Մենք Պիտի Պայքարինք Արցախի Ինքնորոշման եւ Ժողովուրդի Տնտեսական Վիճակը Բարելաւելու Համար. ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Ներկայացուցիչ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Յունուար 25-ին կայացած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանի հանդիպումէն ետք, Artsakhpress.am-ը զրուցած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ։
Խօսելով ՀՅԴ ընդհանուր ժողովի Արցախի մէջ իրականացման մասին՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան ըսած է, որ անիկա ինքնին ունի պատմական առաքելութեան նոր թափ տալու յստակ միտում:
Տէր-Խաչատուրեանի խօսքով՝ Դաշնակցութիւնը սերտ համագործակցութեան մէջ է ԱՀ իշխանութիւններուն հետ:
«ԱՀ նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք ՀՅԴ անցեալին, ներկային եւ ապագային վերաբերող շարք մը հարցեր: Կը վստահեցնեմ, որ մեր համագործակցութիւնը, առաջադրած ծրագիրները միշտ ալ պիտի ըլլան Արցախի իշխանութիւններուն համահունչ: Արցախը, ըստ պատշաճի, կարեւոր շրջափուլ կը մտնէ 2020-ի ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար: Մենք կը փափաքինք, որ Դաշնակցութիւնը Արցախի կառոյցով եւ համահայկական ուժերով զօրավիգ կանգնի ԱՀ քաղաքական, տնտեսական, ներդրումային եւ այլ ուղղութիւններուն: Այս ժողովով մեր համահայկական բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներով՝ մէկ անգամ եւս հաստատեցինք, որ մենք պիտի պայքարինք Արցախի ինքնորոշման եւ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար: Բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ Արցախը համայն հայութեանն է»,-մասնաւորապէս ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը: