«Մեր Պայքարը Արդար Է, Եւ Վախճանը Կրնայ Ըլլալ Միայն Յաղթանակ». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Ստորեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը` 16 դեկտեմբերին Թեհրանի մէջ կայացած ՀՅԴ 132-ամեակի հանդիսութեան:
ՀՅԴ օրուան հանդիսութիւններուն մեր կազմակերպութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին` կատարելով հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը եւ իր գործունէութեան հաշուետուութիւնը:
Ժողովուրդի ծոցէն ծնած ՀՅ Դաշնակցութիւնը 132 տարիներու ընթացքին իր գաղափարներով եւ գործունէութեամբ դարձաւ` ազգային-ազատագրական պայքարի մղիչ ուժ, ժողովրդային շարժում, քաղաքական կուսակցութիւն եւ Հայ դատ ու պահանջատիրութիւն հետապնդող կազմակերպութիւն:
Եւ կերտեց մարտնչող հայու ազնիւ, քաջ, խիզախ, անկեղծ, յանձնառու եւ գաղափարապէս պինդ կերպար, որուն օրինակով դաստիարակուեցան ու ներշնչուեցան սերունդներ եւ աներեր նուիրուեցան հայութեան ու հայրենիքին անսակարկ ծառայութեան:
Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է այս օրերուն գտնուիլ Իրանի հինաւուրց համայնքին հետ. համայնք, որ իր իւրայատուկ տեղն ունի հայ սփիւռքի մէջ. համայնք, որ իր ազգային ու միութենական կառոյցներով, գաղափարական տոկունութեամբ եւ ժողովրդային լայն խաւերու կամաւոր գործի պատրաստակամութեամբ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ հայաշխարհին մէջ:
Մենք մինչեւ 2020 սեպտեմբեր յաղթանակած ժողովուրդ էինք: Արցախը ազատագրուած էր, Հայաստանը` վերանկախացած, Ջաւախքը` աշխուժացած, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ զարթօնքի ծիլեր` արձակուած, եւ սփիւռքի մէջ ունեցած էինք Հայ դատի կարեւոր ձեռքբերումներ համաշխարհային մակարդակով: Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդուած էր, եւ ազգային օրակարգի հիմնական կէտերու շուրջ ալ համախոհութիւն ստեղծուած էր, մանաւանդ` 2015-ի հարիւրամեակի համախմբող մթնոլորտէն ետք:
Հայրենիքով ու հայութեամբ տոգորուած ոչ մէկ հայ անտարբեր կը մնար` ի տես այս մեծ յաղթանակներուն եւ իրագործումներուն, որոնք ամրապնդած էին մեր ազգային արժանապատուութիւնը, գօտեպնդած` ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը եւ ստեղծած աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն` ի սպաս մեր հայրենիքին ու իտէալներուն: Մերթ ընդ մերթ ի յայտ եկող ներազգային տարաձայնութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները մանր անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թուէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ:
Մէկ խօսքով, տարուած էինք անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան համազգային զգացումներով, որովհետեւ, աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք պայծառ դարաշրջան մը բացուած էր հայութեան առջեւ:
Այդ պատճառով ալ ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան արցախեան երկրորդ պատերազմին կրած պարտութիւնը խորտակեց այդ անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը:
Պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած` նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին չորս ուղղութիւններով.
Ա) Մարդուժի տրամադրում պահեստազօրի ճամբով
Առաջին ուղղութիւնը պատերազմին մարդուժի տրամադրումն էր: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերակենդանացուցած էր իր առասպելական, ֆետայական կերպարով թրծուած երիտասարդութեան համախմբումը իր կամաւոր պահեստազօրին մէջ: Գրեթէ հազարի հասնող այդ կամաւորներու փաղանգը տրամադրուած էր պատերազմին, արիաբար մասնակցած` մարտերուն, կերտած` յաղթանակներ եւ տուած` մեծաթիւ զոհեր:
Բ) Քաղաքական Համաշխարհային զօրաշարժ
Երկրորդ ուղղութիւնը մեր քաղաքական ու համաշխարհային զօրաշարժն էր:
այ դատի յանձնախումբերով, մեր մարմիններու ներկայացուցիչներով, հայ երիտասարդութեան աշխուժ մասնակցութեամբ կարողացանք շարժել աշխարհը, որպէսզի ճշգրիտ գնահատում տայ պատերազմին, հարկ եղած միջամտութիւնները կատարէ` մերթ անյաջող, բայց շատ մը պարագաներու նաեւ մեր թշնամիներուն` թուրք-ազրպէյճանական զօրքերուն աշխատանքներուն հակազդող:
Գ) Քարոզչական պատերազմ
Երրորդ ուղղութիւնը քարոզչական պատերազմն էր:
Վստահ եմ, որ բոլորդ ալ ականատես էիք այն հսկայական արշաւին, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շղթայազերծեցին ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ հայութեան դէմ: Հարկ էր անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի, ողողել աշխարհի մայրաքաղաքները` ցոյցերով, հաւաքներով եւ բողոքի արտայայտութիւններով. նաեւ` ուժգնօրէն հակազդել հասարակական ցանցերով, որոնց մէջ կը տարուէր հակահայ պայքար` մեծապէս ֆինանսաւորուած այդ երկու պետութիւններուն կողմէ: Փա՛ռք ու պատի՛ւ մեր երիտասարդութեան, որուն միջոցով մենք կարողացանք առաջքը առնել այդ գրոհին եւ հասարակական ցանցերու մէջ անհրաժեշտ հակահարուածը տալ:
Դ) Նիւթական օժանդակութիւն
Եւ վերջապէս, աննախընթաց միասնակամութեամբ մենք կարողացանք պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք իսկ ապահովել այնպիսի նկատառելի նիւթական օժանդակութիւն, որ աննախընթաց ձեւով եւ մեծ գումարներով սատարեց նաեւ մեր պաշտպանութեան եւ պատերազմէն ետք սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն:
44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններու կեղծ քարոզչութեամբ տարածուած սին յոյսերը փլատակուեցան 2020-ի նոյեմբերին: Համատարած հիասթափութիւն ապրեցանք, երբ շղարշը պատռուեցաւ, եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ:
Ազգային աղէտի պատճառ հանդիսացած Հայաստանի ղեկավարը մերժեց ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, չնախընտրեց արժանապատուօրէն հրաժարիլ ու անցնցում հեռանալ, ընդհակառա՛կն, վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ սատարեց հայրենիքը նուաստացնող պարտուողական պայմաններու գոյացումին:
Յառաջացաւ նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց ապակողմնորոշելու եւ շարունակաբար պառակտելու հայրենի ժողովուրդը եւ յաջողեցաւ ինքզինք վերարտադրել:
«Բաժնէ՛, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը որդեգրած Հայաստանի իշխանութիւնը այսօր սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծուած: Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է համահայկական կուռ միասնականութիւնը:
Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու հայկականութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են եւ ամէն տեսակի զիջումներու` պատրաստ:
Այս կացութեան մէջ մեր առջեւ կը ցցուին հիմնական երեք մարտահրաւէրներ:
Առաջինը Ազրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քշուող սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առնչութիւնը` Արցախի խնդրին հետ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի իշխանութիւնը զգուշացուցած էր, որ այս պատրուակի տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, որով կրնայ թաղուիլ Արցախի հարցը: Արցախը պէտք է մնայ համաշխարհային ուշադրութեան առարկան. Արցախի կարգավիճակը ճշդուած չէ, եւ այդ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին մէջ պէտք չէ զոհել անոր ապագան:
Մենք աշխատելու ենք, որ վերականգնի Մինսքի համանախագահող եռեակի բանակցային գործընթացը, որպէսզի շեշտաւորուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, եւ բացառուի Թուրքիոյ առաւել ներթափանցումը Հարաւային Կովկասէն ներս:
Երկրորդը վերաթարմացուող կծիկն է հայ-թուրքական յարաբերութիւններու բանակցութեան, որուն անխոհեմաբար դիմեց Հայաստանի իշխանութիւնը` հակառակ պարտութեան առթած աննպաստ պայմաններուն եւ տկար դիրքերուն: Մենք ունեցած ենք 2008-2009 տարիներու ահաւոր փորձառութիւնը, երբ հայ-թուրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ համակարգել այդ յարաբերութիւնները:
Մեզի համար ներկայ հայ-թուրքական որեւէ բանակցութիւն հաշտեցման չի կրնար առաջնորդել: Կարելի է ապագային պատկերացնել յարաբերութիւններու բնականոնացման հնարաւորութիւն, սահմաններու բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ, սակայն` առանց որեւէ նախապայմանի ու զիջումի: Իսկ հայ-թուրք հաշտեցում կարելի է ակնկալել միայն այն ատեն, երբ Թուրքիա ճանչնայ հայոց դէմ իր գործած ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ հատուցումներ:
Մեր ժողովուրդին պիտի շարունակենք բացատրել, որ Թուրքիան ինքն է միակողմանիօրէն փակած Հայաստանի հետ իր սահմանը ու ինքն ալ կրնայ վերաբանալ զայն` առանց որեւէ գին պահանջելու Հայաստանէն: Ինչպէս 2008-2009 թուականներուն, այսօր ալ մենք խնդիր ենք դրած, որ նախապատրաստուինք այդպիսի հնարաւորութեան համար: Անցեալին հայեցակարգ էինք մշակած ու տրամադրած կառավարութեան` նշելով այն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններն ու այլ քայլերը, որոնց պէտք է ձեռնարկէ Հայաստանը` չէզոքացնելու համար հասարակա-տնտեսական եւ քաղաքական հաւանական ժխտական հետեւանքները, երբ սահմանները բացուին: Յամենայն դէպս ոչ մէկ բնականոնացում արտօնելի է, եթէ զոհ պիտի տրուին Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան մեր իրաւունքները:
Այսօր միայն Հայաստանի իշխանութիւնները դրական նախանշաններ կը նկատեն Թուրքիոյ կեցուածքին մէջ, բայց իրենցմէ զատ որեւէ լուրջ ուժ դրական տեղաշարժ կամ բարեացակամ միտում չի տեսներ մեր դարաւոր թշնամիի կեցուածքներուն մէջ. ընդհակառա՛կը, մենք ականատեսն ենք, որ Թուրքիան ոչ միայն առաջ կը քաշէ նախկին նախապայմանները, այլ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն ալ հիմա աւելցուցած է այդ ցանկին: Մեզի համար յստակ է, որ պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում այս հանգրուանին:
Իսկ երրորդը այն է, որ Հայաստանի գերիշխանութիւնը վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը պէտք եղած ձեւով չի մտահոգեր մեր իշխանութիւնները:
Մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է, մենք ըսած էինք, որ Արցախը այն պաշտպանական գիծն է, որ ո՛չ միայն կ՛ապահովէ իր անվտանգութիւնը, այլեւ կը պաշտպանէ նոյնինքն Հայաստանի սահմանները: Որքան ճիշդ դուրս եկաւ այդ հանգամանքը. այսօր շատ աւելի մեծցած են այդ սահմաններուն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան խնդիրները: Իսկ մեր թշնամիները, որոնց ախորժակները գրգռուած են Արցախի հանդէպ ունեցած իրենց «յաջողութիւններու» բերումով, այս օրերուն թիրախաւորած են նաեւ Հայաստանը, մանաւանդ` Սիւնեաց աշխարհը:
Կարելի չէ լուռ մնալ մեր համահայկական եւ հայրենի մարտահրաւէրներու այս հոյլին հանդէպ: Մենք սոթտած ենք մեր թեւերը եւ անցած` շարունակական աշխատանքի, ինչպէս` պատերազմէն առաջ, ինչպէս` պատերազմին ընթացքին, այնպէս ալ` պատերազմէն անմիջապէս ետք:
Արցախահայութիւնը, թէկուզ` վիրաւոր, սակայն իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ մնալը բացառելու գործին է լծուած: Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր ուժերը, որպէսզի Արցախի Հանրապետութեան վճռակամութիւնը պահպանուի, հայկական հողին խառնուած արիւնը տայ իր արգասիքը, եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները:
Սփիւռքը եւս մէկ մարդու նման պիտի փարի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարի թուրքա-ազրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց` ոչ անկարելի: Ի վերջոյ, բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ո՛չ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ կերտած` մեծ յաղթանակներ:
Մենք նաեւ սփիւռքի վերաթարմացման եւ վերաշխուժացման հրամայականին դէմ յանդիման ենք կանգնած: Եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կը ծրագրենք կարճաժամկէտ եւ երկար շունչի վրայ նախաձեռնութիւններ:
Սիրելինե՛ր,
Այսօր ներազգային առումով անհրաժեշտ է գոյացնել ազգային նկարագիր ունեցող հայրենի, սփիւռքեան եւ համահայկական ողջ ուժերու համախմբում` ի պաշտպանութիւն հայրենիքի եւ ընդդէմ շարունակուող պարտուողական ու յանձնուողական դիրքորոշումներուն: Պէտք է շարունակել պայքարը հայութեան շահերը պաշտպանելու անկարող Հայաստանի իշխանութիւններու հեռացման համար, որպէսզի նոր մօտեցումներով ու աւիշով կարողանանք դիմադրել թշնամիներու գրոհին եւ վերականգնել մեր արտաքին բարեկամներու հետ իսկական գործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ: Պարտինք պայքարիլ հայրենի պետականութեան հիմքերը եւ սփիւռքեան կազմակերպ կառոյցները քայքայող Հայաստանի իշխանութեան բոլոր քայլերուն դէմ. իշխանութիւն մը, որ յարատեւ միակողմանի զիջումներու գացող է թշնամիներու առաջ, իսկ միաժամանակ անզիջող քանդիչ եւ բաժանարար սեւ գործին է լծուած ներազգային ճակատի վրայ:
Իսկ արտաքին ճակատի վրայ անհրաժեշտ է վերականգնել մեր դաշնակիցներու ու բարեկամ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու մակարդակը եւ հաստատել փոխադարձ վստահութիւն: Հայաստանի յարաբերութիւններուն որակը Իրանի հետ էական նշանակութիւն ունի մեզի համար. ՀՅԴ-ն խիստ դրական կը գնահատէ Իրանի կարեւոր դերը տարածաշրջանին մէջ, ուր գործընթացները մեծ մասամբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Իրանի համար ի նպաստ չեն ընթանար. մեր հայրենիքն ու Իրանը ունին շատ հասարակաց շահեր եւ միեւնոյն թշնամիները. էական է այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել ու զարգացնել:
Կրկնելու գնով հաստատենք, որ Արցախի հիմնահարցը պարտինք պահել միջազգային ուշադրութեան առարկայ եւ շարունակաբար շեշտաւորել անոր ինքնորոշման իրաւունքը: Միաժամանակ պարտինք աշխարհին առջեւ քողազերծել Ազրպէյճանի ցեղասպան մտադրութիւնները Արցախը հայաթափելու եւ բռնի ուժով անոր պարտադրելու իր կամքը:
Հայրենի պետականութիւնը եւ անվտանգութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէքներ են: Ամէն զոհողութիւն արդարացուած է պաշտպանելու համար մեր հայրենիքի մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը եւ վերականգնելու Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Մենք ներկայ կորուստները կը նկատենք ժամանակաւոր: Մենք համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան եւ արիութեան վերադրսեւորումներուն:
Որովհետեւ մեր պայքարը արդար է ու վախճանը կրնայ ըլլալ միայն յաղթանակ: