Միշտ վերընձիւղուող կամաւորներու բանակը

(ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ)

Աշխարհի 5 ցամաքամասերուն 28 երկիրներու մէջ գործող 110 մասնաճիւղերով եւ միաւորներով ՀՄԸՄ-ի բազմահազարանոց ընտանիքը կը տօնէ իր 100-ամեայ ադամանդեայ յոբելեանը։

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ), որ իրողութեան մէջ անմիջական ծնունդ էր Հայոց Ցեղասպանութեան, եղաւ հայութեան գոյապայքարի բոցավառ ջահը բարձր պահող այն կազմակերպութիւնը, որ ինքնին փիւնիկի նման յառնեցաւ Հայոց պատմութեան ամէնէն օրհասական օրերուն։

Տասնամեակներու ընթացքին, Սփիւռքի տարբեր հայկական ոստաններու մէջ, միութենական շարքերը ստուարացան, սկաուտական գործունէութեան հետ միատեղ ծաւալեցաւ մարզական լայն գործունէութիւն։ 100 տարիներ շարունակ, միութեան շարքերը տողանցեցին հայ ազգի պատիւը՝ Եռագոյն դրօշը միշտ առաջին շարքին վրայ բարձր պահած։

Շարժումը ուռճացաւ եւ հասաւ մինչեւ վերանկախացած Հայաստան, ուր գործի լծուեցաւ հայրենի նորահաս սերունդներու քաղաքացիական առողջ կրթութեան ի խնդիր։

Այսօր, 100 տարի ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ ազգապահպանման պատնէշին վրայ եւ իր պատմական առաքելութեան հաւատարիմ կը շարունակէ միասնական շարքերով հայրենիքին աջակցիլ, հայրենիքին ի սպաս իր աւիւնը ներարկելու անխախտ համոզումով։

Այսօր, 100 տարի ետք, պատմական օրհասի մէջ ծնունդ առած հայադրոշմ այս կազմակերպութիւնը, կը հաւատայ, որ պիտի գայ այն օրը, երբ հայրենիքին անսակարկ ծառայելու իր առաքելութեան ընթացքին, ՀՄԸՄ-ականը պիտի կոթողէ Եռագոյնը Մայր գետի միւս ափին մնացած, տեսլականները համաձուլող Սրբազան լերան գագաթին։

Դար մը համակ պատմութիւն, ուր կը տողանցեն փառքի ու յաղթանակի դափնիները, ուր սերունդները կոփուեցան մարդակերտումի հնոցներուն մէջ, ուր շարքերը կուռ ուռճացան՝ հայութեան արդար իրաւունքի վերատիրացման սարդարապատեան արժէքներով։

Շնորհաւոր տօնդ ՀՄԸՄ։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.