Միասնական ու միակամ՝ ամեն ժամանակէ աւելի

Ո՛չ, պիտի չկրկնենք մեր պատմահօր Ողբը՝ Հայոց աշխարհի դիմագրաւած տագնապի այս պահուն։

Պիտի չողբանք հայրենակերտման մեր անփորձութիւնը։

Պիտի չողբանք երկիր կառավարելու մեր անկարութիւնը։

Պիտի չողբանք մեր բոլոր ուժերը համախմբելու մեր ցարդ ունեցած դժուարութիւնը։

Մեզ պիտի չյուսահատեցնեն մեր մէջ անմիաբանութեան որոմը ցանելու դեռ յամեցող հարիւրամեայ փորձերը։

Պիտի չյուսահատինք, եթէ ահա արդէն երեսնամեակ մը եւ աւելի ծայր տուած հոգեկան ազատագրութեան շարժումը դեռ չէ հասած իր լրումին։

Պիտի հասկնանք, որ երկար է այդ ճանապարհը, փշածածկ ու միաժամանակ սայթաքուն։

Պիտի գիտնանք, որ երկու՝ օսմանեան ու խորհրդային եղեռն ապրած այս ժողովուրդը դեռ պէտք է ամրանայ, դեռ պէտք է ձերբազատի Աղէտի ժառանգորդի իր բարդոյթէն, դեռ պիտի սորվի իր սեփական ոտքերուն վրայ կանգնիլ ու սեփական ուղին գտնել։

Պիտի գիտակցինք, որ մեր յայտնի թէ թաքուն թշնամիները դեռ ամեն ճիգ պիտի ընեն, որ մնանք ստրուկի եւ զոհի հոգեբանութեամբ։

Հայրենիքը կորսնցնելու վտանգն է, որ կը սպառնայ բոլորիս։

Ահա ինչո՛ւ ժամանակն է ըլլալու միասնական ու միակամ։

Աւելի քան երբեք։

Միասնական ու միակամ ՝ Հայաստան եւ Սփիւռք։

Միասնական ու միակամ ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախի Հանրապետութիւն։

Միասնական ու միակամ ՝ բոլոր կուսակցութիւններն ու բոլոր եկեղեցիները։

Պիտի ըլլանք միակամ ու միասնական, որ կանխենք այդ սայթաքումը, որ մօտալուտ կը թուի, խուսափինք այդ անկումէն, որ միայն թշնամին կրնայ ուրախացնել։ Թշնամինե՛րը։

Եւ ո՛վ որ ալ ըլլայ այնտեղ, վերը՝ նաւուն ղեկին առջեւ, այսօր կամ վաղը, հասնելու է այն խոր համոզումին, որ առանց այդ միասնականութեան եւ միակամութեան, մեր նաւը պիտի տատանի ու մոլորի, պիտի չկարենայ ուղղուիլ դէպի վարդահեղեղ արշալոյսը, որուն ոտնաձայնը կ՚առնէր Բանաստեղծը աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.