Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, Դատապարտումը Եւ Հատուցումը Մեր Բոլորին Մտքի Եւ Խղճի Պարտքն Է»
21 ապրիլ 2021-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն. Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը երէկ եւ այսօր» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, զոր վարեց ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան:
Կլոր սեղան-քննարկումին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ պէտք է զգօն ըլլալ, որ որեւէ իշխանութիւն` Հայաստանի մէջ եւ որեւէ կառավարութիւն` դուրսը չհամարձակի խնդրոյ առարկայ դարձնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
«Ուրախ ենք նշելու, որ բազմաթիւ երկիրներ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են վերջին 5 տարիներուն: Այս յաջողութեան համար պարտական ենք մեր ժողովուրդի յամառ պայքարին` աշխարհով մէկ, եւ, այդ պատճառով ամէն տեսակի բացթողում, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ թէ դուրսը` այս հարցը նսեմացնելու, հարուած է բոլորիս դէմ: Ասիկա պէտք է նկատել ամէն բանէ կարեւոր ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիր, որուն ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը մեր բոլորին մտքի եւ խղճի պարտքն է», յայտնեց ան:
ՀՅԴ-ին համար Հայ դատի ոլորտը, բնականաբար, կարեւորագոյն ոլորտներէն է, որուն լծուած է իր համաշխարհային կառոյցով, նշեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Երկար տարիներ տարբեր անուանումներով գործելէ ետք, ի վերջոյ, այսօր եկած է Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակի սահմանման: Ան նշեց, որ աշխարհով մէկ աշխատանքը կը ծաւալի կեդրոնական գրասենեակներու միջոցով, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործեն երկու մասնաճիւղեր` Նիւ Եորք-Պոսթըն առանցքը, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի շրջանային յանձնախումբերը, Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակը, Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակը, Միջին Արեւելքի կեդրոնական գրասենեակը եւ Եւրոպայի կեդրոնական գրասենեակը: Այս կեդրոնական գրասենեակներուն շուրջ համախմբուած են 35 շրջանային յանձնախումբեր` տարբեր երկիրներու մէջ: ՀՅԴ Բիւրոն կը մշակէ ընդհանուր ռազմավարութիւնը, ապա յանձնախումբերը մարտավարական առաջադրանքը կը կատարեն` ըստ տեղական պայմաններուն եւ առաջնահերթութիւններուն:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ Հայաստանի անկախութենէն ետք Հայ դատի սահմանումը ունի 4 հիմնական ոլորտներ:
Առաջինը եւ ամէնէն կարեւորը անկախութենէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան իրազեկման` լոպիինկի աշխատանքներն են աշխարհով մէկ, Արցախի Հանրապետութեան լոպիինկի աշխատանքն է, որուն, բնականաբար, մաս կը կազմէ ինքնորոշման իրաւունքի տարածման խնդիրը, եւ, ուր որ կարելի է, Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցը:
Երկրորդը դասական օրակարգն է` Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդում եւ պահանջատիրութեան էջը:
«Այս ուղղութեամբ մեր նախաձեռնութիւնն էր շուրջ 2,5 տարի առաջ ստեղծել Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական իրաւական կեդրոն, որուն հիմնական նպատակը Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը ուսումնասիրելն է եւ տեսնելը, թէ, մանաւանդ Եւրոպայի դաշտին մէջ, ի՛նչ կարելի է ընել, որպէսզի այդ իրաւական բաժինը յառաջ մղենք: Նաեւ` անիկա կը զբաղի Արցախի ճանաչման իրաւական հիմքերով», դիտել տուաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
ՀՅԴ Արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան հայկական իրաւական կեդրոնը այսօր կը զբաղի նաեւ գերիներու վերադարձի հարցով, եւ Եւրոպայի մէջ դատ բացուած է Հայաստանի իրաւական փաստաբանական խումբի մը հետ, որպէսզի ան եւս աջակցի գերիներու վերադարձի պարտադրանքին` Հայաստանի կողքին, եւ անոնց վերադարձը դառնայ իրականութիւն:
Երրորդ գլուխը, նշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, կը վերաբերի հայապատկան հողերուն վրայ գտնուող հայութեան իրաւունքներու խնդիրին` ըլլայ ատիկա Արեւմտեան Հայաստանի, թէ այլ երկիրներու մէջ` տեղ-տեղ իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն, տեղ-տեղ իբրեւ իրաւական հիմք ունեցող համայնք այդ իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով:
«Միջին Արեւելքի մէջ հայութիւնը ունի յատուկ իրաւունքներ, զորս ժառանգած է Օսմանեան կայսրութենէն ետք ստեղծուած պետութիւններուն մէջ: Այդ իրաւունքներու հետապնդումը կը կատարուի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, ազգային փոքրամասնութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն են պոլսահայութեան վերաբերող եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տարուող աշխատանքները, Ջաւախքի պարագան եւ սփիւռքի մէջ նաեւ հայակերտումի խնդիրը», բացատրեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Ան նշեց, որ իրենց համար հայապահպանումը ունեցածը պահպանելն է, իսկ հայակերտումը` վերադարձի խնդիրը:
«Մենք այսօր ուրախ ենք տեսնելու, որ բազմաթիւ շրջաններու մէջ, ուր կորուսեալ հայեր ունէինք կամ անուանապէս մնացած հայեր, որոնք անունով ու մականունով միայն հայ էին, այսօր բաւական մեծ թիւով վերադարձ կայ դէպի հայութիւն, դէպի իրենց մշակոյթ, լեզու, մէկ խօսքով` դէպի իրենց արմատները: Այս օտարախօս երիտասարդութիւնը մեր շուրջ հաւաքելու, զանոնք Հայաստանի եւ հայութեան դատին լծելու աշխատանքն է նաեւ, որ մաս կը կազմէ այս երրորդ ոլորտին», նշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Իսկ չորրորդ հիմնական ոլորտը կը վերաբերի երիտասարդութեան քաղաքականացման խնդիրին, որպէսզի սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ կարելի ըլլայ այդ երիտասարդութիւնը մղել քաղաքական կեանքի, քանի որ, Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի համաձայն, երբեմն անհրաժեշտ է նաեւ բերդը ներսէն գրաւել այդ տարբեր երկիրներուն մէջ:
«Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր տեսնել ձեր ստորագրութիւնները կրող կոչ-խնդրագիրը, որ հասաւ Ուաշինկթըն եւ բաւական ազդեցիկ փաստաթուղթ հանդիսացաւ: Սպիտակ տունը անդրադարձաւ անոր, եւ մենք կ՛օգտագործենք այն իրողութիւնը, որ ասիկա միայն ամերիկեան համայնքին պահանջը չէ, ասիկա համահայկական պահանջ է. շեշտը կը դնենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ելոյթին վրայ, որ քանի մը օրէն պիտի կատարուի, եւ այս գծով կայ որոշ լաւատեսութիւն, բայց կարելի չէ հարիւր առ հարիւր կանխատեսել, թէ այդ խօսքին մէջ ի՛նչ եզրոյթ կը գործածուի», եզրափակեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: