Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի

(Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին)

Երկու ամիսէ ի վեր, Հայաստանի այսպէս կոչուած «իշխանական» շրջանակէն կը հնչեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման բացայայտ կոչեր, առեւտրա-տնտեսական բարելաւման եւ սահմանի բացման քօղին տակ, որ սակայն խորքին մէջ կը միտի մեր ժողովուրդի պատմական անցեալը մատնել մոռացութեան, հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային պահանջէն, ինչպէս նաեւ՝ արցախեան հիմնահարցէն: Այլ բացատրութիւն չունին արտաքին գործոց նախարարի, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի, Ազգային Ժողովի փոխ նախագահի այս գծով կատարուած իրերայաջորդ յայտարարութիւնները: Աւելի՛ն: Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին կառչած անձը կը շարունակէ քարոզել իր ծանօթ ու նախապէս տարբեր առիթներով արտայայտած թեզը՝ երկու ժողովուրդներու թշնամական վերաբերմունքի պատճառներուն մասին, ուր ոչ թէ տողատակի, այլ հականէ անուանէ ան մատնացոյց կ‘ընէ հայկական կողմի «սխալներ»-ը … Մինչդեռ յստակ է բոլորին համար, նոյնիսկ միջազգային կարծիքին համար, որ հայութեան դիրքորոշումը հետեւանք է ոչ թէ երկու ժողովուրդներուն պատմական համահաւասար առճակատումի, այլ՝ Թուրքիոյ կողմէ մեր ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու կազմակերպուած դարաւոր հալածանքին, բնաջնջման եւ հայրենազրկման, իսկ Թուրքիոյ թշնամական քաղաքականութիւնը պայմանաւորուած է ոչ թէ հայութեան կողմէ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ ֆիզիքական հաշուեյարդարներու յերիւրածին ու երեւակայածին ծրագիրներով, այլ իբրեւ անմիջական շարունակութիւն՝ փանթուրքիզմին:Անգարա անշեղօրէն կը շարունակէ ցեղապաշտ իր տուեալ քաղաքականութիւնը մինչեւ օրս, մինչեւ պահս, անթաքուն ու անարգել: Եւ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ համայն հայութեան դէմ:

Արցախեան վերջին պատերազմին Էրտողանի նէօ-օսմանական մեծապետական ախորժակները, յարձակողապաշտ յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները, Թուրքիոյ վարչական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական օժանդակութիւն-մասնակցութիւնը Պաքուի կողքին՝ բարացուցական ապացոյցն է ընդգծուած հաստատումին:

Հայաստանի վարչապետի աթոռին յամառօրէն կառչած հեղինակազրկուած, ձախողած ու պարտուած պաշտօնեան ու անոր նոյնքան դասալիք ու ապազգային վարչախումբը ամէն կերպ կը փորձեն մեր ժողովուրդին ու յատկապէս հայրենի մեր ժողովուրդին ազգային գիտակցութիւնը շեղել՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համակեցութեան մասին անհիմն ու կեղծ մեկնաբանութիւններով եւ վարդագոյն ճառերով, պատուիրատուի մը հաճոյանալու ողորմելի ճիգով: Ինչպէս կ‘ըսուի այս գծով ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի յայտարարութեան մէջ, «Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ միակ երկիրն է, որ եղած է տարածաշրջանային խաղաղութեան կայուն երաշխաւորը. խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ խախտած է մեր հանդէպ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով, հետեւաբար Հայաստանը այն վերջին երկիրն է, ուր պէտք է խաղաղութիւն քարոզել:

Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական սահմանի ճակատագիրին, ապա պէտք է հաշուի առնել, որ սահմանը անօրինական ձեւով եւ իբրեւ թշնամական գործողութիւն փակուած է թրքական պետութեան կողմէ: Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակման գործին մէջ Հայաստանը որեւէ դերակատարութիւն չէ ունեցած»:

* * * * *

24 Ապրիլին ընդառաջ խմորուող այս հոլովոյթը միամիտ զուգադիպութիւն չէ անշուշտ, եւ աշխարհով մէկ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պատրաստուող պահանջատէր հայութիւնը ըստ ամենայնի կը մերժէ ազգադաւ այս վարքագիծը: Թշնամի Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան կամ երկխօսութեան որեւէ փորձ պիտի մերժուի ու հաստատ պիտի տապալուի հայ ժողովուրդին կողմէ: Թուրքիան ու անոր արբանեակ Ազրպէյճանը Հայաստանի ու հայութեան թշնամին են ու պիտի մնան թշնամի, այնքան ատեն որ չեն դադրիր իրենց էապէս ու գործնապէս վարած հակահայ քաղաքականութենէն, այնքան ատեն որ կը շարունակեն ուրանալ ու ժխտել իրենց գործադրած Ցեղասպանութիւնը եւ այնքան ատեն որ չեն հատուցեր հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքները՝ նիւթական, բարոյական եւ հողային:

Հետեւաբար, ՀՅԴ Արեւմտեան Երոպայի (Ֆրանսա, Պեճիքա, Հոլանտա) մեր շարքերուն անունով կը զգուշացնենք անխտիր ԲՈԼՈՐԻՆ, որ Հայ Դատի մեր կազմակերպական, երիտասարդական եւ միութենական ամբողջ ցանցով ու ներուժով, ինչպէս նաեւ տուեալ համայնքներու մեր ժողովուրդի յանձնառու լայն զանգուածով կը մերժենք ազգադաւ նման փորձ, ոչ մէկ ձեւով կ‘արտօնենք զայն ու ոգի ի բռին եւ մեր բոլո՛ր միջոցներով ու կարողականութեամբ պիտի պայքարինք անոր դէմ, յանուն մեր ազգային արժանապատուութեան ու մեր Սրբազան նահատակներու դեռ թաց արեան: Հակաթուրք մեր պայքարը աննահանջ է, մեր արդար Դատին պահանջատիրութիւնը անտեղիտալի է ու անսակարկելի: Մենք կը շարունակենք ու կը հետապնդենք պայքարը՝ բանիւ եւ գործով, աննկուն կամքով, մարտունակ ոգիով, անխախտ համոզումով ու աներեր հաւատքով:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

5 Ապրիլ 2021
Փարիզ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.