«Այսօր, եթէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը կ՛այցելէ Ուաշինկթըն, անոր մէջ մեծ ներդրում ունի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Եթէ քանի մը տարի առաջ Ամերիկայի մէջ Արցախի բարեկամները Արցախի Հանրապետութեան նախագահին խորհուրդ կու տային, որ ձեր ներկայութիւնը ցանկալի չէ, օգտակար չէ, արդիւնաւէտ չէ, եւ քանի մը տարի ետք փաստ կ՛արձանագրուի, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ո՛չ միայն կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք, այլ օրէնսդիր կառոյցի շէնքին մէջ ելոյթ կ՛ունենայ, ատիկա արդէն փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ: Ասիկա ինքնին փոփոխութեան մը արդիւնք է, եւ տեւական աշխատանքի օղակ է», անդրադառնալով նախագահ Բակօ Սահակեանի` Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան` ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Անդրադառնալով հայ-թրքական չեղեալ հռչակուած արձանագրութիւններուն` Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ յառաջիկային անկարելի է սպասել նոր փաստաթուղթի. «Նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ եթէ Թուրքիան կը սպասէ այլ պայմաններու, այլ պայմաններուն մէջ այս փաստաթուղթերը պիտի չըլլան, այլ պայմաններու մէջ այլ փաստաթուղթերու մասին այլ բանակցութիւններ պիտի ըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ մինչեւ 2019 թուականի Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները ոչինչ պիտի շարժի, որովհետեւ այս բոլորին պատասխանատուն Թուրքիան է: