Մոնթէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահի նուիրարշաւ

Մարտի 15, 2021-ին Մոնթէալի Հայ Կեդրոնը նախաձեռնեց համայնքային մեր կեանքին հիմը հանդիսացող «Աւետիս Ահարոնեան» սրահի վերանորոգման, որուն համար նախատեսուած էր $ 1,100,000 տոլար:

Այս հաստատութիւնը, որ 1973-էն ի վեր Մոնթրէալահայութեան հաւաքատեղին է, կարիքն ունի արդիականանալու՝ մեր համայնքի և մեր ընտանիքներու տարբեր կարիքները գոհացնելու համար: Վերանորոգման այս նախագիծը կ՚ընդգրկէ. Աւետիս Ահարոնեան սրահի ամբողջական վերանորոգում, Հայ Կեդրոնի  ճակատի արդիականացում, հանդերձարանի յաւելում, կեդրոնի մուտքին վարչական գրասենեակի կառուցում, եւ Համազգային գրախանութի նոր տարածք:

«Ահարոնեան Սրահ»ի» Նուիրարշաւի թիրախն է 500,000 տոլար որպէսզի մեզի առիթ ընծայէ իրականացնելու այս ամբողջ նախագիծը: Այս վեհ ծրագրին Ձեր մասնակցութիւնը կրնաք բերել իւրաքանչիւր քառակուսի ոտքի համար 250 տոլարի նուիրատութեամբ:

Կը հրաւիրենք Ձեզ դիտելու Hay Horizon- ի կատարած հարցազրոյցները ՝ ծանօթանալու այս ծրագրի ընթացակարգերուն, շինարարական յանձնախումբի անդամներուն, նուիրարաշաւի յանձնախումբի անդամներուն և յատկապէս մեր առաջին նուիրատուներուն, որոնք կարելի դարձուցին այս մեծ ծրագրին ձեռնարկումը. Տիկ. Շաքէ Կէօնճեանին եւ ընտանիքին, Տ. Եւ Տիկ. Արթօ եւ Ալիս Մարգարեանին եւ Տիար Պետրոս Արսլանեանի կտակին:

Այս ծրագիրը կը յառաջանայ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին եւ կը սպասուի որ գործերը իրենց աւարտին հասնին 2021-ի աշնան, երբ պիտի կարենանք Ձեզ հիւրընկալել:

Համոզուած ենք, որ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամ կը բաժնէ մեր ոգեւորութիւնը եւ կը մասնակցի այս նուիրարշաւին:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար

https://flipbookpdf.net/web/site/8c9b938abebb7f2f8241db2cc141cd82cea28372202106.pdf.html

Նուիրատութիւն  ՝ http://sourphagop.net/en/donate-to-church/

Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.