Մշոյ Ս. Կարապետ Վանքի Դուռը. «Հորիզոնի» Բացառիկ Յաւելուածի Հրատարակութեան Առթիւ

Մանրազննին կը նայիմ գրքոյկին մէջ տեղ գտած լուսանկարի մը երկու տարբերակներուն: Առաջին լուսանկարին մէջ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքն է՝ 1900-ականներուն, իր ամբողջ վեհութեամբ ու խոյանքով. իսկ երկրորդ լուսանկարը՝ Սամուէլ Կարապետեանի «Եղեռն եղեռնից յետոյ» գիրքէն առնուած աւերակներու կոյտ մը, երբեմնի քաղաքակրթութեան մը փլատակները, մշակոյթի մը հիմնայատակ բեկորները (էջ 16)…

Հետաքրքրութեամբ կ՚ ընթեռնում Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Աշճեանի «Որպէս Յաւելուած» (էջ 12) բաժինը, այնուհետեւ՝ Արմէն Հախնազարեանի ԴՈՒՌԸ յօդուածը (էջ 4): Կը սրտնեղիմ, կը յուզուիմ, մորմոքն ու կսկիծը կը պատէ ամբողջ էութիւնս…

Յաւելուածը դռան մը պատմութիւնն է՝ ոդիսականը: Դռան մը աննկարագրելի տուայտանքները: Դուռ մը, որ ականատես եղած է ազգի մը ուրախութիւններն ու տխուր առիթները: Դուռ մը, որ ունկընդրած է ժողովուրդի մը սրտագին աղօթքներն ու ժամասացութիւնները, դուռ մը որ շնչած է Սուրբ միւռոնի ու երկնուղէշ խունկի բոյրը, եւ այդ դուռը, պատմութեան ահեղ քմահաճոյքով, արժանացած է նոյն ազգի ճակատագրին. Տարագրութիւն, աստանդականութիւն եւ օտար ափեր…, հաւանաբար մասամբ փրկութիւն…

Մեսրոպ Արք. Աշճեան Սրբազանի ճիգերուն շնորհիւ, կարելի եղած է ի յայտ բերել, որ անցեալ դարավերջին Դուռը  վաճառուած է եւ տեղ գտած է գանատացի Թոմսոն ընտանիքի արուեստի եւ հնութիւններու հաւաքածոյին մէջ՝ Թորոնթօ։

Յաւելուածը երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն վերահրատարակութիւնն է «Հորիզոն» գրականի մարտ 1997 թիւին, որուն աւելցած է Յարութիւն Շիթիլեանի մէկ ակնարկը, «Այցելութիւն Դռան» խորագրով: Թիւը, արդարօրէն նուիրուած է ճարտարապետ-յուշարձանագէտ Արմէն Հախնազարեանի ու պատմաբան, մշակութաբան ու յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի յիշատակին:

Յաւելուածին հովանաւորներն են Տիար Վարուժ Շիթիլեանն ու Բժ. Հովիկ Շիթիլեանը, խմբագիրը՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեանը, իսկ պրպտողն ու թարգմանիչը՝ Յարութիւն Շիթիլեան:

Յաւելուածի PDF տարբերակը կարդալ այս յղումով։

Ք. Մ.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.