Մեր նպատակն է 50 հազար ստորագրութիւն հաւաքել ՄԱԿ-ին հասցէագրուած Պահանջագրին համար. ՀՅԴ ԱԳՈՄ-ի անդամ Արամ Շուժունեան

«ՀՈՐԻԶՈՆ»ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Գանատայի «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան (ԱԳՈՄ) անդամ եւ Մոնթրէալի Համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետ Ընկեր Արամ Շուճունեանի հետ։

Հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Ապրիլ 24-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան կազմակերպութեամբ, եւ Գանատայի Հայ ուսանողական միութեանց մասնակցութեամբ, առցանց պահանջագրի կայքի հիմնման մանրամասները, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերրեսէն կը պահանջէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։

Նշենք, որ պահանջագրին մէջ կը նշուի, որ 2020-ի նոյեմբերին Արցախի դէմ շղթայազերծուած ատրպէյճանական պատերազմին աւարտէն ի վեր, ատրպէյճանական կողմը կը հրաժարի համագործակցիլ հայկական կողմին հետ՝ ռազմագերիներու հայրենադարձութիւնը իրականացնելու համար:

Պահանջագիրը կը յիշեցնէ որ Ատրպէյճանը խախտած է Միջազգային մարդասիրական եւ զինեալ հակամարտութիւններու օրէնքը՝ «Ռազմագերիներու նկատմամբ վերաբերմունքի գծով երրորդ պայմանագրութեան» 4-5-13-րդ յօդուածը (1949), որ յստակօրէն կը սահմանէ, թէ ով կը նկատուի ռազմագերի եւ նոյն պայմանագրով պաշտպանութեան ենթակայ են բոլոր այն ռազմագերիները, որոնք անմարդկային վերաբերմունքի կ՚ենթարկուին ռազմական գործողութիւններէն ետք։

ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներու հայ ռազմագերիներու հարցով ՄԱԿ-ին ուղղուած պահանջագիր-ստորագրահաւաքը կը միտի՝ ապօրինի ձերբակալուած հայ զինուորներու ազատ արձակումն  ու անոնց ողբերգութեան առնչութեամբ միջազգային իրազեկութիւնը ապահովել, նպատակադրելով, որ պահանջագիր- միջնորդագիրը ունենայ 50,000 ստորագրութիւն՝ 24 օրուան ընթացքին:

«Արդէն իսկ վեց ամիս անցած է Արցախի պատերազմէն եւ Հայաստանի իշխանութիւնները ճիգ չեն թափեր ու ճիշտ չեն օգտագործեր Արտաքին Քաղաքականութիւնն ու մարդկային իրաւանց միջացգային կառոյցները, ազատագրելու համար Հայ ռազմագերիները։ Ըստ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Հայաստանի ներկայացուցչութեան տուեալներուն, Պաքու ապօրինի կերպով կալանքի տակ կը պահէ 240 հայ ռազմագերիներ, որոնցմէ 90 տոկոսը ունին լուսանկարչական և կամ տեսանիւթերով փաստեր, զորս կը հաստատեն, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը գերեվարած են այդ անձերը»:

Ստորագրահաւաքին մասնակցիլ այս յղումով

https://www.change.org/…/ant%C3%B3nio-guterres-demand…

 

 

 

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.