Մոնթրէալի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ «ՀՕՄ-ի Օր»ը

Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն, նախագահութեամբ Ալիս Մարգարեանի, Կիրակի, 4 Մայիս 2025-ին, կ.ե. ժամը 4-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «ՀՕՄ-ի Օր»ուան տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի, ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեանի, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի անդամ Դալար Լեհիմճեանի, Մոնթրէալի եւ Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վանա Նազարեանի, Սեդա Թօփուզեանի եւ Մարի Տերոսի, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ օրուան պատգամաբեր Լուսին Փալանճեանի, եւ անդամներուն՝ Վալերին Կէօքճեանի, Արփի Սանոսեանի, Քրիստին Աֆարեանի եւ Աստղիկ Խաշընցեանի, պատկան մարմիններու, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մեծ թիւով ՀՕՄ-ուհիներու եւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան հաւատացողներու հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի օրհներգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերուն անցնող տարեշրջանին ընթացքին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ընկերուհիներուն: Օրուան հանդիսավար Կարին Գասապեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, որուն մէջ ըսաւ. «Այս տարի մենք կը տօնենք Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակը եւ միաժամանակ կը նշենք Գանատայի մէջ գործունէութեան 35-ամեակը: 1910-ին, երբ ՀՕՄ-ը հիմնադրուեցաւ, անոր նպատակն էր ծառայել, մասնաւորապէս աջակցիլ, թիկունք կանգնիլ մեր իրաւազրկուած ժողովուրդին, բարելաւելով անոր կենցաղային պայմանները մեր պատմութեան դժուար ժամանակի ընթացքին: Եւ մինչեւ այսօր, ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ականը կը մնան զոհողութեան եւ յանձնառութեան փաստը: ՀՕՄ-ականը կը ծառայէ սիրով, կը գործէ խղճով եւ կ’աշխատի մեր ժողովուրդի վերելքին ի նպաստ ամէն տեղ եւ բոլոր ժամանակներու ընթացքին: Թէեւ ժամանակներն ու աշխարհը փոխուած են, սակայն ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը մնացած է նոյնը՝ ծառայել առանց ակնկալութեան, զօրակցիլ առանց նախապայմաններու, եւ պայքարիլ առանց դադարի»: Ապա ան ներկայացուց օրուան նախագահ Ալիս Մարգարեանի կենսագրութիւնը, որմէ ետք փունջ մը աշուղական երգերով հանդէս եկաւ Մանուէլ Աշըգեան:

Լաւալի «Շուշի» եւ Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղերու ատենապետներ՝ Ալին Հատիտեան եւ Սօսի Չնկըրեան, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին զոյգ մասնաճիւղերուն 2024-2025 տարեշրջանի գործունէութեան զեկոյցը, որուն յաջորդեց Երեւանի Պետական Երաժշտանոցի դասախօս Կարէն Մանուչարեանի, Կոմիտասի «Կռունկ»-ին ու Առնօ Պապաճանեանի «Թանկօ»-ին ջութակով կատարողութիւնը: Անկէ ետք զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետներն ու Շրջանային վարչութեան ատենապետը, Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեանի յանձնեցին Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տարեկան յատկացումը:

Հանդիսավարը օրուան բանախօսը ներկայացնելէ ետք բեմ հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Փալանճեան, որպէսզի փոխանցէ օրուան պատգամը: Փալանճեան նախ ուրախութեան ու հպարտանքի զգացումները արտայայտելով ըսաւ. «Այսօր որքան կը խայտայ մեր հոգին ի տես մեր սիրելի կազմակերպութեան ծաւալուն գործունէութեան, ազնիւ նպատակներ նուաճած ըլլալու արդար հպարտութեամբ: Վերոյիշեալ առիթներով կ’արժէ յիշել եւ խոնարհիլ յիշատակին դիմաց այն բոլոր ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք տասնամեակներու ընթացքին եկան ու անցան այս մեծ միութեան հնոցէն, իրենց հետքն ու դրոշմը ձգելով անոր պատմութեան էջերուն մէջ», ապա յիշեց Գանատայի մէջ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան գործընթացը՝ ըսելով. «Հաւանական թիւրիմացութեան առաջքը առնելու համար յիշեցնեմ, որ Գանատայի մէջ 1911 թուականէն սկսեալ մասնաճիւղեր գոյութիւն ունեցած են, որոնք կը գործէին որպէս Հիւսիսային Ամերիկայի ընդհանուր կազմի լիիրաւ մասնիկներ: Հայութեան թիւի աճին հետ, կարիք զգացուած էր առանձին շրջան դառնալու: Այս մէկը վարչական բնոյթ ունեցող պարզ ընթացք մըն էր», եւ աւելցուց. «Պահ մը մեր ակնարկը դարձնենք Գանատայի ՀՕՄ-ի պատմութեան, պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս ՀՕՄ-ը առանձին շրջան դառնալէ ետք բնաւ չտկարացաւ, այլ դարձաւ գանատահայութեան պարծանք բերող կազմակերպութիւն: Թիւով ընդամէնը 1260 անդամ հաշուող մեր կազմակերպութիւնը իր բեղուն գործունէութեամբ եւ հաւատքով ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին պատիւ բերող շրջան մը դարձաւ: Առանձին շրջան դառնալէն անմիջապէս ետք կազմակերպեց Գանատայի մասնաճիւղերը, հիմնեց երեք նոր մասնաճիւղեր, շարունակեց նախկին բոլոր ծրագիրները եւ ստանձնեց ուրոյն պատասխանատուութիւններ, ինչպէս օրինակ մեծաթիւ որբերու խնամակալութիւն, Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի եւ Հադրութի Մեծ Թաղեր գիւղի մանկապարտէզի վերանորոգումն ու մնայուն հոգատարութիւնը»:

Բանախօսը նաեւ յիշելով ՀՕՄ-ի ներդրումը Գանատայի տեղական կարիքներուն պարագային, ինչպէս նաեւ կրթական մարզէն ներս, ըսաւ. «ՀՕՄ-ի Գանատայի մասնաճիւղերը ոգի ի բռին աշխատեցան հասնելու մեր գաղութի տեղական բոլոր կարիքներուն, նոյնիսկ հասնելով Գանատայի ահազանգային կարիքներուն, ինչպիսին էր պարագան Գանատայի անտառային հրդեհներու աղէտի ժամանակ կամ թագաժահրի շրջանին հիւանդանոցներու դիմակներ տրամադրելու պարագային: Իսկ եթէ Գանատայի տարածքին պահ մը նայինք ՀՕՄ-ի առաքելութեան կրթական մարզէն ներս, հոն եւս կը նկատենք հետեւեալները. կրթական օճախներ հիմնելով, ղեկավարելով կամ նպաստելով մեր զաւակներուն հոգիներուն մէջ դրած ենք ու կը շարունակենք դնել հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, սէր հայ գիրի, հայ լեզուի, հայ մշակոյթի, հայոց պատմութեան եւ այն բոլորին հանդէպ, որոնք մեզի համար սրբազան նկատուած արժէքներ են: ՀՕՄ-ուհիներս օժանդակած ենք եւ պիտի շարունակենք օժանդակել մեր դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն, շաբաթօրեաներուն, ճամբարներուն, պատանիներուն, եւ համալսարանական ուսանողներուն»:

Անահիտ Պալեան հանդէս եկաւ Համաստեղի «Հայու ոգին» ասմունքով, ապա տեղի ունեցաւ զարդասեղներու տուչութիւն:

Ձեռամբ զոյգ մասնաճիւղերու ատենապետներուն, 15-ամեայ անդամակցութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան, Մոնիքա Տէր Մինասեան, Արաքսի Ֆերմանեան, Մարի Գաֆաֆեան եւ Թամար Եաղճեան, բացակայ էին՝ Անի Քէօսէեան եւ Սօսի Գոճանեան: Նոյնպէս 25-ամեայ անդամակցութեան զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Սեդա Իսկէնեան, Վարդուհի Կարապետեան, Մարալ Նազարեան եւ Սօսէ Տիմիթեան, բացակայ էին՝ Սիլվիա Գույումճեան, Արփի Մարկորեան, Սօսի Նոյեմի, Ալիս Մոմճեան Ռավարի, Անահիտ Սարգիսեան եւ Հուրի Սինթիա Թորիկեան, իսկ Լաւալէն՝ Հուրի Անտոնեան եւ Նելլի Պարսեմեան, բացակայ էր Վարդուհի Յովհաննէսեան:

Ձեռամբ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներ Աստղիկ Խաշընցեանի եւ Վալերին Կէօքճեանի, 35-ամեայ զարդասեղ ստացան Մոնթրէալէն՝ Սիլվա Գարբուզեան, Արտեմիս Մկրտիչեան եւ Հուրի Զաքարեան, բացակայ էին՝ Լենա Արզումանեան, Այտա Տէր Ասատուրաեն, Սիրան Տիանա Տիմիթեան, Նորա Գաթարոյեան, Թալին Շահպազեան, Շնորհիկ Զոպոյեան եւ Թամար Գապասաքալեան, իսկ Լաւալէն՝ Մարալ Յովսէփեան, Վերժին փուչիկեան, Մարօ Պէրէճիքլեան, Մարինա Պչաքճեան եւ Գոհար Թորիկեան Գարակէօզեան, բացակայ էր Ժոժօ Պետրոսեան: Բացակայ էին նաեւ Մոնթրէալէն 50-ամեայ զարդասեղ ստացող Ռիթա Շապոյեան եւ Աստղիկ Շամլեան:

Ձեռամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետին, 60-ամեայ անդամակցութեան Պատուոյ Գանահատագիր ստացաւ Լաւալէն Մարի Մարգէեան Եահնէեան, բացակայ էր Անայիս Սեւակեան Տիմիթեան, իսկ Մոնթրէալէն Անահիտ Տիմիթեանի բացակայութեան պատճառաւ գնահատագիրը յանձնուեցաւ թոռան՝ Վանէ Տիմիթեանի, բացակայ էր նաեւ Սիրվարդ Շայն:

Բեմ բարձրացան ՀՕՄ-ի զոյգ մասնաճիւղերուն նորագիր անդամները եւ «ՀՕՄ-ի Օր»ուան Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Ազգանոյշ Հատիտեանի կնքամայրութեամբ կատարեցին երդման արարողութիւնը:

Հանդիսավարին շնորհակալական խօսքով եւ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի «Պահպանիչ»ով աւարտեցաւ ձեռնարկը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»


«Հորիզոն»

Լուսանկարները՝ Արմէն Ալեմեանի