ Տողերը Ջնջել Ընդփոյթ… Ջնջել Հիմա՛
- (0)

Փոխ կ՛առնեմ հանրահաւաքի այսօրուան հարթակէն հնչած յարգարժան Վազգէն Մանուկեանի շատ խօսուն կոչը` ուղղուած հրապարակի ժողովուրդին:
Ազգային կոմիտէի մեծարգոյ նախագահը իրաւամբ կը յայտարարէ, որ արդէն վաղուց գոյութիւն ունի հայ անկախ պետականութեան կազմաքանդման սադայէլական ծրագիր, որ կը բաղկանայ բազմաթիւ հանգրուաններէ: Վազգէն Մանուկեանը զանոնք կ՛անուանէ «տողեր»: Այդ տող-հանգրուանները ճշդուած են թշնամիին կողմէ (յենարան ունենալով փաշինեանական համակարգը` որպէս արբանեակ իշխանութիւն): Ամէն անգամ, որ այդ տողերէն մէկը յաջողապէս կ՛իրագործուի, թշնամին կը ջնջէ այդ տողը եւ կ՛անցնի յաջորդին: Շաբաթ մը առաջ թշնամին (անօրինակ արագութեամբ) կրցաւ իրականութեան վերածել արցախեան հայրենիքի բնաջնջումն ու լուծարումը: Ընդամէնը քանի մը դժոխային օրերու ընթացքին եւ ահաւոր պայմաններ պարտադրելով մեր ժողովուրդին` ան կրցաւ լիովին հայաթափել Արցախը եւ ջախջախել հայ անկախ պետականութեան ողնայարը: Ան կրցաւ իրագործել իր չարաշուք ծրագրի այս կէտը համաշխարհային հանրութեան, համաշխարհային հայութեան եւ նիկոլական իշխանութեան աչքերուն առջեւ` առանց դոյզն հակադարձութեան: Միակ հակադարձողը Պաշտպանութեան բանակի հերոս զինուորներն էին:
Այսօր թշնամին ջնջած է այս տողն ալ եւ կը պատրաստուի յաջորդ տողերը գործի վերածելու: Եւ Վազգէն Մանուկեանի թախանձագին կոչն է բոլորին, որ յաջորդ տողերը ջնջողը ըլլանք մենք: Այդ տողերը պէտք է ջնջուին ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ եւ ի նպաստ մեր հայրենիքի լինելիութեան: Թոյլ չտա՛լ, որ անոնք ջնջուին թշնամիին եւ իր արբանեակներուն կողմէ` պատմութեան բեմէն միանգամընդմիշտ ջնջելով հայ անկախ պետականութեան գոյութիւնը:
Այս առումով, թող ներուի մեզի ըսել, որ Ազգային կոմիտէն, իր բոլոր համբուրելի գաղափարներով եւ գործողութիւններով հանդերձ, կը տառապի դանդաղկոտութենէ: Դանդաղկոտութի՛ւն, որ կրնայ մեծապէս ճակատագրական ըլլալ մեր երկրին համար: Կասկած չկայ, որ այսպիսի զօրաշարժերը հեշտ չեն: Ի՜նչ խօսք, որ այս դիտարկումները չեն միտիր ստորագնահատելու կատարուած եւ կատարուող ծովածաւալ աշխատանքը ղեկավարութեան կողմէ: Դժբախտաբար փաստը կը մնայ փաստ: Այս կէտին վրայ կոմիտէին հարուածը համաչափ չէ մարտահրաւէրի պահանջներուն: Պէտք է կասեցնել ծուռ դարձած եւ գահավէժի մէջ գտնուող անիւը, եթէ նոյնիսկ ան կ՛ենթադրէ «պառկիլ» անիւին առջեւ:
«Յաջորդ տող»-ը սեղան պիտի բերուի հոկտեմբերի 5-ին, Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ: Ալիեւ-Փաշինեան գագաթաժողովը կոչուած է նուիրագործելու մեր պարտութեան յաջորդ ճակատագրական հանգրուանը: Մեծագոյն հաւանականութեամբ ափսէի վրայ են Սիւնիքի, Սոթքի եւ «անկլաւ»-ներու ապագան: Ափսէի վրայ է ազերիներու վերաբնակեցումը Հայաստանի մէջ եւ դեռ շատ ուրիշ աղէտալի զիջումներ մեր գերիշխանութեան դիրքերէն: Սեղանի վրայ է ամէն ինչ, որ ունինք` որպէս հայրենական ժառանգութիւն (patrimoine):
Նկատի առնելով օրհասական պահը` Ազգային կոմիտէն եւ մեր ժողովուրդը երբեք իրաւունք չունին տեղքայլի: Բոլոր այն միջոցառումները, որոնց մասին այսօր խօսեցան կոմիտէի ղեկավարները գործնականօրէն, համազօր են տեղքայլի: Ես չեմ մոռցած Վազգէն Մանուկեանի մեզի փոխանցած սրտառուչ պատգամը ներկայ հանրապետութեան առաջին օրերուն` ՄԵՆՔ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՆՔ ՈՍՏԻՒՆԻ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՆՔ ԱՊԱԳԱՆ…
Ապագան այժմ դրուած է նժարի վրայ ամէնէն անսիրտ տուեալներով, եւ եկած է հզօր ոստիւնի կենսական պահը: Այս կէտին վրայ գոյութիւն ունի միայն մէկ նպատակ: Վար բերել Նիկոլը առանց այլեւայլի: Վար բերել զայն այսօր իսկ: Զայն վար բերել ամէն գնով: ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ ԴԱՆԴԱՂԵԼՈՒ: ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ ԽՕՍԵԼՈՒ: ԱՆ ԳԻՇԵՐ-ՑԵՐԵԿ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԵՒ ԱՌՆԷ ԲՈԼՈՐ ԱՅՆ ՔԱՅԼԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ Կ՛ԱՊԱՀՈՎԵՆ ՆԻԿՈԼԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ԼՈՒԾԱՐՔԸ: ՆԻԿՈԼԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԵՐԹԱՅ ՍՊԱՆԻԱ: ՆԻԿՈԼԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԵՐԹԱՅ ՍՊԱՆԻԱ: ԱՆ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՊԷՏՔ Է ԵՐԹԱՅ… ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
30 սեպտեմբեր 2023